Ընդմէջ անմեղութեան ու յանցանքի

սեւան տէյիրմենճեան

Սփիւռքահայ արդի գրականութեան մէջ մատներու վրայ կարելի է հաշուել վիպագիր հեղինակները։ Անոնցմէ մէկն է Վահէ Պէրպէրեան (ծն. 1955, Պէյրութ), որ զաւեշտալի մենակատարումներուն ու թատերական ներկայացումներուն շնորհիւ վաստկած ժողովրդականութեամբ լուրջ հետաքրքրութիւն մը կը ստեղծէ իր գրական արտադրանքին նկատմամբ։ 1999-ին հրատարակուած «Յանուն հօր եւ որդւոյ» վէպը, որ վերջերս երկրորդ հրատարակութեան արժանացաւ «Արաս» հրատա­րակ­չա­տան կող­մէ, կը յա­ջոր­դէր 1996-ին տպագ­րուած «Նա­մակ­ներ Զաաթա­րէն»ին։

Հին վի­պագիր­նե­րը կը սի­րէին իրենց գոր­ծե­րուն հա­մար որ­պէս են­թա­խորա­գիր գոր­ծա­ծել այն վայ­րը կամ հա­ւաքա­կանու­թիւնը, որ­մէ կը քա­ղէին վէ­պին ատաղ­ձը կազ­մող նիւ­թե­րը, նոյ­նիսկ եր­բեմն ժա­մանա­կը կը նշէին. ու­րեմն, յա­ճախ կա­րելի էր հան­դի­պիլ «վէպ պոլ­սա­հայ կեան­քէ», «վէպ ազ­գա­յին-քա­ղաքա­կան կեան­քէ», «ժա­մանա­կակից վէպ» կամ «պատ­մա­կան վէպ մօ­տաւոր ան­ցեալէ» ու նման ար­տա­յայ­տութիւննե­րու։ Վի­պագ­րութեան հան­դէպ նման մօ­տեցում մը ան­շուշտ սխալ էր, առ­նուազն՝ վի­ճելի, սա­կայն ան­ցեալի դի­տան­կիւնը ներ­կա­յին եթէ յար­մարցնէինք՝ գու­նա­գեղ պատ­կեր մը թե­րեւս ցցուէր մեր դի­մաց, վստա­հաբար, ուր կա­րենա­յինք տես­նել սփիւռքի հա­ւաքա­կանու­թեան ման­րանկա­րը։

Այս առու­մով Վա­հէ Պէր­պէ­րեանին վէ­պը զուտ ամե­րիկա­հայ ժա­մանա­կակից կեանք մը չէ որ կը բե­րէ մե­զի, ինչպէս որ իր հե­րոս­նե­րը լի­բանա­նահայ ըլ­լա­լով հան­դերձ ինքնու­թեան այլ ծալ­քեր ալ ու­նին։ Վէ­պին ժա­մանակն ալ կը տա­րու­բե­րի ընդմէջ ներ­կա­յի ու ան­ցեալի՝ Լի­բանա­նի քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մի օրե­րէն եր­կա­րելով Խա­ղաղա­կան ով­կիանո­սին ափե­րը, ուր հա­սած են վէ­պին գլխա­ւոր հե­րոս­նե­րը խա­ղաղու­թիւն գտնե­լու նպա­տակով։

Պա­տերազ­մը քա­նի մը տա­րի առաջ մին­չեւ հե­ռատե­սիլի կամ հա­մակար­գի­չի ճեր­մակ պաս­տա­ռէն մեր առօ­րեան խան­գա­րող սեւ ճան­ճի մը ազ­դե­ցու­թիւնը կը թո­ղեր միայն, բայց այ­սօր շատ աւե­լի շօ­շափե­լի իրա­կանու­թիւն մըն է, զոր կը տես­նենք ամէն օր մե­զի իրենց նի­հար թա­թիկ­նե­րը մեկ­նող մա­նուկնե­րու աչ­քե­րուն մէջ։ Վէ­պին գլխա­ւոր կեր­պա­րը՝ Հրայր, ծանր տագ­նապ մը ու­նի իր հո­գիին խոր­քը. տա­կաւին մա­նուկ՝ կորսնցու­ցած է իր եղ­բայրը՝ Հրան­դը, որ տու­նէն ելած էր հաց առ­նե­լու ու չէր վե­րադար­ձած, դառ­նա­լով ռմբա­կոծու­մի մը զո­հը։ Սա­կայն հա­կառա­կոր­դին ռմբա­կոծու­մը չէր միակ յան­ցա­ւորը Հրան­դի սպա­նու­թեան մէջ. Մա­րոնեան ըն­տա­նիքէն ներս տի­րող լա­րուա­ծու­թիւնն էր որ զին­քը դուրս նե­տած էր փո­ղոց՝ միայն թէ դադ­րէր հօր, մօր ու եղ­բօր վէ­ճը, թէ ո՛վ պի­տի եր­թար ու հաց առ­նէր։

«Ռումբէն առաջ ան­մե­ղու­թիւն մը կար, ռումբէն ետք՝ յան­ցանքի ահա­ւոր զգա­ցում մը: Հայր ու տղայ, ամէն մէկս կեան­քի իր ան­կիւնը քա­շուած, մեր մեղ­քե­րուն հետ հաշ­տուելու նստած էինք: Հայրս՝ իր գիր­քե­րուն եւ տետ­րակնե­րուն ետեւ պա­հուը­տած, ես՝ թատ­րո­նի կեր­պարնե­րուս»։ Հրայր, որ վէ­պին պատ­մողն է, հօր­մէն ցա­ւին հա­մազօր հա­կազ­դե­ցու­թիւն մը չտես­նե­լուն հա­մար խան­գա­րուած, ոխով լե­ցուած էր անոր դէմ: «Սա­կայն տա­րինե­րու ըն­թացքին այդ ոխը, հօրս Աս­տուծոյ հան­դէպ ու­նե­ցած ոխին նման, կորսնցու­ցած էր իր ուժգնու­թիւնը ու հօրս ներ­կա­յու­թիւնը ըն­դունող բա­նի մը վե­րածուած էր»: Ան այ­լեւս փորձ ան­գամ չէր ըներ հօ­րը նե­րաշ­խարհը պե­ղելու հա­մար:

Հրայր ու Յա­րու­թիւն Մա­րոնեան, Լոս Ան­ճե­լըսի իրենց բնա­կարա­նին մէջ թխմուած, ան­ցեալի ծանր բե­ռը ու­սերնուն վրայ, կա­մայ-ակա­մայ առօ­րեայ մը ստեղ­ծած են ար­դէն։ Դպրո­ցի, թատ­րո­նի փոր­ձե­րուն, ըն­կե­րու­հիին՝ Սիլ­վա­յին ու տան մի­ջեւ եկող-գա­ցող Հրայր աւե­լի եր­ջա­նիկ չէ, քան հայ­րը, որ իրեն հետ միասին Պէյ­րութէն Լոս Ան­ճե­լըս գաղ­թած հա­զարա­ւոր գիր­քե­րուն ճա­կատա­գիրը վե­րածած է գլխա­ւոր մտա­հոգու­թեան, աւե­լին՝ կեան­քի նպա­տակի մը։ Ատեն-ատեն բա­րեկամ Վարդգէ­սին հետ խա­ղացած նար­տին հա­զիւ թէ աշ­խուժու­թիւն մը հա­մարուի իր կեան­քին մէջ։

Կեան­քը այսպէս թա­լաւէր եր­թար ու այս ամէ­նը վէպ մը չդառ­նա­յին թե­րեւս, եթէ օր մը հայրն ու որ­դին իրար­մէ հե­ռաց­նե­լու ծա­ռայող տան դրան առ­ջեւ չյայտնուէր «աղ­ջի­կը»՝ Ճէյ­մին։ Ամե­րիկա­ցի ման­կա­հասակ բո­զը լու­սանցքա­յին իր դիր­քով ան­սո­վոր կեր­պար մըն էր թո­մար­զա­ցի հօր եւ պէյ­րութցի որ­դիին հա­մար, հա­ւասա­րապէս։

Վա­հէ Պէր­պէ­րեան իր առ­ջեւ կը բա­նայ դաշտ մը, որ դիւ­րաւ ծու­ղա­կի մը կը վե­րածուի բազ­մա­թիւ այլ ար­ձա­կագիր­նե­րու առ­ջեւ՝ դառ­նա­լով ճա­պաղե­լու, հայ ինքնու­թեան, օտա­րին հետ շփուելու, սփիւռքա­հայու ճա­կատագ­րին շուրջ քա­րոզ­ներ կար­դա­լու, քա­րոզ­չութիւն ընե­լու առի­թի մը։ Ճէյ­մին, որ վէ­պին առանցքն է, միայն ամե­րիկա­ցի ման­կա­հասակ կին մը չէ որ բո­զու­թիւն կ՚ընէ, այլ ամե­րիկա­ցի մըն է՝ որ փոր­ձա­քար կը դառ­նայ հա­յերուն դի­մաց, ման­կա­հասակ է՝ փոր­ձա­քարը տա­րեց­նե­րուն, կին մըն է՝ գայ­թակղու­թիւն մը Սիլ­վա­յին, Մա­րալին եւ այլ կի­ներուն հա­մար եւ վեր­ջա­պէս բոզ մըն է՝ խո­չըն­դո­տը Լայ­լին ու ըն­կե­րոջ։ Պէր­պէ­րեան Ճէյ­մին կեդ­րոն դնե­լով նաեւ գիծ մը կը քաշէ բո­լորին, մա­նաւանդ գլխա­ւոր հե­րոս­նե­րուն՝ Յա­րու­թիւնին ու Հրայ­րին կեան­քե­րուն մէջ։ Այնպէս ինչպէս Հրանդ իր եղե­րական մա­հովը զի­րենք ան­ջա­տող ան­դունդը բա­ցած էր։ Հե­տեւա­բար Հրան­դի ու Ճէյ­միի կեր­պարնե­րը առա­ջին հա­յեաց­քէն կար­ծուածին չափ հե­ռու չեն իրար­մէ. մա­նաւանդ որ Հրան­դով բաժ­նուած հօր ու որդւոյ կեան­քը վերստին պի­տի միանար, հայրն ու որ­դին զի­րար պի­տի վե­րագտնէին Ճէյ­միով։

Վա­հէ Պէր­պէ­րեան ո՛չ միայն Միացեալ Նա­հանգներ բնա­կող, այլ ընդհան­րա­պէս սփիւռքա­հայե­րը յու­զող, մտա­հոգող բազ­մա­թիւ հար­ցե­րու անդրա­դար­ձած է իր վէ­պին մէջ։ Առանց եր­բեք իյ­նա­լու հրա­պարա­կախօ­սու­թեան ուռկա­նին մէջ, կրցած է վեր հա­նել աշ­խարհի չորս կող­մը ցրուած մարդկա­յին տե­սակի մը հա­սարա­կաց կեան­քե­րը՝ ըլ­լան տա­րեց թէ կրտսեր, տղա­մարդ թէ կին։ Իր սա­հուն ու հա­ճելի լե­զուն, առօ­րեայ ըսե­լաձե­ւերէն չխրտչող, բայց միաժա­մանակ հա­յերէ­նի ար­տա­յայտչա­ձեւե­րու գե­ղեց­կութիւնն ալ ցու­ցադրող բնոյթ մը ու­նի, որ գիր­քը կը վե­րածէ հա­ճելի ու օգ­տա­կար ըն­թերցա­նու­թեան մը հա­մար ան­պայման յանձնա­րարե­լի հրա­տարա­կու­թեան մը։

Ող­ջունե­լի է նաեւ «Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը, որ սփիւռքա­հայ ժա­մանա­կակից հե­ղինա­կէ մը գե­ղարուես­տա­կան գիրք տպագ­րե­լով, յա­ւելեալ փաստ մը եւս կու տայ, թէ Պո­լիս ան­ջատ մաս­նիկ մը չէ սփիւռքի ընդհա­նու­րէն։

«Յանուն հօր եւ որդւոյ»,
Վահէ Պէրպէրեան
Պոլիս, յունուար 2017
«Արաս» հրատարակչութիւն
166 էջ