Թորոս Թորանեանի հինգ նոր գիրքերը

բագրատ էսդուգեան

Առանց վարանումի կարելի է ըսել որ հալէպահայ անուանի մտաւորական բժիշկ Թորոս Թորանեան հայկական սփիւռքի իրողութեան մէջ մեր ժամանակներու ամենաբեղուն գրիչներէն մէկը կը համարուի։

Ուշ սկսած, ուշ աւարտած բժշկական մասնագիտութիւնը թէեւ հոգաց իր ապրուստը, բայց նախասիրութեան բերմամբ միշտ մնաց երկրորդ գծի վրայ։ Նախապատուութիւնը միշտ գրականութեան պատկանեցաւ։ Թորանեան քանի մը տարիներ առաջ կը յայտարարէր որ իր հեղինակած կամ խմբագրած գիրքերուն թիւը արդէն անցած է հարիւրը։

Թորոս Թորանեան հեղինակ մը ըլլալով հանդերձ նուիրեալ մեծ ծառայութիւն բերած է ուրիշ հեղինակներու վաստակին ընթերցողներու հասնելու գործին մէջ։ Իր այդ նուիրումը սահմանուած չէ միայն գրողներով։ Գեղարուեստական, մշակութային, քաղաքական, հասարակական բնագաւառներու մէջ ներդրում ունեցողներու մտային արտադրութիւնը շատ անգամ ուրիշներուն ծանօթ եղաւ Թորանեանի գրչին միջոցաւ։

Եթէ սփիւռքի հայութիւնը շատ անգամ զուրկ է պետական հովանիէն, ահա այդ զրկանքը չէզոքացնելու, ստեղծագործ միտքը քաջալերելու շատ կարեւոր առաքելութիւնը վիճակեցաւ Հալէպի այս համեստ մշակին։ Հազիւ թուղթի վրայ տեսնելով է որ կ՚անդրադառնանք այս բացատրութեան իրաւացիութեան։ «Հալէպի համեստ մշակը» որակաւորումը խիստ կը պատշաճի Թորոս Թորանեանին, քանի որ իր նուիրեալ ծառայութեան առաջին օղակը եղաւ Հալէպ, հալէպահայութիւնը։ Այդ օղակը հետզհետէ ընդլայնեցաւ, ջուրին նետուած քարի մը նման յառաջացուց նոր օղակներ եւ ծաւալեցաւ հայ մարդու գտնուած բոլոր ափերուն։

Եթէ հարազատութեան առումով առաջին օղակ պիտի համարենք Հալէպը, երկրորդ օղակը Հայաստանն է, բժշկական ուսում ստացած Երեւանը, Պետական համալսարանը իր լսարաններով, նոյնիսկ հանրակացարանով։ Երիտասարդ ուսանողի անմիջական ընկերային շրջանակը կազմուած էր այդ կորիզին շուրջ։

Կար մի ուրիշ հարազատ միջավայր, որ կապուած էր Թորանեանի պատանութեան տարիներուն հետ։ Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնն է այդ միջավայրը։ Կրթօճախ՝ որ իր դրոշմը դրած է արժանի սանին պատրաստութեան մէջ։

Թորանեան 2016-ին Երեւանին մէջ հրատարակեց 52 էջանոց գրքոյկ մը ուր կ՚անդրադառնար Մելգոնեանի երկու արժէքաւոր սաներու՝ գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի եւ գրող Կարպիս Սուրէնեանի վաստակներուն եւ անոնց մտերմութեան մէջ իր յիշատակներուն։

Թորանեան «Մելգոնեանցի մը՝ երկու մելգոնեանցիներու մասին» անուն գրքոյկը կը նուիրէ Սիտնիաբնակ իր բարեկամներուն Սարգիս եւ Լիւսի Արոյեաններուն։

Թորանեանի գրականութիւնը դիւրահաղորդ է։ Ընթերցողը դիւրաւ կը թափանցէ իրեն մատուցուած պատումին։ Կը բաժնէ իրեն անծանօթ մարդկանց յուզումները, ուրախութիւնները, հոգերը։

Դարձեալ 2016-ին Երեւանի մէջ հրատարակուած 80 էջանոց գրքոյկ մը, այս անգամ «Հրանտ Մաթեւոսեանը եւ ընթերցողները» խորագիրով։ Թորանեան առաջին տողով իսկ կը զգուշացնէ ընթերցողը «Չկարծէք՝ յանկարծ, որ Հրանտ Մաթեւոսեանի մասին յուշեր գրելու կը պատրաստուիմ» ըսելով։ Այս անգամ փոխանակ յուշեր փոխանցելու, տպաւորութիւններ է, որ ընթերցողին կը մատուցէ Հրանտ Մաթեւոսեանի գրական խորհուրդներու վերաբերեալ։ Սակայն այս հիմնական յատկութեան մէջ եւս տեղ կայ յիշատակներուն կը տողանցեն բազմաթիւ անուններ, որոնք պատկերացում ալ կը պատճառեն պատմուած նիւթին վերաբերեալ։ Ինքնաքննադատութեան համով օրինակ մը ահա, որ կը վերագրուի Յակոբ Յակոբեանի, «Մի տարածուիր, խտացուր խօսքերդ»։ Սակայն որքա՞ն արդար է այս քննադատութիւնը։ Պարզ հասցէ մը բացատրելու պահուն իսկ, վերյիշել ուսանողական տարիներու իր բնակարանը եւ հասցեն բացատրել այդ հիման վրայ։ Ահա Թորանեանի յատուկ երեւոյթ մը որ ընթերցողին երեւակայութիւն կը ներշնչէ ընթերցման պահուն իսկ։

Չէ՝ որ խօսած էինք 2016-ի բեղուն արտադրութեան շուրջ, ահա նոյն թուականով լոյս տեսած երրորդ հատոր մը՝ «Ակնարկներ Դոկտ. Պրօֆ. Սուրէն Դանիէլեանի եւ «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կենտրոնի աշխատութիւններուն շուրջ»։

Պոլսահայ գրական շրջանակներու ծանօթ ակադեմական մըն է Սուրէն Դանիէլեան։ Ան մասնագէտ է Պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան եւ հեղինակած է շատ մը ուսումնասիրութիւններ արձակագիր Ռոպէր Հատտէճեանի, բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի եւ այլոց մասին։ Դանիէլեան որպէս կրթական մշակ միջոցէ մը ի վեր կը վարէ իր ջանքերով հիմնուած Սփիւռք Գիտաուսումնական Կեդրոնը։ Այս հաստատութեան կարեւոր առաքելութիւնը կը համարուի սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնը։ Խիստ կարեւոր նիւթ մըն է այս, քանի որ արեւելահայերէն-արեւմտահայերէնի տարանջատման վրայ բարդուած դասական-աբեղեանական ուղղագրական կանոններուն պատճառած հակասութիւնով զգալի օտարութիւն մը գոյացած է Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ։ Այդ օտարութենէն ամենաշատ կ՚ազդուին հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչները։ Այս առումով ալ Փրոֆ. Դանիէլեանի վարած դասընթացքը կը փորձէ մասնահատուած գրականութիւնը ծանօթ դարձնել սփիւռքի ուսուցիչներուն։ Անգամ մը եւս առանց վարանումի կրկնենք թէ, Թորանեան Դանիէլեանի գործը գնահատելով կը շարունակէ իր անուան հետ նոյնացած երախտագիտութեան աւանդը։

Սոյն աւանդի դրսեւորման օրինակ մը ըլլալով կը յայտնուի 130 էջերէ բաղկացող եւս գիրք մը «Հարցազրոյցներ՝ Սուրիոյ մէջ դուրսէն պարտադրուած պատերազմին հետեւանքով ՀՀ-ի կողմէ սիրով ընդունուած հայերու հետ»։

Համաշխարհային հայութեան համար վերջին տարիներու ամենացաւալի իրադարձութիւնը եղաւ Հալէպի կործանումը։ Սարսափի համայնապատկերի մը մէջ փճացաւ Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն հայ օրրաններէն մէկը։ Հալէպի մէջ հայոց պատմական անցեալը Մեծ եղեռնին յաջորդող տարիներուն բազմաթիւ գաղթականներու ներխուժումով վերածուեցաւ սփիւռքի կեդրոնի մը։ Հալէպ Պէյրութի հետ միասին արեւմտահայերէնի ալ ամուր ամրոցներէն մէկը կը հանդիսանար։ Կործանիչ պատերազմի հետեւանքով հալէպահայութեան կարեւոր մէկ հատուածը ակամայ լքեց իր երկիրը եւ ցրուեցաւ աշխարհի չորս ծագերով։ Այդ ցրուածներէն մէկ մասը ապագայ կը որոնեն Հայաստանի մէջ, դիմագրաւելով բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ դժուարութիւններ։ Սակայն ի դէմ այս բոլորին, Հայաստան ապաստանած հալէպահայերը կը վայելեն սեփական երկրի քաղաքացի ըլլալու պատուաբեր ապահովութիւնը։ Ընկերային կամ տնտեսական ինչպիսի յատկութիւններով ալ օժտուած ըլլան, այլ երկիրներ գաղթողները զուրկ են այս ապահովութենէն։ Թորոս Թորանեան ինք ալ կը գիտակցի այս իրողութեան եւ այդ գիտակցութեան տեղադրած հաստատ կամքով կը զրուցէ իր երբեմնի համաքաղաքացիներուն հետ։

Մեր սիրելի բարեկամին 2016-ի առաջին ամիսներուն Երեւանի մէջ լոյս ընծայած գիրքերու 5-րդը նիւթ կ՚առնէ վիպագիր, արձակագիր Անահիտ Թոփչեանը։ Իրականութեան մէջ գիրքը գրախօսական մըն է  Անահիտ Թոփչեանի «Lady S.D.F», «Հայելի», «Փսիները եւ փսիխոպատները», «Մոլոդրամաներ» պատմուածներու հաւաքածոներուն եւ «Անհետացում», «Տաքնապ» վէպերուն։ Թորանեան 120 էջերու մէջ յատուկ բաժին մը յատկացուցած է «Անահիտ Թոփչեանի մասին» խորագիրով եւ նշած է նաեւ անոր Ֆրանսերէնէ կատարած թարգմանութիւնները։

«Ակօս»ի խմբագրութեան համար մակագրուած այս հինգ հրատարակութիւնները ապացոյցն են 90-ամեայ Թորանեանի դալար գրչին, պայծառ մտքին եւ արտադրելու հիանալի կորովին։ Մեզ կը մնայ ողջունել իր նուիրեալ վաստակը եւ արեւշատութիւն մաղթել կեանքի մնացեալ տարիներուն համար։