Ղազիկեանի «Մատենագիտութիւն»ը՝ նոր հրատարակութեամբ

սեւան տէյիրմենճեան

«Ես ուզեցի տալ ամէն հայու ձեռք գիրք մը՝
որ իր մէջ գրատուններ բովանդակէ»։
Հ. Արսէն վրդ. Ղազիկեան

Կան հրատարակութիւններ, որոնք կոթողա­յին ածա­կանը իրենց վրայ կը կրեն ար­ժա­նապէս։ Նման աշ­խա­տանք մըն է, օրի­նակ, «երից վար­դա­պետաց» Հայ­կա­զեան բա­ռարա­նը (Վե­նետիկ, 1836), Մա­ղաքիա արք. Օր­մա­նեանի «Ազ­գա­պատում»ը (առա­ջին հա­տորը հրա­տարա­կուած է Պո­լիս, 1912-ին), Մի­քայէլ վրդ. Չամ­չեան­ցի «Պատ­մութիւն հա­յոց»ը (առա­ջին հա­տորը հրա­տարա­կուած է 1784-ին, Վե­նետիկ)։ Շար­քը կա­րելի է հարստաց­նել հե­ղինա­կային թէ թարգմա­նական այլ աշ­խա­տու­թիւննե­րով կամ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րով։ Այդ ցու­ցա­կին վրայ իր տե­ղը վա­ղուց ապա­հոված աշ­խա­տանք մըն է, ան­կասկած, Հ. Ար­սէն վրդ. Ղա­զիկեանի (Պար­տի­զակ, 1870-1932, Պա­տուա) «Հայ­կա­կան նոր մա­տենա­գիտու­թիւն եւ հան­րա­գիտա­րան հայ կեան­քի» ստո­ւարա­ծաւալ գոր­ծը, որ հրա­տարա­կուած է 1909-1912 թո­ւական­նե­րուն Վե­նետիկ, Ս. Ղա­զարու մայ­րա­վան­քի տպա­րանին մէջ։ Գրա­դարան­նե­րու պա­հոց­նե­րուն մէջ միայն տե­սանե­լի հա­տորը քա­նի մը տա­րի առաջ, հայ­կա­կան տպագ­րութեան 500-ամեակին առ­­թիւ, Երե­­ւանի պե­­տական հա­­մալ­­սա­­­րանի հրա­­տարակ­­չութե­­նէն, բազ­­մագրու­­մի ար­­դիական մի­­ջոց­­նե­­­րով վերստին հա­­սանե­­լի դար­­ձաւ բա­­նասէր­­նե­­­րու աւե­­լի լայն շրջա­­նակին՝ «Գա­­լուստ Կիւլպէն­­կեան» հաս­­տա­­­տու­­թեան մե­­կենա­­սութեամբ։

Ղա­­զիկեանի աշ­­խա­­­տու­­թիւնը կո­­թողա­­յին է, որով­­հե­­­տեւ հոն կա­­րելի է գտնել հայ­­կա­­­կան տպագ­­րութեան սկզբնա­­ւորու­­մէն՝ 1512-էն մին­­չեւ 1905 թո­­ւակա­­նը հրա­­տարա­­կեալ գրե­­թէ ամէն ինչ, յատ­­կա­­­պէս՝ հա­­յագի­­տական բո­­վան­­դա­­­կու­­թեամբ գիր­­քերն ու պար­­բե­­­րական­­նե­­­րու թէ օրա­­թեր­­թե­­­րու մէջ լոյս տե­­սած յօ­­դուած­­նե­­­րը։ Ան «ողջ գլու­­խը այս սոս­­կա­­­լի աւե­­տարա­­նին տակ» կը դնէ 1898-ին, երբ իր ձեռ­­քը կը հաս­­նի Գա­­րեգին վրդ. Զարպհա­­նէլեանի (Մխի­­թարեան այլ վար­­դա­­­պետ մը) «Մա­­տենա­­գիտու­­թեան» ձե­­ռագի­­րը։ Առա­­ջին հրա­­տարա­­կու­­թիւնը ար­­դէն կա­­տարո­­ւած այդ աշ­­խա­­­տու­­թեան երկրորդ հրա­­տարա­­կու­­թիւնը կ՚ու­­զէին կա­­տարել Մխի­­թարեան հայ­­րե­­­րը՝ որ­­պէս անակնկալ կա­­թուա­­ծահար ան­­կողնին գա­­մուած ծե­­րու­­նի հե­­ղինա­­կին։

Ղա­­զիկեան այս հրա­­տարա­­կու­­թիւնը պատ­­րաստե­­լու ժա­­մանակ, Զարպհա­­նէլեանի տո­­ւեալ­­նե­­­րը մի առ մի հա­­մեմա­­տու­­թեան մէջ կը դնէ բնա­­գիր­­նե­­­րուն հետ, կը նշմա­­րէ ու կը սրբագ­­րէ վրի­­պակ­­նե­­­րը, կը լրաց­­նէ պա­­կաս­­նե­­­րը՝ հոս ու հոն նա­­մակ­­ներ գրե­­լով, գիր­­քեր բե­­րել տա­­լով, նոյ­­նիսկ ճամ­­բորդե­­լով դէ­­պի  Պո­­լիս։ Այս ըն­­թացքին աչ­­քէ կ՚ան­­ցը­­­նէ նաեւ բո­­լոր լրա­­գիր­­ներն ու պար­­բե­­­րական­­նե­­­րը։ Սկզբնա­­կան նպա­­տակն էր հա­­ւաքել գրա­­խօսա­­կան­­նե­­­րը, հե­­ղինակ­­նե­­­րուն վե­­րաբե­­րեալ ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րը։ Ծրա­­գիրը անզգա­­լաբար կ՚ընդլայ­­նի. կը սկսի բա­­նասի­­րական, գրա­­կան ար­­ժէք ու­­նե­­­ցող յօ­­դուած­­ներն ալ հա­­ւաքել, եւ ապա նշա­­նաւոր տոհ­­մե­­­րու եւ ոչ-գրա­­կան ազ­­գա­­­յին մեծ դէմ­­քե­­­րու մա­­սին գրուածքնե­­րը ամ­­փո­­­փել։

Ղա­­զիկեան 1512-էն 1800 եղած տպագրութեանց հա­­մառօտ նկա­­րագիրն ալ ըրած է՝ դնե­­լով նաեւ յի­­շատա­­կարան­­նե­­­րը, բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւննե­­րը, նոյ­­նիսկ յա­­ռաջա­­բան­­նե­­­րուն այն մա­­սերը, որոնք կա­­րեւոր թո­­ւած են իրեն։ Ղա­­զիկեանի «Մա­­տենա­­գիտու­­թիւն»ը կ՚ամ­­փո­­­փէ նաեւ հայ­­կա­­­կան կեան­­քին վե­­րաբե­­րող հա­­յատառ թրքե­­րէն, ինչպէս նաեւ օտա­­րալե­­զու գիր­­քերն ու յօ­­դուած­­նե­­­րը։

Զարպհա­­նէլեանի գիր­­քին թե­­րիներն ու վրի­­պակ­­նե­­­րը ամ­­բողջաց­­նե­­­լու նախ­­նա­­­կան նպա­­տակը ար­­դիւնքին կը վե­­րածո­­ւի բո­­լորո­­վին տար­­բեր աշ­­խա­­­տան­­քի մը, որ այ­­լեւս կ՚առաջ­­նորդո­­ւէր բո­­լորո­­վին այլ սկզբունքնե­­րով։ Պարզ մա­­տենա­­գիտու­­թիւն մը չէր իր ըրա­­ծը. «Նախ ըսեմ որ Մա­­տենա­­գիտու­­թիւն ըսե­­լով ես չեմ հասկնար լոկ գիտ­­նալ թէ այս ոք կամ այն ինչ գիրք գրեր է, այլ նաեւ գիտ­­նալ թէ ի՛նչ նիւ­­թե­­­րու վրայ կը խօ­­սի։ ... Ազ­­գա­­­յին կեան­­քով զբա­­ղող ինչ յօ­­դուած որ կայ բա­­նասի­­րական, պատ­­մա­­­կան, տե­­ղագ­­րա­­­կան, հնա­­խօսա­­կան եւն. եւն., ինչ որ գրո­­ւած է այս կամ այն քա­­ղաքի կամ գիւ­­ղի սո­­վորու­­թեանց, բար­­բա­­­ռին, աւան­­դութեանց, հնութեանց, եկե­­ղեցի­­ներուն, վան­­քե­­­րուն, դպրոց­­նե­­­րուն, թան­­գա­­­րան­­նե­­­րուն, թատ­­րոննե­­րուն, ըն­­կե­­­րու­­թեանց եւն. եւն., ինչ որ գրո­­ւած է աշուղնե­­րու մա­­սին, իրենց եր­­գե­­­րը եւն. եւն., մէկ խօս­­քով ՀԱՅ ԿԵԱՆ­­ՔԻ հետ առնչու­­թիւն ու­­նե­­­ցող ամէն բան՝ միանա­­լով գրքե­­րու մէջ այն նիւ­­թե­­­րու մա­­սին գրո­­ւած­­նե­­­րուն հետ՝ պի­­տի խտա­­նայ գոր­­ծիս մէջ», կը գրէ վար­­դա­­­պետը՝ յայտնե­­լով, թէ իր գոր­­ծը լոկ մա­­տենա­­գիտու­­թիւն մը պի­­տի չըլ­­լայ, այլ նաեւ «հան­­րա­­­գիտա­­րան հայ կեան­­քի»։

Տպագ­­րո­­­ւած շրջա­­նին իսկ հրա­­տարա­­կու­­թիւնը ար­­ժա­­­նացած էր ժա­­մանա­­կուան մտա­­ւորա­­կանու­­թեան խոր գնա­­հատան­­քին։ Համ­­բարձում Առա­­քելեան, Լէօ, Ար­­շակ Չօ­­պանեան, Մա­­ղաքիա արք. Օր­­մա­­­նեան, Թէոդիկ եւ այլ անուններ հրա­­պարա­­կաւ թէ նա­­մակ­­նե­­­րու մի­­ջոցով կը յայտնեն իրենց հիաց­­մունքը կա­­տարուած աշ­­խա­­­տան­­քին հան­­դէպ։

Դժբախ­­տա­­­բար, այ­­սօր ի ձե­­ռին ու­­նինք մեծ տքնան­­քով ու տա­­ռապան­­քով ստեղ­­ծո­­­ւած այս աշ­­խա­­­տու­­թեան միայն առա­­ջին հա­­տորը, որ կ՚աւար­­տի Մ տա­­ռով։ Ղա­­զիկեան գրե­­թէ պատ­­րաստած էր նաեւ երկրորդ հա­­տորը։ Առա­­ջին աշ­­խարհա­­մար­­տի օրե­­րուն հե­­ղինա­­կը կը բնա­­կի հայ­­րե­­­նի գիւ­­ղին մէջ՝ Պար­­տի­­­զակ, իր հետն առած ըլ­­լա­­­լով նաեւ մա­­տենա­­գիտու­­թեան ձե­­ռագ­­րե­­­րը։ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան սար­­սա­­­փի տա­­րինե­­րուն կ՚ոչնչա­­նայ նաեւ երկրորդ հա­­տորը։ Իր նա­մակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ Ղա­զիկեան հե­տագա­յին պի­տի գրէր, թէ երա­նի զինք կեան­քէ զրկէին, սա­կայն չփճաց­նէին իր եր­կա­սիրու­թիւնը։

Մե­զի կը մնայ յանձնա­րարել այս հա­տորը բո­լոր անոնց, որոնք հե­տաքրքիր են հա­յագի­տու­թեամբ, որոնք կը կա­տարեն մա­տենա­գիտա­կան պրպտումներ, որոնք կ՚ուզեն պարզապէս թերթել ու յարգանքի տուրք մը մատուցել Հ. Արսէն Ղազիկեանին, «որուն մատներուն ծայրերը լրագիրներուն ու հանդէսներուն էջերը դարձնելէն մաշե՛ր են՝ արիւն գալու աստիճան, որուն աչքերուն լոյսը խաւարեր է այդ էջերուն մէջ յօդուած, գիրք, կենսագրական, եւն. փնտռելէն...»։ 

«Հայկական նոր մատենագիտութիւն եւ հանրագիտարան հայ կեանքի
Հ. Արսէն Ղազիկեան
Երեւան, 2013
ԵՊՀ հրատարակչութիւն
2080+Լ սիւնակ