Հոգեւոր երաժշտութիւնը զարթօնքի շրջանին

բագրատ էսդուգեան

Հայ երաժշտութեան անցեալին մասին բոլոր բանալիները թաքնուած են հոգեւոր երաժշտութեան հսկայ ամբառին մէջ։ Ինչպէս որ լեզուի, հայերէն խօսակցական լեզուի առմատները պիտի գտնենք գրաբառի տողերուն մէջ, նոյնպէս հայ երաժշտութեան հնագոյն մեղեդիները պիտի յայտնաբերէնք շարականներու ընթմէջէն։ 

Արդարեւ հայ ժողովրդական երգերու մեծագոյն հաւագարարը՝ Կոմիտաս Վարդապետ իր ուսումնասիրութիւնները կը կեդրոնացնէր հոգեւոր երաժշտութեան վրայ։ Կը փորձեր վերընդեռնել խազագրութիւնը։ Կ՛աշխատէր պատարագամատոյցը օտար տարրերու ազդեցութենէն զերծ պահելու։ Կը ցքտէր ամէնահարազատը յայտնաբերել։ 

Երաժշտագէտ Արամ Քեդովբեան «Ձայն Յանապատիէ անուն ուսումնասիրութիւնով մեզ կը տանի ԺԹ դարու այն հատուածը ուր հայ հոգեւոր երաժշտութեան նուիրուած աշխատանքները բաւական կարեւոր ուշադրութեան կ՛արժանանային։ Այս համայնապատկերին մէջ գիրքը բնականաբար կը կրէ նաեւ «Եկեղեցական երաժշտութեան բարեկարգումը ԺԹ դարու վերջերունէ ենթախորագիրը։

Քերովբեան իր պատումը կը հիւսէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1873-ին Ազգային ժողովի Ուսումնական խորհուրդի կազմած երաժշտական յանձնախումբի աշխատութիւններուն շուրջ։ Կազմուած յանձնախումբի նպատակն է քննել շարականները եւ պատրաստել շարակնոցի տիպ-օրինակը։ Սակայն աշխատանքի երկրորդ տարուայ սկիզբներուն յայտնի կը դառնայ թէ Էջմիածնի մէջ Գէորգ Դ կաթողիկոս եւս ձեռնարկած է եկեղեցական երգերու ձայնագրութեան եւ հրատարակութեան գործին։ 

Սոյն տարեթիւը կը յուշէ նաեւ հայոց մտային, մշակութային եւ գրական զարթօնքի շրջանը։ Զարթօնքի շրջանը գրականութեան եւ մշակութային գետնի վրայ նոյն ժամանակին, նման ակնկալիքներով գործող երկու մայրաքաղաք ունեցաւ՝ Պոլիսն ու Թիֆլիսը։ Իսկ հոգեւոր մշակոյթի զարթօնքին համար Թիֆլիսին տեղ կը յայտնուէր Վաղարշապատը, Էջմիածնայ վանքի պատմական պարիսպներուն ներքոյ։ Հարկ է նշել այս երկու բեւերներու կողքին, հայրենի երկրէն բաւական հեռու գտնուելով հանդերց երոտանին լրացնող երրորդ կեդրոնը՝ Աուրբ Ղազարայ վանքը ի Վենետիկ։ «Կայսրութեան մայրաքաղաքը բնականաբար գլխաւոր եւ առաջին վայրն է՝ ուր կը դրսեւորուին մշակութային եւ քաղաքական շարժումները եւ մուտք կը գործեն նորութիւնները, եւրոպական գիտութիւնն ու բարքերը։ Զարմանալի չէ հետեւաբար այս մարզին մէջ ալ Մխիթարեաններուն եւ իրենց շրջանակին ներկայութիւնը...ե։ 

«Ձայն Յանապատիէ հիմք ունենալով Երաժշտական Յանձնախումբի ատենագրութիւնները, դէմքերու տողանցք մըն է նաեւ։ Սկսելով յանձնախումբի նախագահ Եղիա Տնտեսեանէ, ընթերցողը կը ծանօթանայ տուեալ ժամանակի բազմաթիւ երեւելիներու կեանքին ու գործին։ Այդ շարքէն կը հանդիպինք Պապա Համբարձում Լիմոնճեանին, որ ծանօթ է իբրեւ հայ արդի ձայնագրութեան հեղինակ։ Թէեւ այս մասին Քերովբեան վերապահութիւն ունի ու կը գրէ հետեւեալ տողերը։ «հայկական արդի ձայնագրութեան գիւտին պատմութիւնը, յայտնաբերուած եւ հրատարակուած ըլլալով հանդերձ, տակաւին կը մնայ առասպելական պատումներու շարքին։ Տասնեակ տարիներէ ի վեէ կը պատմուի, թէ հայկական արդի ձայնագրութիւնը կազմած է Պապա Համբարձում Լիմոնճեան՝ առանձին։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ ասոր վրայ կ՛աւելնայ երկրորդ առասպել մը, որ է այս գիւտին Սէլիմ Գ. Սուլթանի հրամանով կատարուած ըլլալը։ Հայկական առասպելը մասամբ ճիշդ է միայն եւ վիճելի, իսկ թրքականը՝ բոլորովին սխալ։ Պապա Համբարձում Լիմոնճեանէ, Անտոն Ամիրա Տիւզեանէ, Յակոբ Չէլէպի Տիւզեանէ եւ Հ. Մինաս Բժշկեանէ կազմուած չորս հոգինոց խմբակ մը կատարած է այս գործը։ Իսկ Սէլիմ Գ. 1807-ին գահընկեց եղած էր արդէն եւ յաջորդ տարին ալ սպաննուածե...։  

Հատորի «Փոխան Վերջաբանիէ գլխուն մէջ հեղինակը հարցականի տակ կը դնէ բազմադարեան աւանդութեան մը մէջ ձեւաւորուած երաժշտութիւնը ուռանալու միտումը։ «Յանձնաժողովի տարիներէն վերջ, վէճերուն մէջ հետզհետէ աւելի տեղ կէ ւրաւէ «նախնիներուե, Սահակի, Մեսրոպի եւ այլոց յօրինած «եբուն , «նախնականե, «մաքուր եղանակները վերագտնելու մարմաջը, որ կը վերածուի սկզբունքի, եւ վերջապէս՝ այդ օրերու եղանակները դատելու չափանիշի։ Որպէս թէ շոշափելի տուեալ մ՛ըլլար ձեռքի տակ։ Ո՞ր մէկը հարազատ է, ո՞րը աղաւաղուած։ Որո՞նք են չափանիշերը։ Ո՞ւր կը սկսի աղաւաղումը, ի՞նչպէս կը սահմանուի ան։ Առարկայութենէ եւ պատմական հիմքերէ զուրկ չափանիշերն ալ այդ տարիներու քաղաքական եւ մտաւորական հոսանքներուն մաս կը կազմեն, քանի որ այլեւս նոր սահմանում մը պիտի տրուի «ազգային երաժշտութեանե, եւ այդ՝ արեւմտեան չափանիշերով։ Ազգայինի սահմանումով ալ պիտի սահմանուին նաեւ հարազատութեան չափանիշերըե։

Սոյն ուսումնասիրութիւնը նախ խիստ կարեւոր աղբիւր մըն է հայ հոգեւոր երաժշտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցողներուն համար։ Եւ սակայն նոյնքան ուշադրութեան արժանի է բոլոր անոնց համար, որոնք պիտի ուզեն պատկերացում մը ունենալ ԺԹ դարու վերջերուն Պոլսոյ եկեղեցական կեանքի մասին։ Հայ դպրութեան աւանդութիւնը ոչ միայն ատենագրութիւններով այլ վաւերագրական իմաստ ներկայացնող լուսանկարներով եւս կը ճոխացնեն այս կարեւոր հատորը։ 

Մեր սիրելի բարեկամը նշանակալից ներդրում մը բերաւ հոգեւոր երաժշտութեան աշխարհին, որուն համար ջերմօրէն կը շնորհաւօրէնք զինք ու իրեն աջակցողները։ 

այ երաժշտութեան անցեալին մասին բոլոր բանալիները թաքնուած են հոգեւոր երաժշտութեան հսկայ ամբառին մէջ։ Ինչպէս որ լեզուի, հայերէն խօսակցական լեզուի առմատները պիտի գտնենք գրաբառի տողերուն մէջ, նոյնպէս հայ երաժշտութեան հնագոյն մեղեդիները պիտի յայտնաբերէնք շարականներու ընթմէջէն։ 

Ձայն ՅանապատիԱրամ Քերովբեան
Ակն Ընկերակցութիւն,
Փարիզ 2017
288 էջ