Մոռացուած մշակոյթի մը վերայայտնութիւնը

մուրատ ճանգարա 

«Կեսա­րիայէն դուրս ելած օրէն մին­չեւ այ­սօր ան­ցած դար­ձածնե­րը պատ­մել կ՚ուզեմ։ Գլխա­ցաւ չպատ­ճա­ռելու հա­մար աւե­լի ամ­փոփ կ՚եր­թամ։ Չեմ կրնար բա­­ցատ­­րել Իս­­թանպուլ հա­­սած օրո­­ւայ իմ զար­­մանքը։ Նրբու­­թեանը մա­­տաղ ըլ­­լամ երկրին։ Շուրջ բո­­լորը ծով, ինք արեւ արե­­գակի մէջ կը լո­­ղայ։ Նա­­ւամա­­տոյ­­ցի նա­­ւերուն թի­­ւը միայն Աս­­տո­­­ւած կրնայ ըսել։ Անոնց մէջ այնքան հսկա­­ներ կան որ, եր­­կուքը քով քո­­վի որ դնես Կե­­սարիոյ փակ շու­­կա­­­յին չափ տեղ կը գրա­­ւեն։ Ղա­­լաթիոյ մէջ ու­­թը-տա­­սը յար­­կա­­­նի քա­­րաշէն շէն­­քեր կայ։ Մեր Թա­­լասի Ամե­­րիկեան Քո­­լէժը ասոնց քով հաւ­­նոց կը կար­­ծես։ Քա­­ղաքի մէկ ծայ­­րէն մին­­չեւ միւս ծայ­­րը չորս օրէն հա­­զիւ կը հաս­­նիս։ Եթէ Կե­­սարիան շալ­­կէս հոս բե­­րես այս քա­­ղաքի եր­­կու թա­­ղամա­­սերու արան­­քը կը կոր­­սո­­­ւի։ Բազ­­մութիւ­­նը կը զար­­մացնէ մար­­դուս։ Բայց առեւ­­տուրի հա­­մար աս­­կէ աւե­­լի յար­­մար տեղ մը չի կրնար ըլ­­լալ։ Իսկ ժո­­ղովուրդը բա­­ւական տա­­րօրի­­նակ են։ Մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը հա­­րուստ չէ թե­­րեւս, բայց իրենց հա­­քուստ- կա­­պուստով հա­­րուստ կը ձե­­ւաց­­նեն»։

Եթէ կար­­ծէք որ այս տո­­ղերը փո­­խառ­­նո­­­ւած են Զէ­­քի Ալաս­­յա­­­յի դե­­րակա­­տարութեամբ նկա­­րուած «Գիւ­­ղէն Քա­­ղաք Իջած Եմ» ֆիլ­­մէն, չարա­­չար կը սխա­­լուիք։ Այս տո­­ղերը կը պատ­­կա­­­նին Մահ­­մուտ Եսա­­րիի «Իս­­տոս» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նէն լոյս տե­­սած «Պա­­տուոյ Խնդիր Մը» անուն պատ­­մո­­­ւած­­քին։ Այս պատ­­մո­­­ւած­­քը 1923-ին «Քե­­լեպեք» պար­­բե­­­րաթեր­­թին մէջ ամ­­բողջ եօթը շա­­բաթնր թեր­­թօ­­­նի ձե­­ւով հրա­­տարա­­կուած է։ Այ­­սօր առա­­ջին ան­­գամ լա­­տինա­­տառ այ­­բուբե­­նով կը ներ­­կա­­­յանայ ըն­­թերցո­­ղին։ Գիր­­քը ու­­նի եր­­կու նե­­րածա­­կան։ Առա­­ջինի մէջ բնա­­գիրը արա­­բական տա­­ռերէ լա­­տինա­­տարի փո­­խան­­ցած Նիւ­­քէթ Էրէն հա­­մառօտ կեր­­պով կը ծա­­նօթաց­­նէ Մահ­­մուտ Եսա­­րին եւ իր գոր­­ծը։ Հոգ­­ չէ թէ գիր­­քե­­­րը այ­­սօր կրկին չեն տպո­­ւիր, բայց Եսա­­րի ան­­ցեալի կա­­րեւոր եւ հան­­րա­­­ճանաչ գրող­­նե­­­րէն մէկն է։ Այս ծա­­նօթագ­­րութիւ­­նով կ՚իմա­­նանք, որ իր 1927-ին հրա­­տարա­­կած «Չուլլուք»ը թրքե­­րէն գրա­­կանու­­թեան մէջ առա­­ջին բա­­նուո­­րական օրի­­նակը կը հա­­մարո­­ւի։ Հե­­ղինա­­կը բա­­ցի վէ­­պերէ ու պատ­­մո­­­ւածքնե­­րէ խմբագ­­րած է նաեւ թատ­­րերգու­­թիւններ եւ հրա­­տարա­­կած է եր­­գի­­­ծական պար­­բե­­­րաթերթ մը։ Նաեւ հե­­ղինա­­կած է ծաղ­­րանկար­­ներ։

Իսկ Ստե­­ֆօ Պեն­­լի­­­սոյ վէ­­պի հե­­րոս­­նե­­­րը կը մեկ­­նա­­­բանէ այդ շրջա­­նի են­­թա­­­հողին վրայ։ Պեն­­լի­­­սոյի հա­­մաձայն ըն­­թերցո­­ղին յայտնո­­ւած այս պատ­­կե­­­րը բա­­ւական դժո­­ւար հասկնա­­լի է մե­­րօրեայ մարդկանց հա­­մար, որոնք հա­­մոզո­­ւած են որ եր­­կի­­­րի մը բնա­­կիչ­­նե­­­րը բնա­­կանա­­բար ազ­­գա­­­յին, կրօ­­նական եւ լե­­զուա­­կան միաս­­նութիւն մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն։

Ինչպէ՞ս չեմ ձայ­­նակցիր Պեն­­լի­­­սոյին, քա­­նի որ այս պատ­­մութեան հե­­րոս­­նե­­­րը հան­­դի­­­սացող Գա­­րաման­­ցի­­­ները թրքա­­խօս, ուղղա­­փառ­­ներ են։ Այստեղ թրքա­­խօս ըսե­­լով կ՚ու­­զեմ իս­­կոյն յի­­շեց­­նել այս յօ­­դուա­­ծի մուտքին տե­­ղադ­­րո­­­ւած մէջ­­բե­­­րու­­մը։ Այ­­սօ­­­րուայ ըն­­կա­­­լու­­մով անե­­րեւա­­կայե­­լի, ան­­հասկնա­­լի տա­­րօրի­­նակու­­թիւն մըն է թրքա­­խօս ուղղա­­փառ այս հա­­մայնքը։ 1923-ին, երբ Եսա­­րիի թեր­­թօննե­­րը սրճա­­րան­­նե­­­րուն մէջ բարձրա­­ձայն կ՚ըն­­թերցո­­ւէին եւ լսող­­ներ քրքջա­­լով կը ծի­­ծաղէին, իրենց երկրի յա­­րատե­­ւու­­թիւնը, բնակ­­չութիւ­­նը տե­­ղահա­­նելու մէջ գտնող­­նե­­­րը կը որո­­շէին այս ժո­­ղովուրդը ծո­­վի միւս ափի յու­­նա­­­խօս մահ­­մէ­­­տական­­նե­­­րու հետ փո­­խանա­­կելու մա­­սին։ Ու­­րեմն կը տես­­նանք որ թրքա­­խօսու­­թիւնը բա­­ւական չէ եղեր հայ­­րե­­­նակից կո­­չուե­­լու հա­­մար։ Իսկ ով­­քե՞ր կա­­յին, երբ այ­­սօ­­­րուայ կե­­սարիացի­­ները չկա­­յին։ Օրի­­նակի հա­­մար կե­­սարա­­ցի յոյն մտա­­ւորա­­կան Թէոտոր Քա­­սապի անու­­նը լսած ըլ­­լա­­­լու էք։ Օս­­մա­­­նեան եր­­գի­­­ծական մա­­մու­­լի ռահ­­վի­­­րանե­­րէն է ան։ Հրա­­տարա­­կած էր «Տի­­յոժէն» եւ «Հա­­յալ» անուն եր­­գի­­­ծական պար­­բե­­­րական­­նե­­­րը։ Սուլթան Հա­­միտի կող­­մէ բան­­տարկո­­ւած, բան­­տի մէջ գրա­­ճանաչ դար­­ձած, բան­­տէն ար­­ձա­­­կուե­­լէն ետք ալ նոյն Սուլթան Ապ­­տուլհա­­միտի կող­­մէ պա­­լատի մէջ պաշ­­տօն շնոր­­հո­­­ւած եւ իրեն հա­­մար լրտե­­սու­­թեան նիւ­­թե­­­րով վէ­­պեր թարգմա­­նած է։

Այս առ­­թիւ յի­­շենք թէ Գա­­րաման­­ցի­­­ներն ալ հե­­տեւե­­լով հա­­յերու զար­­գա­­­ցու­­ցած հա­­յատառ թրքե­­րէնի աւան­­դութեան ու­­նե­­­ցած են յու­­նա­­­տառ թրքե­­րէն գրա­­կանու­­թիւն մը։ Այս դրու­­թեամբ լոյս տե­­սած հսկայ մա­­տենագ­­րութեան մէջ կը հան­­դի­­­պինք, թէ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան օրի­­նակ­­նե­­­րուն եւ թէ ման­­կա­­­կան պար­­բե­­­րական­­նե­­­րու կամ եռա­­զահան­­նե­­­րու։ Նիւ­­թը Թուրքիոյ օրա­­կար­­գին առա­­ջին ան­­գամ մտաւ 1980-ական տա­­րեթի­­ւերուն Վի­­յենա ծնած թրքա­­գէտ Ռո­­պերթ Ան­­հե­­­կենի ջան­­քե­­­րով։ Բա­­րեբախ­­տա­­­բար այ­­սօր այ­­լեւս այս նիւ­­թի վե­­րաբե­­րեալ որոշ որո­­նումնե­­րու մէջ ենք։ Էվան­­կե­­­լիա Պալ­­թա ան­­ցեալին հրա­­տարա­­կեց այս նիւ­­թը քննար­­կող կարգ մը գոր­­ծեր։

Բա­­կագիծ մըն ալ կ՚ու­­զեմ բա­­նալ «Իս­­տոս» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նի հա­­մար։ Այս ըն­­կե­­­րու­­թիւնը իս­­կա­­­պէս ալ բա­­ւական ըն­­տիր գոր­­ծե­­­րով կու գայ հարստաց­­նել մեր ան­­տե­­սուած գրա­կանու­թեան ըն­տիր նմոյշնե­րը։ «Պա­տուոյ Խնդիր Մը»ի հրա­տարա­կու­թիւնը միայն նիւ­թին պատ­ճա­ռաւ կա­րեւոր չէ, այլ Թուրքիոյ մէջ գրականութեան որ եղանակներով զարգանալուն մասին ալ շատ կարեւոր վկայութիւն մը։        

«Պատուոյ Խնդիր Մը»
Մահմուտ Եսարի
«Իստոս» հրատարակչութիւն
Խմբագիր Նիւքեթ Էրեն
128 էջ