սեւան տէյիրմենճեան
Նպատակս գրախօսական մը գրել պիտի չըլլայ։ Գոնէ այս գիրքի պարագային, որ հրատարակութենէն անմիջապէս յետոյ ինծի նուիրեց աշակերտուհիներէս մէկը։ Կ՚ըսեմ անմիջապէս ետքը, սակայն արդէն երրորդ հրատարակութիւնն էր որ լոյս տեսած էր (հրապարակի վրայ է տասներորդը)։
Եթէ գրականութիւնը ձեզի համար ո՛չ թէ ժամանցի պարզ միջոց մը, այլ աշխատանքի ասպարէզ մըն է նաեւ, շատ ժամանակ չէք ունենար կողմնակի ընթերցումներու համար. շատ անգամ կը հետեւիք որոշ ընթերցականոնի մը, զոր չէք ուզեր խանգարել անակնկալ գիրքերով։ Սելահատտին Տեմիրթաշի «Սեհեր»ը, զոր նուիրած էր աշակերտուհի մը, ընկալեալ ընթերցականոն մը տակնուվրայ ընելու աստիճան գայթակղեցուցիչ էր առաջին իսկ պահէն սկսեալ, երբ յայտնուեցաւ պայուսակիս մէջ։ Ո՛չ կրնայի գրասեղանիս վրայ դնել, ո՛չ ալ սնարիս քով կանգնած սեղանիկին. կը պահէի պայուսակիս մէջ՝ սպասելով զայն հանրաշարժին մէջ կարդալու յարմարագոյն պահուն, կամ սրճարանի մը մէջ, սուրճի ընկերակցութեամբ վայելելու վայրկեանին։ Հանրային վայրի մը մէջ ցուցադրելու փորձութեան դիմադրելը գրեթէ անկարելի էր, երբ կողքին վրայ տպագրուած էր Սելահատտին Տեմիրթաշի անունը։
Զինքը չեմ ընկալեր միայն որպէս կուսակցութեան մը առաջնորդը, այլապէս ինչպէ՞ս մեկնել հետզհետէ գորշացող մեր ներկային բանտի խաւար մէկ խուցէն նետուած լոյսի այս խուրձը։ Մեզ խեղդող առօրեան, հանապազօրեայ ձերբակալութիւններուն առթած ներքին տագնապը, ներհամայնքային անլուծելի թուացող խնդիրները, հեղինակութիւն բանեցնելու, սա կամ նա անձի ինքզինք պարտադրելու ջանքերը՝ ի գին հանրային կեանքի խաղաղութեան, խօսքի ազատութեան սահմանափակումները կարծես երկաթեայ մէկական ձող եղած մեզ կ՚օղակեն, կը բանտարկեն պատեաններուն մէջ մեր առօրեայ հանգստաւէտութեան։ Մեր սենեակներուն մէջ, մեր ներկային մէջ, մեր թուացեալ ազատութեան մէջ… Մինչդեռ ան, որ ներսն է, իր «Սեհեր»ով եւ այլ հրատարակութիւններով ցոյց կու տայ մեզի, թէ մաքառումը, դիմադրութիւնը կարելի չէ բանտարկել պատերու կամ երկաթեայ ճաղերու ետին։
«Սեհեր»ին հեղինակը արձակագիր մը չէ դասական առումով, ինչպէս որ երաժիշտ մըն ալ չէ կամ բանաստեղծ մը, գեղանկարիչ մը։ Ուղնուծուծով քաղաքական-հանրային գործիչ մըն է, որու հմայքն ու վայելած ժողովրդականութիւնը այնքան ազդեցիկ են որ բռնակալները այլ ճար չունէին զինքը բանտարկելէ զատ։ Եկէք ու տեսէք սակայն որ բանտին ճաղերը նոյնպէս չկրցան պարփակել Տեմիրթաշը, այլ խթանեցին անոր մէջ ննջող արձակագիրը՝ որպէսզի արթննայ ու գրէ, ստեղծագործէ։
«Խողողուած ու բռնութեան զոհ դարձած բոլոր կիներուն» ձօնուած հատորը ունի տասներկու պատմուածք, զորս մէկ առ մէկ քննարկելը պիտի նշանակէր անիրաւել հեղինակը։ Երբ հեղինակը բանտէն կը գրէ ձեզի՝ ուրեմն հարթելու փոխարէն զայն ճոխ ներկայացնելու հարկին տակ կը զգաք դուք ձեզ։ Կեղծաւորութիւն չէ ասիկա. արդէն մէկ կողմէ Տեմիրթաշի նուրբ երգիծանքը, պատմուածքներուն վիպական միջավայրը եւ միւս կողմէ ներկայացուող կեանքերուն տխրութիւնը ձեզ կը դնեն անկեղծանալու կամ միամտանալու լայն դաշտի մը վրայ, ուր ազատ էք երես առ երես գալու դուք ձեզի հետ եւ հարց տալու, թէ բանտարկեալի մը հոգիին խորութիւնը տեսնելու կամ հասկնալու համար ինչքա՞ն ազատութիւն պէտք է։
Գիրքը հանրային վայրերու մէջ կարդալու փորձութիւնը Տեմիրթաշի հանդէպ ի գործ դրուած մեկուսացումի քաղաքականութեան սնանկութիւնն ալ ի յայտ բերաւ, բարեբախտաբար։ Հանրաշարժի, շարժանկարի դահլիճի կամ սրճարանի մէջ երբ բացած գիրքը կը կարդայի՝ անշուշտ կը գիտակցէի որ քաղաքական ցոյց մը կ՚ընեմ, երբ մանաւանդ հեղինակին գիրքը արգիլուեցաւ Տիյարպաքըրի բանտին մէջ։ Պատրաստ էի պատասխանելու եթէ մէկը գար ու նկատողութիւն ընէր։ Արդէն տասներորդ հրատարակութեան հասած հատորը (կը նշանակէ, որ տպագրուած է աւելի քան հարիւր հազար տպաքանակով) ու իր հմայքը հասարակութեան պահանջքը կը բաւարարէ ո՛չ միայն գեղարուեստական (ինչի համար Տեմիրթաշի կարիքը պիտի չունենայինք), այլ լռութեամբ, խաղաղութեամբ ու հանդարտութեամբ դիմադրելու առումով։ Հասկնալի է, երբ խաղաղ նստացոյց մը կամ հացադուլ մը իսկ մահացու յանցանք կը նկատուի, մարդիկ հակազդելու տարբեր միջոցներ կը փնտռեն։ Տեմիրթաշի գիրքը, ուրեմն, երկակի իմաստով գրաւիչ է ընթերցողներուն համար։
Յո՛յսը… Ահա՛ ինչ որ ծուարած պահուած է Տեմիրթաշի գիրքին մէջ։ «Աւարտը հոյակապ պիտի ըլլայ» վերնագրուած է վերջին պատմուածքը այս հատորին. ու այս հաւատքն է որ մեզ ոտքի կը պահէ, այս յո՛յսը եւ սէ՛րը անկասկած՝ որ ներսինը կ՚ազատագրէ ինքն իրմէ եւ դուրսինը կը խեղդէ իր թուացեալ ազատութեան ճիրաններուն մէջ։
«Սեհեր»
Սելահատտին Տեմիրթաշ
«Տիփնոթ» հրատարակչատուն
Անգարա
Սեպտեմբեր 2017/144 էջ