Վահան Տէրեան՝ նոր յայտնութիւններու լոյսի ներքոյ

սեւան տէյիրմենճեան

Կոտորածներու ու ջարդերու պատմու­թիւնը ան­խուսա­փելիօրէն ծնունդ տո­ւած է հայ որ­բե­րու, որոնք «ման­կութիւն չու­նե­ցող մար­դոց» սե­րունդներ կազ­մած են հե­տագայ տաս­նա­մեակ­նե­րուն՝ իրենց ոդի­սակա­նով կնքե­լով մա­նաւանդ Ի դա­րու հա­յոց պատ­մութեան մա­տեանին էջե­րը։ Վեր­ջին տա­րինե­րուն տար­բեր կրթանքնե­րէ բազ­մազգի մաս­նա­գէտ­ներ իրենց ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րուն թի­րախը դար­ձուցած են հայ որ­բե­րուն ճա­կատա­գիրը, անոնց ան­ցած ու­ղին՝ փոր­ձե­լով լու­սա­բանել յատ­կա­պէս Ատա­նայի կո­տորա­ծի, ապա եւ Մեծ Եղեռ­նի ծա­ծուկ մնա­ցած ծալ­քե­րը։

Ցարդ հրա­տարա­կուած մե­նագ­րութիւններն ու այլ բնոյ­թով աշ­խա­տու­թիւններ կը խօ­սէին որ­բե­րու մա­սին. սա­կայն գիր­քը, զոր ու­նիմ այժմ գրա­սեղա­նիս վրայ, ի՛նքն է որ կը խօ­սեց­նէ հայ որ­բե­րը՝ բա­նաս­տեղծ Վա­հան Տէ­րեանի ան­յայտ նա­խաձեռ­նութեան պատ­մութեան ընդմէ­ջէն։ Երի­տասարդ տէ­րեանա­գէտ Գէորգ Էմին-Տէ­րեան, որ աս­կէ կարճ ժա­մանակ մը առաջ Վա­հան Տէ­րեանի ան­տիպ ու ան­յայտ էջե­րը հրա­տարա­կած էր, հի­մա ալ մեր սե­ղանին կը դնէ յոյժ կա­րեւոր մե­նագ­րութիւն մը՝ «Վա­հան Տէ­րեանի ան­յայտ նա­խաձեռ­նութիւ­նը - Հայ Որ­բե­րի Յու­շե­րը» խո­րագ­րով։

Նախ քա­նի մը տող Վա­հան Տէ­րեանի մա­սին։ Ծնած է 1885-ին, Ախալ­քա­լաքի Գան­ձայ գիւ­ղը, որ­պէս զա­ւակը Սու­քիաս քհնյ. Տէր-Գրի­գորեանի։ 1899-ին կ՚ըն­դունուի Մոս­կո­ւայի Լա­զարեան ճե­մարա­նը, զոր կ՚աւար­տէ 1906-ին եւ իր ու­սումը կը շա­րու­նա­կէ Մոս­կո­ւայի պե­տական հա­մալ­սա­րանէն ներս։ Այդ շրջա­նին կը ձեր­բա­կալո­ւի յե­ղափո­խական գոր­ծունէու­թեան պատ­ճա­ռով ու մի­ջոց մը կը մնայ Մոս­կո­ւայի Պու­տիրքա բան­տը։ 1912-ին կը հիմ­նէ «Պան­թէոն» հրա­տարակ­չա­տու­նը եւ կը ծա­ւալէ հրա­տարակ­չա­կան, թարգմա­նական գոր­ծունէու­թիւն։ 1915-1916 թո­ւական­նե­րուն կը մաս­նակցի Վա­լերի Պրիւ­սո­վի ու Մաք­սիմ Կոր­քիի կազ­մած ու խմբագ­րած «Հա­յաս­տա­նի Քեր­թո­ղու­թիւնը» եւ «Հայ Գրա­կանու­թեան Ժո­ղովա­ծոյ» հա­տոր­նե­րու ստեղծման աշ­խա­տանքնե­րուն։ Հա­յերէ­նէ ռու­սե­րէնի կը թարգմա­նէ Գաբ­րիէլ Սունդու­կեանի «Պե­պօ»ն, Րաֆ­ֆիի «Կայ­ծեր»ի առա­ջին հա­տորը, Շիր­վանզա­դէի «Չար Ոգի»ն։ 1916-ին կը յայտնո­ւին թո­քախ­տի առա­ջին նշան­նե­րը։ Փո­խանակ բու­ժո­ւելու՝ աշ­խոյժ մաս­նակցու­թիւն կ՚ու­նե­նայ նախ փետ­րո­ւարեան ու ապա պոլ­շե­ւիքեան յե­ղափո­խու­թեան, կը դառ­նայ Սթա­լինի գոր­ծա­կիցը։ Կը վախ­ճա­նի 1920-ին, Օրեն­պուրկի մէջ։ Վա­հան Տէ­րեան արե­ւելա­հայ քեր­թո­ղութեան գա­գաթ­նե­րէն մէկն է։ Բա­նաս­տեղծա­կան իր շար­քե­րը՝ «Մթնշա­ղի Անուրջներ», «Գի­շեր եւ Յու­շեր», «Ոս­կի Հե­քիաթ», «Եր­կիր Նա­յիրի», «Կա­տուի Դրախտ» եւլն ան­կասկած նոր շունչ մը կը հա­ղոր­դէր հայ քնա­րեր­գութեան՝ ակնյայտնի ազ­դե­ցու­թիւն մը թող­լով նաեւ հե­տագայ բա­նաս­տեղծնե­րու գոր­ծե­րուն վրայ։

Վա­հան Տէ­րեանի կեն­սագրու­թեան ան­յայտ էջե­րէն մէկն է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տեւան­քով որ­բա­ցած մա­նուկնե­րուն հետ աշ­խա­տելու նա­խաձեռ­նութիւ­նը եւ անոնց տո­ւած յանձնա­րարա­կանը։ Դեկ­տեմբեր 1915-ին Վա­հան Տէ­րեան կու գայ Երե­ւան՝ նպա­տակ ու­նե­նալով կա­տարել մինչ այդ չկա­տարո­ւածը. վե­րապ­րած որ­բե­րուն յանձնա­րարել թուղթին յանձնել աղէ­տին վե­րաբե­րող իրենց յի­շողու­թիւննե­րը։ Տէ­րեանի Երե­ւան այ­ցե­լու­թեան մա­սին եղած հա­տու­կենտ վկա­յու­թիւններն ու յու­շագրա­կան ակ­նարկներ հիմք ստեղ­ծած են Գէորգ Էմին-Տէ­րեանին հա­մար, որ­պէսզի ան յան­գի այն եզ­րա­կացու­թեան, թէ Տէ­րեան թէեւ Վա­նի ինքնա­պաշտպա­նու­թեան մա­սին բա­նաս­տեղծու­թիւն մը գրա­ռելու նպա­տակով նման յանձնա­րարու­թիւն մը ըրած է որ­բե­րուն, սա­կայն բուն ձե­ռագիր­նե­րուն ու­սումնա­սիրու­թիւնն ալ ցոյց կու տայ, թէ բա­նաս­տեղծը զա­նոնք կա­րեւո­րած է ինքնին։ Քա­նի որ Տէ­րեան խմբագ­րած է զա­նոնք, փոր­ձած է աւե­լի պարզ ու յստակ դարձնել ար­տա­յայ­տո­ւած միտ­քե­րը, պահ­պա­նելով նաեւ բար­բառն ու ոճը։

Վա­նեցի որ­բե­րուն յու­շագրա­կան թո­թովանքնե­րը, որոնք տե­ղադ­րո­ւած են գիր­քի առա­ջին հա­տուա­ծը կազ­մող 75 էջե­րուն վրայ, յայտնու­թիւն մը կա­րելի է նկա­տել ան­կասկած։ 1916-ին ուղղա­կի դե­ռատի վե­րապ­րածնե­րու գրչով թուղթին յանձնո­ւած վկա­յու­թիւննե­րու պա­տառիկ­նե­րը կը կան­խեն Զա­պէլ Եսա­յեանի 1917-ին Պա­քուի «Գործ» հան­դէ­սին մէջ տպագ­րած «Ժո­ղովուրդի Մը Հո­գեվար­քը»ն՝ գրա­ռուած Հայկ Թո­րոյեանի պատ­մածնե­րուն հի­ման վրայ։ Եւ անոնք ու­նին այդ նոյն ան­կեղծ շեշ­տը, զոր որե­ւէ ըն­թերցող կը զգայ Պետ­րոս Տօ­նապե­տեանի 1922-ին Փա­րիզ հրա­տարա­կած «Գիրք Տա­ռապե­լոց» ստո­ւարա­ծաւալ հա­տորը կար­դա­լու ժա­մանակ։ «Հայ երե­խանե­րի այս յի­շողու­թիւննե­րը, հա­շուի առ­նե­լով նրանց եզա­կի բնոյ­թը, այ­սինքն՝ այն, որ գրո­ւել են հէնց պատ­մող հե­ղինակ­նե­րի կող­մից՝ առանց որե­ւէ մի­ջամ­տութեան, տա­րաբ­նոյթ ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րի նիւթ կա­րող են դառ­նալ՝ պատ­մա­բանի, ցե­ղաս­պա­նագէ­տի, հո­գեբա­նի, լե­զուա­բանի եւ այ­լոց հա­մար», ինչպէս կը գրէ հե­ղինա­կը՝ Էմին-Տէ­րեան։

Տէ­րեանա­գէտը չէ բա­ւակա­նացած միայն ներ­կա­յաց­նե­լով այս վկա­յագ­րութիւննե­րը, այլ նաեւ հա­տորին «Մե­նագ­րութիւն» կո­չուած ծա­ւալուն երկրորդ բաժ­նին մէջ քննած է Վա­հան Տէ­րեանի հա­սարա­կական ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեն­սագրու­թեան վրայ այս աշ­խա­տան­քին կա­տարած հսկայ տե­ղաշարժնե­րը՝ կա­տարե­լով նոր բա­ցայայ­տումներ, ինչպէս Տէ­րեանի «քա­ղաքա­կանա­ցում»ը, հե­ղինա­կի լե­զուի փո­փոխու­թեան հար­ցը եւլն.։ Երկրորդ բա­ժինը հայ որ­բե­րու յի­շողու­թիւննե­րու հի­ման վրայ կը քննէ հե­րոսա­կան ու ող­բերգա­կան իրա­դար­ձութիւննե­րը, ինչպէս՝ Վա­նի ինքնա­պաշտպա­նու­թիւնը, Վաս­պուրա­կանի գաղ­թը, Ար­ճէ­շի, Շա­տախի ու Ալաշ­կերտի դէպ­քե­րը, ինչպէս նաեւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան՝ Վա­հան Տէ­րեանի քեր­թո­ղու­թեան վրայ ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թիւնը։

Որ­պէս յա­ւելո­ւած տե­ղադ­րո­ւած են Կա­րէն Մի­քայէ­լեանի, Ծե­րուն Թոր­գո­մեանի, Գիւտ վրդ Տէր-Ղա­զարեանի (Pessimist) ու Յով­սէփ Թա­դէոսեանի յու­շագրա­կան յօ­դուած­նե­րը, որոնք նոր­յա­ւելեալ ծալ­քեր կը բա­ցայայ­տեն Վա­հան Տէ­րեանի քա­ղաքա­կան ու հա­սարա­կական գոր­ծունէու­թեան մա­սին։

Հա­րուստ նիւ­թի մշա­կումն ու ներ­կա­յացու­մը վստա­հաբար առա­ջին քայլ մըն է տես­նե­լու ուղղա­կի հայ որ­բե­րու ձե­ռամբ ար­ձա­նագ­րո­ւած վկա­յագ­րութիւններն ու բա­նաւոր պատ­մութիւ­նը, բա­ցայայ­տե­լու ո՛չ միայն Վա­հան Տէ­րեանի կեն­սագրու­թեան նո­ւազ յայտնի մէկ ան­կիւնը, այ­լեւ տես­նե­լու, վեր­լուծե­լու արե­ւելա­հայ մտա­ւորա­կանու­թեան Մեծ Եղեռ­նի նկատ­մամբ ու­նե­ցած մօ­տեցու­մը, զայն ըն­կա­լելու կեր­պը։ Այս իմաս­տով տա­ղան­դա­ւոր տէ­րեանա­գէտ Գէորգ Էմին-Տէ­րեան կա­րեւոր աշ­խա­տու­թիւն մը մէջ­տեղ բե­րած է՝ ճամ­բայ հար­թե­լով այլ ու­սումնա­սիրող­նե­րու առ­ջեւ։

«Վահան Տէրեանի անյայտ նախաձեռնութիւնը - Հայ Որբերի Յուշերը»
Գէորգ Էմին-Տէրեան
Երեւան, 2016
«Անտարես» հրատարակչատուն
373 էջ