Գիրը կը դիմադրէ

սեւան տէյիրմենճեան 

Նպատակս գրախօսական մը գրել պիտի չըլլայ։ Գոնէ այս գիրքի պա­րագա­յին, որ հրա­տարա­կու­թե­նէն ան­մի­ջապէս յե­տոյ ին­ծի նուիրեց աշա­կեր­տուհի­ներէս մէ­կը։ Կ՚ըսեմ ան­մի­ջապէս ետ­քը, սա­կայն ար­դէն եր­րորդ հրա­տարա­կու­թիւնն էր որ լոյս տե­սած էր (հրա­պարա­կի վրայ է տաս­նե­րոր­դը)։

Եթէ գրա­կանու­թիւնը ձե­զի հա­մար ո՛չ թէ ժա­ման­ցի պարզ մի­ջոց մը, այլ աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէզ մըն է նաեւ, շատ ժա­մանակ չէք ու­նե­նար կողմնա­կի ըն­թերցումնե­րու հա­մար. շատ ան­գամ կը հե­տեւիք որոշ ըն­թերցա­կանո­նի մը, զոր չէք ու­զեր խան­գա­րել անակնկալ գիր­քե­րով։ Սե­լահատտին Տե­միր­թա­շի «Սե­հեր»ը, զոր նուիրած էր աշա­կեր­տուհի մը, ըն­կա­լեալ ըն­թերցա­կանոն մը տակ­նուվրայ ընե­լու աս­տի­ճան գայ­թակղե­ցու­ցիչ էր առա­ջին իսկ պա­հէն սկսեալ, երբ յայտնուեցաւ պա­յու­սա­կիս մէջ։ Ո՛չ կրնա­յի գրա­սեղա­նիս վրայ դնել, ո՛չ ալ սնա­րիս քով կանգնած սե­ղանի­կին. կը պա­հէի պա­յու­սա­կիս մէջ՝ սպա­սելով զայն հան­րա­շար­ժին մէջ կար­դա­լու յար­մա­րագոյն պա­հուն, կամ սրճա­րանի մը մէջ, սուրճի ըն­կե­րակ­ցութեամբ վա­յելե­լու վայրկեանին։ Հան­րա­յին վայ­րի մը մէջ ցու­ցադրե­լու փոր­ձութեան դի­մադ­րե­լը գրե­թէ ան­կա­րելի էր, երբ կող­քին վրայ տպագ­րուած էր Սե­լահատտին Տե­միր­թա­շի անու­նը։

Զին­քը չեմ ըն­կա­լեր միայն որ­պէս կու­սակցու­թեան մը առաջ­նորդը, այ­լա­պէս ինչպէ՞ս մեկ­նել հետզհե­տէ գոր­շա­ցող մեր ներ­կա­յին բան­տի խա­ւար մէկ խու­ցէն նե­տուած լոյ­սի այս խուրձը։ Մեզ խեղ­դող առօ­րեան, հա­նապա­զօրեայ ձեր­բա­կալու­թիւննե­րուն առ­թած ներ­քին տագ­նա­պը, ներ­հա­մայնքա­յին ան­լուծե­լի թուացող խնդիր­նե­րը, հե­ղինա­կու­թիւն բա­նեց­նե­լու, սա կամ նա ան­ձի ինքզինք պար­տադրե­լու ջան­քե­րը՝ ի գին հան­րա­յին կեան­քի խա­ղաղու­թեան, խօս­քի ազա­տու­թեան սահ­մա­նափա­կումնե­րը կար­ծես եր­կա­թեայ մէ­կական ձող եղած մեզ կ՚օղա­կեն, կը բան­տարկեն պա­տեան­նե­րուն մէջ մեր առօ­րեայ հանգստա­ւէտու­թեան։ Մեր սե­նեակ­նե­րուն մէջ, մեր ներ­կա­յին մէջ, մեր թուացեալ ազա­տու­թեան մէջ… Մինչդեռ ան, որ ներսն է, իր «Սե­հեր»ով եւ այլ հրա­տարա­կու­թիւննե­րով ցոյց կու տայ մե­զի, թէ մա­քառու­մը, դի­մադ­րութիւ­նը կա­րելի չէ բան­տարկել պա­տերու կամ եր­կա­թեայ ճա­ղերու ետին։

«Սե­հեր»ին հե­ղինա­կը ար­ձա­կագիր մը չէ դա­սական առու­մով, ինչպէս որ երա­ժիշտ մըն ալ չէ կամ բա­նաս­տեղծ մը, գեղանկարիչ մը։ Ուղնու­ծուծով քա­ղաքա­կան-հան­րա­յին գոր­ծիչ մըն է, որու հմայքն ու վա­յելած ժո­ղովրդա­կանու­թիւնը այնքան ազ­դե­ցիկ են որ բռնա­կալ­նե­րը այլ ճար չու­նէին զին­քը բան­տարկե­լէ զատ։ Եկէք ու տե­սէք սա­կայն որ բան­տին ճա­ղերը նոյնպէս չկրցան պար­փա­կել Տե­միր­թա­շը, այլ խթա­նեցին անոր մէջ ննջող ար­ձա­կագի­րը՝ որ­պէսզի արթննայ ու գրէ, ստեղ­ծա­գոր­ծէ։

«Խո­ղողուած ու բռնու­թեան զոհ դար­ձած բո­լոր կի­ներուն» ձօ­նուած հա­տորը ու­նի տաս­ներկու պատ­մուածք, զորս մէկ առ մէկ քննար­կե­լը պի­տի նշա­նակէր անի­րաւել հե­ղինա­կը։ Երբ հե­ղինա­կը բան­տէն կը գրէ ձե­զի՝ ու­րեմն հար­թե­լու փո­խարէն զայն ճոխ ներ­կա­յաց­նե­լու հար­կին տակ կը զգաք դուք ձեզ։ Կեղ­ծա­ւորու­թիւն չէ ասի­կա. ար­դէն մէկ կող­մէ Տե­միր­թա­շի նուրբ եր­գի­ծան­քը, պատ­մուածքնե­րուն վի­պական մի­ջավայ­րը եւ միւս կող­մէ ներ­կա­յացուող կեան­քե­րուն տխրու­թիւնը ձեզ կը դնեն ան­կեղծա­նալու կամ միամ­տա­նալու լայն դաշ­տի մը վրայ, ուր ազատ էք երես առ երես գա­լու դուք ձե­զի հետ եւ հարց տա­լու, թէ բան­տարկեալի մը հո­գիին խո­րու­թիւնը տես­նե­լու կամ հասկնա­լու հա­մար ինչքա՞ն ազա­տու­թիւն պէտք է։

Գիր­քը հան­րա­յին վայ­րե­րու մէջ կար­դա­լու փոր­ձութիւ­նը Տե­միր­թա­շի հան­դէպ ի գործ դրուած մե­կու­սա­ցու­մի քա­ղաքա­կանու­թեան սնան­կութիւնն ալ ի յայտ բե­րաւ, բա­րեբախ­տա­բար։ Հան­րա­շար­ժի, շար­ժանկա­րի դահ­լի­ճի կամ սրճա­րանի մէջ երբ բա­ցած գիր­քը կը կար­դա­յի՝ ան­շուշտ կը գի­տակ­ցէի որ քա­ղաքա­կան ցոյց մը կ՚ընեմ, երբ մա­նաւանդ հե­ղինա­կին գիր­քը ար­գի­լուե­ցաւ Տի­յար­պա­քըրի բան­տին մէջ։ Պատ­րաստ էի պա­տաս­խա­նելու եթէ մէ­կը գար ու նկա­տողու­թիւն ընէր։ Ար­դէն տաս­նե­րորդ հրա­տարա­կու­թեան հա­սած հա­տորը (կը նշա­նակէ, որ տպագ­րուած է աւե­լի քան հա­րիւր հա­զար տպա­քանա­կով) ու իր հմայ­քը հա­սարա­կու­թեան պա­հանջքը կը բա­ւարա­րէ ո՛չ միայն գե­ղարուես­տա­կան (ին­չի հա­մար Տե­միր­թա­շի կա­րիքը պի­տի չու­նե­նայինք), այլ լռու­թեամբ, խա­ղաղու­թեամբ ու հան­դարտու­թեամբ դի­մադ­րե­լու առու­մով։ Հասկնա­լի է, երբ խա­ղաղ նստա­ցոյց մը կամ հա­ցադուլ մը իսկ մա­հացու յան­ցանք կը նկա­տուի, մար­դիկ հա­կազ­դե­լու տար­բեր մի­ջոց­ներ կը փնտռեն։ Տե­միր­թա­շի գիր­քը, ու­րեմն, եր­կա­կի իմաս­տով գրա­ւիչ է ըն­թերցող­նե­րուն հա­մար։

Յո՛յսը… Ահա՛ ինչ որ ծուարած պա­հուած է Տե­միր­թա­շի գիր­քին մէջ։ «Աւար­տը հո­յակապ պի­տի ըլ­լայ» վեր­նագրուած է վեր­ջին պատ­մուած­քը այս հա­տորին. ու այս հա­ւատքն է որ մեզ ոտ­քի կը պա­հէ, այս յո՛յսը եւ սէ՛րը ան­կասկած՝ որ ներ­սի­նը կ՚ազա­տագ­րէ ինքն իր­մէ եւ դուրսի­նը կը խեղ­դէ իր թուացեալ ազա­տու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ։

«Սեհեր»
Սելահատտին Տեմիրթաշ
«Տիփնոթ» հրատարակչատուն
Անգարա
Սեպտեմբեր 2017/144 էջ