Պատմութիւնը լուսաւորող երեք գիրք

բագրատ էսդուգեան

Kitap/Գիրք յաւելուածի Նոյեմբեր 2016-ի թի­ւին մէջ ծա­նօթա­ցու­ցած էինք «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան վեր­ջերս հրա­տարա­կած եր­կու գոր­ծե­րը՝ Մկրտիչ Մար­կո­սեանի «Աս­տուծոյ Ու­ղե­ւորու­թեան Տո­մարը» եւ Ուի­լըմ Սա­րոյեանի «Թու­թա՞կ Ես Ծօ՛»։ Հրա­տարակ­չա­տու­նը նոյն օրե­րուն լոյս ըն­ծա­յեց անո­ւանի պատ­մա­բան Ռի­չարտ Յով­հաննէ­սեանի 14 հա­տորա­նի «Պատ­մա­կան Քա­ղաք­ներ Եւ Հա­յերը» շար­քի երկրորդ գիր­քը՝ «Վան»ը։ Նշենք որ ար­դէն նա­խապէս հրա­տարա­կուած էր Բա­ղէշ եւ Մու­շը նկա­րագ­րող առա­ջին հա­տորը։ Հա­ճելի զու­գա­դիպու­թիւն էր որ այս երկրորդ հա­տորի հրա­տարա­կու­թեան օրե­րուն հե­ղինակն ալ կը գտնո­ւէր Պո­լիս մաս­նակցե­լու հա­մար Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած Վա­նի եւ շրջա­կայ­քի պատ­մութիւ­նը նիւթ առ­նող բա­նախօ­սու­թեան։ Իրա­կանու­թեան մէջ Ռի­չարտ Յով­հաննէ­սեանի «Պատ­մա­կան Քա­ղաք­ներ եւ Հա­յերը» շար­քը պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի, Կի­լիկիոյ եւ հայ ազ­գա­յին ինքնու­թեան ձե­ւաւոր­ման մէջ կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցած վայ­րե­րու մա­սին բա­նախօ­սու­թիւննե­րու շար­քին վե­րախմբագ­րութեամբ գո­յացած է։ Յով­հաննէ­սեանի Վա­նի ձօ­նուած ու­սումնա­սիրու­թիւնը Նա­յիրեան երկրի բազ­մա­շերտ պատ­մա­կան ան­ցեալի մա­սին թրքա­կան այ­լա­մերժ տե­սու­թեան այ­լընտրանք մը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանայ։ Ար­դա­րեւ գիր­քին էջե­րը թղթա­տելով բա­ցի հա­յերէ թուրքե­րուն, քիւրտե­րուն, բիւ­զանդա­ցինե­րուն, պար­սիկնե­րուն եւ արաբ­նե­րուն պատ­մութեան մա­սին ալ շատ կա­րեւոր հաս­տա­տումնե­րու կը հան­դի­պինք։

Պատ­մութեան ձօ­նուած մի այլ ու­սումնա­սիրու­թիւնը դար­ձեալ ամե­րիկա­հայ պատ­մա­բան Ռա­նըլտ Գրի­գոր Սիւ­նիի «Հա­զիւ Անա­պատը Կրնան Ապ­րիլ» անուն գիրքն է։ Էպ­րու Քը­լըչի թարգմա­նու­թեամբ ըն­թերցո­ղին ներ­կա­յացող գիր­քը, ինչպէս անունն ալ կը վկա­յէ, նիւթ կ՚ու­նե­նայ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան դրո­ւագ­նե­րը։ Ռա­նըլտ Գրի­գոր Սիւ­նի իր այս աշ­խա­տու­թեան մէջ կը փոր­ձէ 1915-ի ող­բերգու­թիւնը բո­լորո­վին նոր տե­սան­կիւնէ մը վեր­լուծել։ Ան կ՚անդրա­դառ­նայ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան ար­դիակա­նաց­ման ջան­քե­րուն տե­ղի տո­ւած զա­նազան լա­րուա­ծու­թիւննե­րուն, իս­լամ եւ քրիս­տո­նեայ հա­կամար­տութեան հե­տեւանքնե­րուն, ներ­քին եւ ար­տա­քին գոր­ծօննե­րուն տե­ղի տո­ւած սրո­ւածու­թիւնե­րուն, կայսրու­թիւնը ան­կումէ փրկե­լու հա­մար որո­նումնե­րուն, հայ քա­ղաքա­կան շար­ժումնե­րու ծագ­ման, Երիտ­թուրքա­կան մտայ­նութեան զար­գացման եւ այս բո­լորին Ա. Աշ­խարհա­մար­տի պատ­ճա­ռած խառ­նաշփո­թու­թեան մէջ գո­յացած ող­բերգու­թիւննե­րուն։ Սիւ­նի իր այս գիր­քով ամ­բողջա­կան պատ­կե­րացում մը կը գո­յաց­նէ, այնքան որ գիր­քը Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ հրա­տարա­կուե­լէ ետք կ՚ար­ժա­նանայ «եթէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին միայն մէկ գիրք պի­տի կար­դաք, ահա այդ գիր­քը այս է» գնա­հատան­քին։ Ար­դա­րեւ «Արաս» ալ գիր­քը ծա­նօթա­ցու­ցած ժա­մանակ ան­վե­րապա­հօրէն կ՚ընէ հե­տեւալ հաս­տա­տու­մը։ «Մին­չեւ օրս ոչ մէկ աշ­խա­տասի­րու­թիւն 1915-ին պա­տահած­նե­րը միայն մէկ հա­տորի մէջ այսքան յստակ կրցած է փո­խան­ցել»։

«Արաս»ին հրա­տարա­կած պատ­մութեան գիր­քե­րուն մէջ յատ­կա­պէս կ՚առանձնա­նայ Շա­հան Շահ­նուրի «Ան­ձայն Նա­հանջ» անուն գոր­ծը։ Կ՚առանձնա­նայ քա­նի որ ան ուղղուած է աւե­լի ուշ ժա­մանակ­նե­րու քննարկման։ Ի դէմ նա­խորդնե­րուն Շահ­նուր նիւթ կ՚ու­նե­նայ վե­րապ­րածնե­րու մատ­նո­ւած տա­ռապան­քը։ Կը գրէ աղէ­տի թէ զո­հը եւ վե­րապ­րո­ղը հան­դի­սացող­նե­րուն կրած տա­ռապան­քը։ 1920-ական տա­րեթի­ւերուն ±րան­սա­յի մէջ ապաս­տան գտած Պետ­րո­սի կամ իր այս նոր կեան­քին մէջ որ­դեգրած անու­նով Փի­յէրի ոդի­սակա­նը։ Հեւ ի հեւ ըն­թերցում մը կը մա­տու­ցէ իր վի­պական ոճով, դէպ­քե­րու հիւ­սո­ւած­քով եւ զգա­ցական բո­վան­դա­կու­թիւնով։ Երի­տասարդ տա­րիքին Պո­լիսէն հե­ռանա­լու հար­կադրո­ւած Պետրրոս Փի­յէր Փա­րիզի մէջ կը ծա­նօթա­նայ ֆրան­սուհի Նա­նէդին եւ անոր հետ ապ­րած սի­րային ար­կա­ծախնդրու­թիւնը ան­գամ մը եւս կ՚ապա­ցու­ցէ առանց ան­ցեալի վիշ­տե­րուն հետ առե­րեսո­ւելու, նոր կեան­քի մը ձեռ­նարկե­լու ան­կա­րելիու­թիւնը։ Գիր­քը իր այս յատ­կութիւ­նով ոչ միայն հա­յու, այլ պանդխտու­թեան փոր­ձին դա­տապար­տո­ւած բո­լոր թուրքիացի­ներու զգա­ցումնե­րուն ար­տա­ցոլու­մը կը կազ­մէ։ Իրա­կանու­թեան մէջ գիր­քը որոշ չա­փով կեն­սագրա­կան բնոյթ ու­նի, քա­նի որ հե­ղինա­կը ինք եւս գիր­քի հե­րոս Պետ­րոս Փի­յէրի նման 1920-ական տա­րեթի­ւերու սկիզ­բին մեկ­նած է Ֆրանսա։ Գիրքը թարգմանուած է Մարալ Աքթոքմաքեանի կողմէ։

«Անձայն Նահանջ»
Շահան Շահնուր
«Արաս» հրատարակչատուն
Իսթանպուլ 2016
248 էջ

«Պատմական Քաղաքներ եւ Հայերը Վան»
Ռիչարտ Կ. Յովհաննէսեան
«Արաս» հրատարակչատուն
Իսթանպուլ
Նոյեմբեր 2016
344 Էջ 

«Հազիւ Անապատը Կրնան Ապրիլ»
Ռանըլտ Գրիգոր Սիւնի
«Արաս» հրատարակչատուն
Իսթանպուլ 2016504 էջ