Պատկերին ու պատումին խորութիւնը

սեւան տէյիրմենճեան

Մարկ Նշանեան (ծն. 1946, Փարիզ) անծանօթ անուն մը չէ պոլսեցի ընթերցողներուն համար։ Հայ թէ թուրք, հաւասարապէս, կը կարծեմ։ Երկար միջոց մը Պոլիս բնակելով ու «Սա­պան­ճը» հա­մալ­սա­րանէն ներս դա­սախօ­սելով՝ բազ­մա­պատ­կած է ալ իր ծա­նօթ­նե­րուն շրջա­նակը, որ նախ­քան այդ բնա­կու­թիւնը կը սահ­մա­նափա­կուէր միայն իր հրա­տարա­կու­թիւննե­րուն ծա­նօթ սա­կաւա­թիւ մար­դոցմով։ Թրքե­րէնով իր­մէ ու­նինք Edebiyat ve Felaket («Իլե­թիշիմ» հրատ., Այ­շէ­կիւլ Սէօն­մե­զայի թարգմա­նու­թեամբ, Պո­լիս, Նո­յեմ­բեր 2011) հա­տորը, ինչպէս նաեւ հա­յերէ­նով գրո­ւած յա­ռաջա­բանը՝ Զա­պէլ Եսա­յեանի «Աւե­րակ­նե­րուն մէջ»ի պոլ­սա­կան հրա­տարա­կու­թեան («Արաս» հրատ., Պո­լիս, Մարտ 2010) ու Զա­ւէն Պի­պեռեանի «Մրջիւննե­րու վեր­ջա­լոյ­սը»ի («Արաս» հրատ., Պո­լիս, Հոկտ. 2007) աւար­տին «Յա­ռաջ»ի «Միտք եւ արուեստ»էն ար­տատպո­ւած մէկ յօ­դուա­ծը՝ վէ­պին ու հե­ղինա­կին մա­սին։

Գրա­կանու­թեան առնչո­ւած, պի­տի ըսէի՝ թաթ­խո­ւած, ըլ­լա­լով հան­դերձ (թե­րեւս աւե­լի քան այլ կա­լուա­ծի մը), Մարկ Նշա­նեան իմաս­տա­սէր մըն է էու­թեամբ ու կո­չու­մով։ Հոս­կէ ալ կը բխի գրա­կանու­թեան հան­դէպ ու­նե­ցած իր լուրջ ու գի­տակից մօ­տեցու­մը։ Օշա­կանի, Զա­րեանի, Եսա­յեանի, Որ­բունիի, Չա­րեն­ցի, Մա­հարիի, Պըլ­տեանի ար­տադրան­քին նկատ­մամբ հե­տաքրքրու­թիւնը կը բխի  իմաս­տա­սիրա­կան իր խնդիր­նե­րուն, հար­ցադրումնե­րուն պա­տաս­խաններ որո­նելու յստակ նպա­տակէ մը, որ կը վա­նէ ամէն տե­սակ պա­տահա­կանու­թիւն։

Ստո­ւարա­ծաւալ գիր­քը (496 էջ), զոր ան կը դնէ մեր սե­ղանին, իմաս­տա­սիրու­թեան ու արո­ւես­տի, նա՛եւ գրա­կանու­թեան, միահիւս հար­ցե­րու քննար­կում մըն է։ «Պատ­կեր Պա­տում Պատ­մութիւն. փի­լիսո­փայա­կան բա­րեկա­մու­թիւն մը» գիր­քին առա­ջին հա­տորը հրա­տարակուած է Երե­ւանի մէջ, «Ակ­տո­ւալ Արո­ւեստ»ի ու «Յով­հաննի­սեան» հա­սարա­կական հե­տազօ­տու­թիւննե­րու հիմ­նարկին կող­մէ՝ «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հաս­տա­տու­թեան աջակ­ցութեամբ։

Հա­տորը կը պա­րու­նա­կէ երեք ու­սումնա­սիրու­թիւն։ Ինչպէս հե­ղինա­կը կը պատ­մէ նա­խաբա­նին մէջ, առա­ջինը՝ «Ինքն իր պատ­կե­րը...», Քա­րոլ Ֆե­քեթէ (Carole Fékété) լու­սանկա­րիչ-արո­ւես­տա­գիտու­հիի պատ­կերնե­րէն մեկ­նե­լով, կը հան­դի­պի Մո­րիս Պլան­շո­յի 1955-ի «Գրա­կան տա­րած­քը» գիր­քին մէջ հրամ­ցո­ւած պատ­կե­րի եւ «պատ­կե­րակա­յու­թեան» շուրջ մտո­րումնե­րուն, ու կը բա­ցատ­րէ, թէ 1948-էն («Մա­հավ­ճի­ռը») մին­չեւ 1957 («Վեր­ջին մար­դը») Պլան­շօ վե­րապ­րո­ղի կեր­պա­րին շուրջ կա­տարած է երե­ւու­թա­բանա­կան ան­նա­խըն­թաց աշ­խա­տանք մը վե­րապ­րո­ղի կեր­պա­րին շուրջ։ Երկրոր­դը՝ «Պատ­մութեան զգա­ցողու­թիւնը», Ժաք Տե­րիտա­յի հետ­քե­րուն վրայ կ՚անդրա­դառ­նայ Պլան­շո­յի 1949-ի «Պա­տո՞ւմ մը» վեր­նագրո­ւած (եւ 1973-ին «Օր-ցե­րեկո­ւան խե­լագա­րու­թիւնը» վե­րանո­ւանո­ւած) վի­պակին ու այդ վի­պակին մէջ récit բա­ռին յա­րու­ցած թարգմա­նական դժո­ւարու­թիւննե­րուն։ Եր­րորդը՝ «Ան­մարդկա­յինի փոր­ձընկա­լու­մը» նո­ւիրո­ւած է Ժորժ Պա­թայ­լի գոր­ծին, իր ամ­բողջու­թեամբ նկա­տի առ­նո­ւած։ Հա­տորի վեր­ջա­ւորու­թեան կայ յա­ւելո­ւած, ուր տրո­ւած են Քա­րոլ Ֆե­քեթէի լու­սանկար­նե­րէն նմուշներ, Ժորժ Պա­թայ­լէն «Կո­նային աչ­քը», «Ան­վերնա­գիր» գոր­ծե­րը, քա­ղուածքներ՝ «Ներ­քին փոր­ձընկա­լու­մը» հա­տորէն, Մո­րիս Պլան­շո­յէն «Գրա­կան տա­րած­քը» հա­տորէն քա­ղուածքներ։ Թարգմա­նու­թիւննե­րը կա­տարած է Մարկ Նշա­նեան։

Նիւ­թը ինքնին հե­տաքրքրա­կան է, կը պար­զէ նոր հո­րիզոն­ներ՝ մա­նաւանդ երբ նկա­տի առ­նենք, որ արեւմտա­հայե­րէնով նման գրա­կանու­թիւն կար­դա­լու հնա­րաւո­րու­թիւն գրե­թէ չկայ այ­սօր։ Այս առու­մով պէտք է ընդգծել նաեւ Մարկ Նշա­նեանի կա­տարած աշ­խա­տան­քը. գիր­քին երեք բա­ժանումնե­րը, ինչպէս կը վկա­յէ հե­ղինա­կը, 2010 եւ 2013 թո­ւական­նե­րուն մի­ջեւ գրի առ­նո­ւած են՝ սկզբնա­պէս կամ հա­յերէն, կամ ֆրան­սե­րէն։ Այս երեք բա­ժին­նե­րու նիւ­թե­րը անգլե­րէնով դա­սաւան­դո­ւած են նոյն տա­րինե­րուն «Սա­պան­ճը» հա­մալ­սա­րանին մէջ ալ, ինչպէս նաեւ եղած են ֆրան­սե­րէն ու անգլե­րէն այլ դա­սախօ­սու­թիւննե­րու նիւթ՝ Լոս Ան­ճե­լըսի ու Փա­րիզի մէջ։ Հե­ղինա­կը անընդհատ թարգմա­նած է ինքզինք... Հուսկ արեւմտա­հայե­րէն հրա­տարա­կու­թեամբ մը ամ­բողջաց­նե­լով ար­տադրու­մի հանգրո­ւան մը։

Ժա­մանա­կակից փի­լիսո­փայա­կան միտ­քը հա­յերէ­նով, մա­նաւանդ արեւմտա­հայե­րէնով մա­տու­ցել պա­տաս­խան մըն է նաեւ բո­լոր անոնց, որոնք զայն իջե­ցուած տես­նե­լով մա­մու­լի լե­զուի մա­կար­դա­կին՝ ան­խուսա­փելիօրէն կը մտա­ծեն, թէ ոչինչ կա­րելի է ար­տադրել արեւմտա­հայե­րէնով, մա­նաւանդ՝ փի­լիսո­փայու­թիւն։ Հա­տորը օժ­տո­ւած է հա­կիրճ բա­ռարա­նով մը, ուր Նշա­նեան գիր­քին մէջ գոր­ծա­ծած բա­ռերուն, իմաս­տա­սիրա­կան եզ­րե­րուն շուրջ կու տայ տե­ղեկու­թիւններ։ Ար­դի փի­լիսո­փայա­կան աւան­դութե­նէն հե­ռու մնա­ցած լե­զուի մը հա­մար այսպէ­սով կա­րեւոր ծա­ռայու­թիւն մը կ՚ընէ ան՝ առա­ջար­կե­լով նոր բա­ռեր կամ դա­սական գոր­ծա­ծու­թե­նէն տար­բեր ձե­ւեր։

Հա­տորին Հա­յաս­տա­նի մէջ տպագ­րութիւ­նը հե­ղինա­կը դրած է օտար անձնա­նուննե­րու եւ տե­ղանուննե­րու ուղղագ­րութեան ան­լուծե­լի հար­ցե­րուն դէմ յան­դի­ման։ Որ­պէս լու­ծում, Նշա­նեան հե­տեւած է հա­յերէ­նի տա­ռադար­ձութեան դա­սական օրէնքնե­րուն, այ­սինքն հե­ռացած է արեւմտա­հայե­րէնի հնչիւ­նա­կար­գէն, միաժա­մանակ հա­ւատա­րիմ մնա­լով Պոլ­սէն եւ Մխի­թարեան­նե­րէն ժա­ռան­գո­ւած ձե­ւերուն։ Այս մա­սին արո­ւես­տա­բան Վար­դան Ազատեան կա­տարած է տե­ղին նշում մը, հա­տորին Երե­ւանի մէջ կա­յացած շնոր­հանդէ­սի բաց­ման.  «Ժա­մանա­կակից միտ­քը միաժա­մանակ կը հաս­տա­տուի կոր­սո­ւած աւան­դոյթի գո­յու­թեան հաս­տատմամբ, այդ հաս­տատման անհնա­րինու­թեան գի­տակ­ցումով։ Մարկ Նշա­նեանի հա­մար կը կար­ծեմ շատ կա­րեւոր է վե­րահաս­տատման արար­քի անհնա­րինու­թեամբ իսկ այդ արար­քը ընել եւ ու­րեմն արար­քը դարձնել իր իսկ ժես­թը, իր իսկ պատ­կե­րը, որու մա­սին է գիր­քը»։

Գիր­քը յանձնա­րարե­լի է բո­լոր անոնց, որոնք կը հե­տաքրքրո­ւին փի­լիսո­փայութեամբ, Մո­րիս Պրալ­շո­յի, Ժորժ Պա­թայ­լի գրականութեամբ, ինչպէս նաեւ պատ­կե­րի, պա­տումի ու պատ­մութեան խնդիր­նե­րով։

«Պատկեր Պատում Պատմութիւն -փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը», հատոր Ա
Մարկ Նշանեան
Երեւան, 2015
«Ակտուալ Արվեստ», «Հովհաննիսյան ինստիտուտ»
496 էջ