Ինքնութեան գաղտնագիրը գրականութեան մէջ

բագրատ էսդուգեան

Վիպագիրը երբ մտքին մէջ կը ձեւաւորէ զանազան դէմքերով վէպի մը կառոյցը այդ, պահէն սկսելով կ՚են­թարկո­ւի նաեւ այդ դէմ­քին պա­հան­ջարկնե­րուն։ Հետզհե­տէ կը սկսի իր ստեղ­ծած կեր­պա­րին հո­գեբա­նու­թեան թա­փան­ցել եւ կեան­քը ըն­կա­լել այդ արո­ւես­տա­կան սար­քո­ւած կեր­պա­րի միտ­քով։ Իսկ պատ­մո­ւածք գրե­լու փոր­ձը բո­լորո­վին տար­բեր է։ Այնտեղ հե­ղինա­կը ինք է որ մին­չեւ վերջ կ՚իշ­խէ եւ չար­տօ­նէր որ սե­փական միտ­քով կեր­տած կեր­պա­րը իշ­խէ իր վրայ։ Այս բո­լորին մա­սին կը խոր­հինք, երբ կը կար­դանք Վրէժ Իս­րա­յէլեանի պատ­մո­ւածքնե­րու հա­ւաքա­ծոյի՝ «Հայ եւ Թուրքի Հին Խա­ղեր» հա­տորը իր թրքե­րէն թարգմա­նու­թեամբ։ Վրէժ Իս­րա­յէլեան իր աս գոր­ծին մէջ կը սնի իրեն հա­մար խիստ հա­րազատ պատ­մութիւննե­րով, որոնց կա­րելի է հան­դի­պիլ միայն ու միայն սաս­նե­ցիի մը ըն­տա­նեկան մի­ջավայ­րին մէջ։ Գրո­ղը մեկ­նե­լով ինք եւ իր մի­ջավայ­րը ձե­ւաւո­րող ապ­րումնե­րէ կը փոր­ձէ իւ­րա­քան­չիւր հայ ան­հա­տի հա­մար ճա­կատագ­րա­կան իմաստ ներ­կա­յաց­նող աւա­զանի մը մէջ լո­ղար­կել։ Հայ ըն­թերցո­ղը իր­մէ շատ բա­ներ պի­տի գտնէ այդ տո­ղերուն մէջ, իսկ ոչ հայ ըն­թերցո­ղը պի­տի թա­փան­ցէ հա­յու հո­գեբա­նու­թեան ու աշ­խարհըն­կալման եղա­նակին։ Այս առու­մով շատ ու­շագրաւ պատ­մուածք մըն է «Սեւ Խավ­յա­րը»։ Այստեղ հե­ղինա­կը մեծ վար­պե­տու­թեամբ կը նկա­րագ­րէ հա­յու ինքնու­թեան մէջ ար­մատ դրած ատե­լու­թեան հո­գեբա­նու­թիւնը, հե­տեւե­լով նոյն ինքն իր ծնո­ղաց են­թա­գիտակ­ցութիւննե­րուն։ Այստեղ խօս­քը կը վե­րաբե­րի մարդկա­յին թե­րու­թեան, որուն պատ­ճառնե­րուն բո­լորէն աւե­լի ուժգի­նօրէն կը գի­տակ­ցի հա­յը։ Ի զուր է այս զգա­ցու­մին ու­րի­շին կող­մէ ար­դար կեր­պով ըն­կա­լու­մը յու­սալ եւ ոչ միայն այդքա­նը։ «Տօ­նապե­տը» դար­ձեալ հա­յու պատ­մութե­նէն ժա­ռան­գած խնդիր­նե­րուն մեր ժա­մանակ­նե­րուն մէջ լուծման փորձ մը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանայ, որ ան­խուսա­փելիօրէն կը բա­խի տրա­մաբա­նակա­նի եւ անտրա­մաբա­նակա­նի հա­կասու­թեան։ Փա­րիզեան սրճա­րանին մէջ եր­կու սաս­նե­ցինե­րու հան­դի­պումն է նկա­րագ­րո­ւածը։ Եր­կու սաս­նե­ցիներ, որոնք նոյն ջերմ եռան­դով փա­րած են իրենց հայ­րե­նի երկրին։ Տո­ւեալ պա­հուն եր­կուքն ալ հե­ռու են այդ երկրէն եւ մի գու­ցէ նաեւ դա­տապար­տո­ւած հե­ռու մնա­լու։ Հա­յը ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տեւան­քով զրկո­ւած է պա­պենա­կան երկրէն, իսկ քիւրտը նոր կեանք մը ձեռ­նարկած է հե­ռաւոր ափե­րու վրայ։ Ար­դա­րեւ քիւրտի խօս­քե­րով «եր­կուքս ալ իրաւ սաս­նե­ցի չենք, քա­նի որ չենք կո­խէր սաս­նայ ­հողին վրայ եւ չենք շնչէր սաս­նայ քա­մին»։

Վրէժ Իս­րա­յէլեանի պատ­մո­ւածքնե­րը հա­րուստ են նաեւ իմաս­տուն ասա­ցուածքնե­րով։ «Սաս­նայ Լեռ­նե­րու ամե­նաբարձր գա­գաթն իսկ ել­լես գլխուդ քար մը կ՚իյ­նայ» կամ «Մի՛ խա­բէր սաս­նե­ցին, թէ քեզ մեղք կ՚ըլ­լայ եւ թէ իրեն»։

Խիստ յու­զումնա­լից պատ­մութիւն մըն է «Ապա­քինում»ը։ Գի­տենք որ ցա­ւի մը ցա­ւազրկիչ դար­մանն է աւե­լի մեծ ցա­ւը։ Այստեղ Վրէժ Իս­րա­յէլեան եւս կը դի­մէ ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րու փոր­ձութեան։ Ձե­ւով մը այ­րած է ոտ­քը եւ կը տա­ռապի այ­րուցքի պատ­ճա­ռած ցա­ւով։ Մօ­րաքոյ­րը կը փոր­ձէ քսու­կով մը մեղ­մացնել պա­տանիին ցա­ւը։ Մեծ մայ­րը կը մի­ջամ­տէ, մէկ կող­մ կը շպրտէ քսու­կի շի­շը եւ կը պատ­մէ Տէր Զօ­րի անա­պատին ինքզինք թա­ղած պա­տանիի մը պատ­մութիւ­նը։ Ու­թը-Տա­սը տա­րեկան երա­խայ մըն է, որ աննշմա­րելի դառ­նա­լու հա­մար ինքզինք թա­ղած է անա­պատի աւազ­նե­րուն մէջ։ Միայն աք­սո­րեալ­նե­րու թշո­ւառ կա­րաւա­նի մը մօ­տենա­լը զգա­լով վեր կը կանգնի իր թաքստո­ցէն եւ եկող­նե­րուն կը զգու­շացնէ հա­ւանա­կան վտանգնե­րէ։ Այս բա­նը կ՚ընէ ձեռ­քի եւ մարմնի շար­ժումնե­րով եւ անի­մաստ բա­ցագան­չութիւննե­րով, քա­նի որ թուրքե­րը կտրած են իր լե­զուն։ Կա­րաւա­նի տա­ռապեալ­նե­րը ի զուր կ՚առա­ջար­կեն իրենց հետ գալ։ Կը մեր­ժէ ու կը մտնէ իր թաքստո­ցը, յա­ջորդ կա­րաւա­նը եւս զգու­շացնե­լու հա­մար։ Երա­խան լսե­լով մեծ մօ­րը կեն­դա­նի վկա­յու­թեամբ պատ­մած այս պատ­մութիւ­նը կը մոռ­նայ այ­րուցքի ցա­ւը։ Իսկ սե­նեակ մտնող­նե­րը, երբ կը հարցնեն թէ քա­նի որ ցա­ւը ան­ցած է ին­չո՞ւ կ՚ար­տա­սուէ, պա­տաս­խա­նը խիստ տպա­ւորիչ է՝ «աչ­քե­րուս աւազ փա­խաւ»։

«Հա­յուն Շու­նը, Թուրքին Ձին եւ Պե­տօ Քե­ռին»։ Ահա­ւասիկ պատ­մութիւն մը եւս, ուր Իս­րա­յէլեան կ՚ընդգծէ հա­յու ինքնու­թեան մէջ ար­մատ դրած թրքա­տեացու­թիւնը։ Այդ ատե­լու­թիւնը ան­չա­փահաս տղու ըն­կա­լու­մով կը վե­րագ­րո­ւի նաեւ թշնա­մու սահ­մա­նը հա­տող իրենց գիւ­ղը յայտնո­ւող ան­բան անա­սու­նին ալ։ «Քա­նի որ սահ­մա­նի այդ կող­մէն եկած է, ու­րեմն այս ձին թուրք է» հա­մոզո­ւելով խեղճ անա­սու­նը տան­ջող մա­նուկնե­րու կեր­պա­րէն ան կը հիւ­սէ թէ լոկ հայ­կա­կան միտ­քի մը ար­տա­ցոլու­մը եւ թէ գրչի վար­պե­տու­թեամբ հոն­կէ կը մշա­կէ հա­մաշ­խարհա­յին ար­ժա­նիք ու­նե­ցող գրա­կանու­թիւն։

Այստեղ տա­կաւին չենք անդրա­դառ­նար «Ո՛չ, Թուրք Չեմ», «Սո­նա եւ Պա­տերազ­մը», «Խա­ղարան», «Հայ եւ Թուրքի Հին Խա­ղը», «Թատ­րոն», «Ներ­կո­ւած Գառ­նե­րու Ցանկ», «Հա­ւասար», «Ֆես­քուք», «Քա­ղաք Առանց Բա­նաս­տեղծի» եւ «Յա­կոբ Կա­րապե­տի 20 Տո­լարը» անուն պատ­մո­ւածքնե­րուն։ Կը յանձնա­րարենք Վրէժ Իս­րա­յէլեանի այս գիր­քը, որ բա­ւական խնա­մեալ թարգմա­նու­թիւնով կը ներ­կա­յանայ թրքե­րէն ըթեր­ցողնե­րուն։ Աստղիկ Իկի­տեան եւ Անա­հիտ Վե­զիրեան յա­ջող թարգմա­նու­թիւնով մը այս կա­րեւոր գոր­ծը կրցած են իր բնագ­րին հա­մապա­տաս­խան հա­րազա­տու­թեամբ փո­խան­ցել ըն­թերցո­ղին։ Ան­շուշտ այստեղ պէտք է նշենք արե­ւելա­հայե­րէնի տա­ռադար­ձութեան պատ­ճա­ռած կա­րեւոր սխա­լու­թիւննե­րը նաեւ։ Թարգմա­նիչ­նե­րը որ­դեգրած են արե­ւելա­հայե­րէնի ըն­դունո­ւած տա­ռադար­ձութեան կա­նոնը, սա­կայն այդ կա­նոնը շատ լուրջ խո­չըն­դոտ է հնչիւ­նա­բանութեան առու­մով։ Այստեղ քննա­դատու­թիւնը կ՚ուղղո­ւի ոչ թէ թար­գա­նիչ­նե­րուն, այլ հա­յերէն տա­ռադար­ձութիւ­նը միայն անգլե­րէնի իմա­ցութեան հետ ըն­կա­լող մտայ­նութեան։ Այստեղ այդ ըն­կա­լումն է որ ան­հասկնա­լի կը դարձնէ հա­յերէ­նի այնքան սո­վորա­կան ու պար­զունակ անձնա­նուննե­րը։ Ներ­կայ թարգմա­նու­թիւնով թրքե­րէն ըն­թերցո­ղը ակա­մայ պի­տի մատ­նո­ւի «Տօ­նապետ» անու­նը «Թո­նափեթ» հնչե­լու։ Նոյն փոր­ձանքին կ՚են­թարկուի «Պետօ Քեռին» կամ «Յակոբ»ը, որոնց անուններն ալ այս դրուածքին մէջ պիտի հնչեն «Փեթօ Քեռին», «Յաքոբ»։

«Հայ եւ Թուրքի Հին Խաղը»
Վրէժ Իսրայէլեան
«Լուսակն» հրատարակչութիւն
Երեւան 2015
134 էջ