Բարի գալուստ նոր բանաստեղծութիւն

բագրատ էսդուգեան

այե-րէնի, յատ-կա-պէս ալ արեւմտա-հայե-րէնի նա-հան-ջը կը զգանք նախ ականջնե-րով։ Մեր այդ զգա-յարա-նը հետզհե-տէ աւե-լի քիչ կը լսէ «մայ-րա-կան հեշտ բար-բա-ռը» եւ անոր «քաղցրահնչիւն բա-ռեր»ը։ Երբ փո-ղոցը յան-կարծ ծնո-ղի մը իր երա-խայի հետ հա-յերէն զրոյ-ցը լսենք, անի-մաստ ու-րա-խու-թիւն մը կ՚ապ-րինք։ Տա-րօրի-նակ ժպիտ մը կը յայտնո-ւի մեր դէմ-քին վրայ։ Կար-ճա-տեւ ու-րա-խու-թիւն մըն է այդ, որ կը սմքի փոր-ձա-ռու-թեամբ կու-տա-կուած յո-ռետես հաս-տա-տումնե-րու պատ-ճա-ռաւ։ Ծնող-քը՝ որ այդքան քնքուշ շեշ-տադրու-թեամբ հա-յերէն կը խօ-սի իր զաւ-կին հետ, ար-դեօք նոյն լե-զուով կը շփո-ւի՞ ամուսնոյն հետ ալ։ Կամ մա-նու-կը՝ որ կը ձայ-նակցի իր ծնող-քին հա-յերէն բա-ռերուն, նոյ-նը ընել պի-տի շա-րու-նա-կէ՞ ման-կա-պար-տէզ սկսե-լէ ետք ալ։ 

Եթէ ականջնե-րը չեն լսեր հա-յերէ-նի հնչիւննե-րը, աչ-քերն ալ չեն տես-ներ մես-րո-պեան եր-կա-թագիր տա-րերը մեր։ Որ-քան որ քիչ կը լսենք հա-յերէ-նը փո-ղոց-նե-րու մէջ, նոյնքան հա-զուա-դէպ կը հան-դի-պինք հա-յերէն լե-զուով գրո-ւած գիր-քե-րու կամ պար-բե-րական-նե-րու։ Եթէ խօ-սողը նո-ւազած է, բնա-կանա-բար ըն-թերցո-ղը կրկնա-կիօրէն նո-ւազած։ Եթէ կը խօ-սինք գրա-կանու-թեան մա-սին, պար-տինք նշել որ հա-յերէն ար-տա-յայ-տո-ւելու հա-մար պէտք ու-նինք հա-յերէն մտա-ծու-մի։ Միտ-քերն են, խոր-հուրդներն են որ հա-յերէ-նով պի-տի գի-տակ-ցինք կամ պի-տի զգանք ու ապա թուղթին յանձնենք։ Ու-րեմն ինչպէս որ փո-ղոցի վրայ ծնո-ղի մը իր զաւ-կին հետ հա-յերէն խօ-սիլը լսե-լով ան-բա-ցատ-րե-լի ու-րա-խու-թեան մը կը մատ-նո-ւինք նման ու-րա-խու-թեան մատ-նո-ւեցանք տես-նե-լով նո-րատիպ բա-նաս-տեղծու-թեան գիր-քը՝ «Եր-թաս Բա-րով»։ Գրա-կան մեծ աւանդ ու-նե-ցող Պոլ-սոյ մէջ այս փոք-րիկ հա-տորը կար-ծես ինքնին ապա-ցոյց մը պի-տի դառ-նար մեր կեն-դա-նու-թեան հա-մար։ «Հոս ենք, կանք, կը գո-յատե-ւենք, միտ-քեր ու-նինք եւ այդ միտ-քե-րը ար-տա-յայ-տե-լու կա-րողու-թիւն» կ՚ըսէ այդ հա-մեստ հա-տորը։ Բա-նաս-տեղծու-թիւննե-րու այս հա-ւաքա-ծոյի հե-ղինա-կը վաս-տա-կաւոր ու-սուցչու-հի մըն է՝ Լեռ-նա Գա-րագիւ-թիւք, որ մեր դպրոց-նե-րէ ներս տա-րած եր-կա-րամեայ ծա-ռայու-թիւննե-րու վրայ կու գայ կ՚աւելցնէ նոր ար-ժէք մը եւս։

«Եր-թաս Բա-րով»ը տպագ-րո-ւած առա-ջին գործն է «Հա-յերէն Մա-տենա-շար» անուն հա-մացան-ցա-յին պլո-կին։ Այս կայ-քէ-ջին վրայ տե-ղադ-րո-ւած են գրա-կան-գե-ղարո-ւես-տա-կան բո-վան-դա-կու-թիւն ու-նե-ցող բազ-մաբնոյթ գոր-ծեր։ «Եր-կու խօսք» խո-րագ-րին ներ-քեւ պլո-կի հա-մար կը կար-դանք հե-տեւեալ բա-ցատ-րութիւ-նը. «Եր-կու գլխա-ւոր յատ-կա-նիշ ու-նի կայ-քէ-ջը. Ա. Բա-ցի բար-բա-ռի եւ ան-տիպ վա-ւերա-թուղթե-րու են-թա-բաժին-նե-րէն, որոնք մա-սամբ նաեւ արե-ւելա-հայե-րէն են, միւս բո-լորը արեւմտա-հայե-րէնով գրո-ւած են։ Բ. Բա-ցի եր-գի-ծան-կա-րի, միտք եւ խօս-քի, մա-տենա-գիտու-թեան եւ (մա-սամբ՝) գե-ղարո-ւես-տի են-թա-բաժին-նե-րէն, որոնք մէջ-բե-րում ու ար-տատպում են, միւս բո-լորը առա-ջին ան-գամ ըլ-լա-լով կը հրա-պարա-կուին կայ-քէ-ջին վրայ»։

Եթէ լոկ գիր-քը տես-նե-լով մեր մէջ ծա-գեցաւ «Հոս ենք, կանք, կը գո-յատե-ւենք, միտ-քեր ու-նինք եւ այդ միտ-քե-րը ար-տա-յայ-տե-լու կա-րողու-թիւն» խոր-հուրդնե-րը, «Հա-յերէն Մա-տենա-շար» կայ-քէ-ջը եւս ինքնին խրա-խու-սիչ ազ-դակ է այս բո-լորը հաս-տա-տելու հա-մար։ Կրկին դի-մենք հրա-տարա-կիչ մար-մի-նի ստո-րագ-րութեամբ լոյս տե-սած «Եր-կու խօսք» խո-րագ-րեալ հա-տուա-ծին եւ հե-ղինա-կը ծա-նօթաց-նենք այս փո-խառու-թիւնով։

«Լեռ-նա Գա-րագիւ-թիւք մեր առա-ջին եւ եռան-դուն աշ-խա-տակից-նե-րէն է։ Անոր բա-նաս-տեղծու-թիւննե-րը կը բա-նան աշ-խարհ մը, որ ան-մի-ջական ու հա-ղոր-դա-կան է. նե-րանձնա-կան ու ըն-կե-րային հար-ցե-րու կ՚անդրա-դառ-նայ։ Մարդկա-յին, հայ-կա-կան ու իս-թանպու-լա-հայ-կա-կան նիւ-թեր կ՚ար-ծարծէ։ Իրա-կան ու փո-խաբե-րական պատ-կերնե-րով կը խօ-սի. Տան ու փո-ղոցին մէջ պա-հեր կը նկա-րագ-րէ։ Մարդ, բոյս, անա-սուն եւ առար-կայ իրենց մաս-նա-ւոր ու ճա-կատագ-րա-կան երես-նե-րով իր ու-շադրու-թիւնը կը գրա-ւեն։ Ան-կեալ մար-դեր, քան-դո-ւած փո-ղոց-ներ, լքո-ւած բնա-կարան-ներ, ան-պէս իրեն մաս կը կազ-մեն իր բա-ցած աշ-խարհին, մտեր-միկ զրոյց կը բա-նայ ըն-թերցո-ղին հետ՝ իրա-կանի ու կեղ-ծի, խա-ղի ու ցա-ւի, հասկնա-լիի ու ան-հասկնա-լիի, կաշ-կանդու-մի ու ազա-տու-թեան, վազ-քի ու դա-դարի, ծնունդի ու բա-ցակա-յու-մի, գա-լուստի ու մեկ-նումի եւ այլ նիւ-թե-րու մա-սին։

Այստեղ լոյս տե-սած բո-լոր քեր-թո-ւած-նե-րը հրա-պարա-կուած են հա-յերէն պլօ-կին վրայ, 18 Ապ-րիլ 2016- 25 Մարտ 2017 թո-ւական-նե-րուն։

Լեռ-նա-յին՝ բա-րի երթ ու բո-լորիս՝ բա-րի ըն-թերցում»։

Պոլ-սա-հայ բազ-մա-թիւ ըն-տա-նիք-նե-րու այս քա-ղաքին մէջ առա-ջին ապաս-տա-նը եղած են գաղ-թա-կայա-րան-նե-րը։ Շա-տերու պատ-մութիւ-նը կը սկսի ճիշդ ալ այդ կա-յարան-նե-րէն։ Լեռ-նա Գա-րագիւ-թիւք դէ-պի ան-ցեալ ուղղո-ւած ակ-նարկով մը կը դի-տէ անոնք այ-սօ-րուայ Պոլ-սոյ մէջ։ Ահա իր գոր-ծե-րէն եր-կու նմոյշներ, նախ առա-ջինը՝

Իս-թանպու-լի Լուռ Կա-յարան-նե-րը

Իմ ապ-րած քա-ղաքիս մէջ՝

Իս-թանպուլ,

կա-յարան-ներ կա-յին,

ճամ-բորդնե-րու ապաս-տա-նարան։

Կա-յարան-նե-րուն մէջ՝ սի-րելի-ներ

իրա-րու ձեռք շար-ժող

եւ իրա-րու ետե-ւէն ար-ցունք հո-սեց-նող։

Իմ ապ-րած քա-ղաքս

կա-յարան-ներ կա-յին.

Իս-թանպուլ։

Ցուրտին, բու-քին՝ ձիւ-նով պա-տուած։

Հոն կը հաս-նէին շո-գեկառ-քեր,

մար-դիկ կը հաս-նէին իրենց բոյ-նը։

Հի-մա քա-ղաքին ճիշդ կեդ-րո-նը

ան-ձայն լաց մը կայ,

ան-շուք կա-յարան-նե-րու։

Անոնք հի-մա

ու-րո-ւական են մէ-կական,

քա-ղաքին մէջ-տե-ղը, լքո-ւած։

Ոչ մէ-կը ճամ-բայ կ՚ել-լէ,

ոչ ալ ճամ-բորդ մը կ՚ապաս-տա-նի հոն։

Կա-յարան-նե-րը խարխլած եւ առան-ձին

դա-տապար-տո-ւեցան մո-ռացու-թեան։

Քա-ղաքին կեդ-րո-նը

Իս-թանպուլ

պատ-մութիւն մը ու-նի

մո-ռացո-ւած, լուռ կա-յարան-նե-րու։

Իսկ երկրորդ օրի-նակը կը պատ-շա-ճի այս օրե-րու տրա-մադ-րութեան, երբ քա-ղաքի զա-նազան ծո-վափ-նեայ հա-տուած-նե-րը կը ներ-կուէին մա-տաղ-ցու ոչ-խարնե-րու արիւ-նով։ Փառք տանք որ երկրի մէջ արիւն հե-ղելու այդ ան-յագ ցան-կութիւ-նը սահ-մա-նուի մա-տաղի արիւ-նով։

Ոչ-խա-րի Միս

Ոչ-խարնե-րը քա-ղաք բե-րին

ու փա-կեցին ար-գե-լանո-ցին մէջ։

Հոտ մը, հոտ մը

քա-ղաքին մէջ

գար-շե-լի։

Ըսին՝ «Տօ-նէ,

հարսնիք կայ»։

Ու-տենք-ու-տենք ու խմենք։

Մինչդեռ բա-ցուէին դռնե-րը

եւ ոչ-խարնե-րը ազատ մնա-յին

նախ-կին օրե-րուն նման.

նո-րէն կը զո-ւար-ճա-նային մար-դիկ։

Ցնծա-լու հա-մար ոչ-խարնե-րու պէտք չու-նինք։

Ի վեր-ջոյ մոր-թե-ցին,

«Մի-սը հա-մով է», ըսին,

արիւն հո-սեցաւ փո-ղոց-նե-րուն մէջ։

Ան-դի-մադ-րե-լի երե-ւոյթ,

թէեւ մոր-թո-ւող կար,

սա-կայն լա-ցող չկար։

Խօսք մը կայ.

մար-դը՝ ոչ-խա-րի նման…

սա-կայն մար-դուն մի-սը չ՚ու-տուիր։ 

«Երթաս Բարով»Լեռնա Գարագիւթիւք 
«Հայերէն Մատենաշար»
Իսթանպուլ / 2017
126 էջ