Գաւառը իր 50-ամեայ հոգերով

վարդան էսդուգեան

«Ո ւ Ես Կ՚եր­թամ»էն ետք «Արաս» հրա­տարակ­չութիւ­նը լոյս ըն­ծա­յեց Շա­ւարշ քա­հանայ Պա­լըմեանի ճա­նապար­հորդու­թիւննե­րու երկրորդ յու­շագրու­թիւնը՝ «Գա­ւառէն Ձայ­ներ»ը։

Սոյն եր­կու գիր­քե­րուն մէջ մէկ­տե­ղուած յօ­դուած­նե­րը նա­խապէս հրա­տարա­կուած էին Պոլ­սոյ հա­յերէն օրա­թեր­թե­րու, «Մար­մա­րա» եւ «Ժա­մանակ»ի մէջ, թեր­թօ­նի ձե­ւով։ Ար­դա­րեւ «Ու Ես Կ՚եր­թամ»ի մէջ մէկ­տե­ղուած էին Տէր Շա­ւար­շի «Մար­մա­րա» թեր­թին մէջ հրա­տարակուած գրու­թիւննե­րը։ «Գա­ւառէն Ձայ­ներ»ու մէջ ալ ի մի բե­րուած են «Ժա­մանակ»ի էջե­րուն վրայ լոյս տե­սած գրու­թիւննե­րը։

Հան­րա­պետու­թեան շրջա­նի թրքա­հայ իրո­ղու­թեան մէջ խիստ սա­կաւա­թիւ մնա­ցին գա­ւառի հա­յոց զրկանքնե­րուն, տա­ռապանքնե­րուն, ապ­րած դժո­ւարու­թիւննե­րուն հա­մար հո­գածու­թիւն ցու­ցա­բերող­նե­րը։ Տի­րող հո­գեբա­նու­թիւնը եր­կար տա­րիներ թոյլ չէ տո­ւած ետ նա­յելու։ Թու­րի, սո­ւինի շու­քին տակ պո­կուած ենք հայ­րե­նի երկրէն եւ այժմ մեր դի­մաց ծա­ռացած է նոր մար­տահրա­ւէր, հա­մակեր­պիլ ու յաղ­թա­հարել այս օտար ու մեծ քա­ղաքի պար­տադրած բազ­մաբնոյթ դժո­ւարու­թիւննե­րը։ Ան­գոյ հա­մարած ենք հայ­րե­նի հո­ղին վրայ գո­յատե­ւելու յա­մառող­նե­րը։ Նոյ­նիսկ մե­ղադ­րած ենք իրենց այդ կամ­քը։ Ի վեր­ջոյ հան­րա­պետա­կան կա­ռավա­րու­թիւննե­րու ճնշումնե­րը աւե­լի ծանր եղած են կեդ­րո­նախոյս այս հա­մայնքնե­րուն վրայ։ Չու­նե­նալով յստակ ռազ­մա­վարու­թիւն, միակ լու­ծումը գտած ենք Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի մէջ գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կող հա­յու բե­կոր­նե­րուն տե­ղահան­ման մէջ։ Լուծման սպառ­նա­լիքին դի­մաց չենք կրցած ու­րիշ մի­ջոց­ներ ձեռքբե­րել։ Այ­սօր զար­մանքով եւ ար­դար ընդվզու­մով կը դի­մադ­րենք հայ­կա­կան սփիւռքէն հնչող «Ի՞նչ գործ ու­նիք այդ երկրին մէջ, աւե­լի ապա­հով վայ­րեր եկէք» կան­չե­րուն։  Չենք անդրա­դառ­նար թէ 1950-ական­նե­րէն սկսեալ մենք՝ պոլ­սա­հայերս նոյն կան­չով հա­յաթափ ըրած ենք գա­ւառը, աւե­լի ճիշդ բա­ցատ­րութեամբ մայր հայ­րե­նիքը։ Հա­յապահ­պանման իբ­րեւ ճառ, հնա­րեցինք հա­յը Հա­յաս­տա­նէն հե­ռաց­նե­լու ռազ­մա­վարու­թիւնը։ Այս հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ ան­շուշտ դեռ չենք կրնար խօ­սիլ ծպտեալ պայ­մաննե­րու ներ­քեւ ինքնու­թիւնը պա­հած­նե­րու մա­սին։ Քիչ չեն այն «ազ­գա­յին»նե­րը, որոնք հա­յու այդ բե­կոր­նե­րու գո­յու­թիւնը լսե­լու իսկ հան­դուրժո­ղու­թիւն չու­նին։

Տէր Շա­ւարշ քա­հանայ Պա­լըմեանի աւե­լի քան 50 տա­րիներ առաջ գա­ւառի շրջա­գայու­թիւննե­րու ըն­թացքին նկա­տած եւ մատ­նանշած խնդիր­նե­րը նոյ­նութեամբ հա­սած են մեր օրե­րուն։ Գա­ւառը տա­կաւին մեծ կա­րիք կը զգայ հո­գեւո­րական­նե­րու այ­ցե­լու­թեան։ Հե­ղինա­կը զա­նազան օրի­նակ­նե­րով կը վկա­յէ ժո­ղովուրդին այդ պա­պակը։ «Ցա­ւը տա­նողը գի­տէ» կ՚ըսէ հայ­կա­կան առա­ծը։ Այ­սօր այդ ցա­ւին գի­տակ­ցող, իր կա­րողու­թեան սահ­մաննե­րով ցա­ւը մեղ­մացնե­լու հա­մար ամէն տե­սակ զո­հողու­թիւնը յանձն առ­նե­լու տրա­մադիր հո­գեւո­րական­ներ ան­շուշտ որ կան։ Սա­կայն զանոնք այդ ծա­ռայու­թեան հա­մար խրա­խու­սող, քա­ջալե­րող եւ զօ­րակ­ցող վե­րին իշ­խա­նու­թիւն մը ափ­սոս որ եր­ջանկա­յիշա­տակ Շնորհք պատ­րիար­քի վախ­ճա­նու­մէն այս կողմ կը բա­ցակա­յի Իս­թանպու­լա­հայ Պատ­րիարա­քարա­նի մէջ։

Շա­ւարշ քա­հանա­յի «Գա­ւառէն Ձայ­ներ» հա­ւաքա­ծոյին մէջ տեղ գտած յու­շագրու­թիւննե­րը կը սկսին Կի­լիկեան տա­րած­աշրջա­նէն, Ատա­նա եւ Սի­սէն։ Ան հնա­գէտի մը բծախնդրու­թեամբ կը բնու­թագրէ այդ վայ­րե­րու ճար­տա­րապե­տական հսկայ ժա­ռան­գը։ Ապա կ՚ուղղո­ւի Տիգ­րա­նակերտ, ուր մեծ եռան­դով կը դրո­ւատէ տե­ղացի ժո­ղովուրդին ազ­նիւ բնա­ւորու­թիւնը։ Հիացու­մով կ՚ար­տա­յայ­տո­ւի եօթ­նա­խորան Սուրբ Կի­րակոս եկե­ղեց­ւոյ փա­ռաւոր շի­նու­թեան մա­սին։ Կրկին հնա­գէտի մը նման կը մագլցի սան­դուխն ի վեր եւ կը վեր­ծա­նէ հնա­մաշ ար­ձա­նագ­րութիւննե­րը։

«Տի­յար­պա­քըրի Ժո­ղովուրդը» խո­րագ­րեալ հա­տուա­ծին մէջ հե­ղինա­կը թէ վի­ճակագ­րա­կան տե­ղեկու­թիւններ կը փո­խան­ցէ եւ թէ կը նկա­րագ­րէ ժո­ղովուրդի յատ­կութիւննե­րը։ «Տի­յար­պա­քըր ներ­կա­յիս եր­կու հա­րիւր տուն, աւե­լի քան եր­կու հա­զարի մօտ հա­յու­թիւն ու­նի։ Ժո­ղովուրդը առեւ­տուրով, ար­հեստնե­րով, վա­ճառա­կանու­թիւնով եւ հո­ղագոր­ծութեամբ կը զբա­ղի։ Հա­րուստներ չկան։ Մե­ծամաս­նութիւ­նը բա­րեկե­ցիկ է։ Յի­սուն տու­նի չափ կա­րօտ աղ­քատներ կան, որոնց եկե­ղեց­ւոյ վար­չութեան կող­մէ ամէն օգ­նութիւն կ՚ըլ­լայ։

Ժո­ղովուրդը մե­ծով ու պզտի­կով հա­ւատա­ցեալ եւ ժա­մասէր է, օրէնքնե­րու ու աւան­դութեանց հա­ւատա­րիմ։

Շատ հիւ­րա­սէր, սե­ղան­նին առատ, երես­նին խնդում, հա­ճոյա­կատար եւ մար­դա­սէր են։ Իրենց տու­նը հիւր մը գա­լու պա­րագա­յին չա­փազանց ու­րախ կ՚ըլ­լան։

Հա­յերու մե­ծագոյն ցա­ւը քա­հանա­յի պա­կասու­թիւնն է։ Եթէ մնա­յուն քա­հանայ մը ու­նե­նան՝ աշ­խարհիկ հո­գերը իրենց հա­մար ար­ժէք մը չպի­տի ու­նե­նայ։

Անոնք այն խո­րունկ հա­ւատ­քը ու­նին, որ երբ տէր հայ­րը իրենց սե­ղանը օրհնէ, իրենց տու­նը Աս­տուծոյ բա­րիք­նե­րովը կը լե­ցուի։

Կը փա­փաքին, որ­պէսզի քա­հանան գայ, իրենց հետ ճա­շէ, իրենց խօ­սի, օրէն­քի, կրօն­քի մա­սին իրենց բա­ցատ­րութիւններ տայ։

Իրենց ամէն մէկ ու­րա­խու­թեան ու տրտմութեան, սի­րոյ ու հո­գեճա­շի սե­ղան­նե­րուն տէր-պա­պան ներ­կայ ըլ­լայ»։

Ան­շուշտ որ ամէն ինչ այնքան ալ գու­նա­գեղ չէ ինչ որ կը նկա­րագ­րէ Տէր Շա­ւարշ։ Հաս­կա­ցողու­թիւննե­րու կա­րեւոր վե­րիվայ­րումը այ­սօր հար­ցա­կանի տակ կը դնէ անոր մեծ երա­նու­թեամբ փո­խան­ցած կարգ մը պատ­կերներ։ Օրի­նակի հա­մար, երբ կը խօ­սի Սսի բա­րերար մե­ծահա­րուստնե­րուն մա­սին, իր պա­տումնե­րը կրնան ընդվզում յա­ռաջաց­նել մեր սե­րունդնե­րուն։ «…Քա­ղաքի մէջ նոր ամուսնա­ցող զոյ­գե­րը երբ եկե­ղեցիէն դուրս կ՚ել­լէին նո­ւագ­նե­րով ու եր­գե­րով, նախ քա­ղաքի երե­ւելի­ներուն՝ Ազի­րեան­նե­րու, Նալ­պանտեան­նե­րու բնա­կարա­նը կ՚եր­թա­յին։ Այդ նա­հապե­տական տու­նե­րու լայն բա­կերուն մէջ հարսն ու փե­սան կը խաղցնէին եւ ապա նա­հապետ­նե­րը իրենց նո­ւէր­նե­րը կու տա­յին ու նո­րապ­սակնե­րը կը շնոր­հա­ւորէին։ Անոնք ալ, իրենց որ­դիական խո­նար­հութեամբ անոնց ձեռ­քե­րը համ­բուրե­լէ վերջ, իրենց տու­նե­րը կ՚եր­թա­յին»։

Իս­կա­պէս սար­սա­փելի երեւոյթ է գիտնալ որ այսօր ալ կան բարերար աղաներ, որոնք տրամադիր են իրենց տան բակին խաղցուցածներուն նուէրներ շռայլել։ Բայց այս բոլորով հանդերձ Շաւարշ Քահանայ Պալըմեանի յուշերը մեզի կը թելադրեն կրկին ու կրկին խորհելու ազգային կեանքի տարբեր երեւոյթներու մասին։

«Գաւառէն Ձայներ»
Շաւարշ Քահանայ Պալըմեան
«Արաս» հրատարակչատուն
Իսթանպուլ
Հոկտեմբեր 2016
158 էջ