Ոճիրի մը վերլուծումը

բագրատ էսդուգեան

Գրականութիւնը յատկապէս ալ վիպագրութիւնը բեռնուած է շատ լուրջ պատասխանատուութեամբ, որն է ժա­մանա­կի վկա­յու­թիւնը։ Վի­պագի­րը իր գոր­ծով պի­տի բնու­թագրէ ապ­րած մի­ջավայ­րը, այդ մի­ջավայ­րի յա­տուկ ըն­կե­րային դի­մագի­ծը եւ այդ բո­լորը իբր տե­ղեկու­թիւն, իբր գի­տելիք, իբր պատ­կե­րացում պի­տի փո­խան­ցէ յա­ւէր­ժութեան։ Այս առու­մով բա­ւական թե­րի է թրքե­րէն վի­պագ­րութիւ­նը։ Հա­մեմա­տաբար նոր այդ գրա­կան ոճին մէջ հա­զուա­դէպ կը հան­դի­պինք սոյն պա­տաս­խա­նատուու­թիւնը ար­դա­րաց­նող գոր­ծե­րու։ Այս առու­մով կա­րելի է Եաշար Քե­մալ, Քե­մալ Թա­հիր, Էօմէր Փո­լաթի նման քա­նի մը անուններ բա­ցառել, որոնք չեն կրնար փո­խել ընդհա­նուր հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։ Օրի­նակի հա­մար այդ հսկայ աւան­դին մէջ չենք հան­դի­պիր Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան կամ յու­նաց զան­գուածա­յին գաղ­թի ին­չու չէ՛, նոյ­նիսկ Յու­նաստան բնա­կող մահ­մե­տական­նե­րու բնակ­չութեան փո­խանակ­ման են­թա­գետ­նի վրայ հիւ­սուած վէ­պերու։ Կար­ծես այդ բո­լորը, որ­պէս թա­պուի վե­րածուած նիւ­թեր, դի­տումնա­ւոր կեր­պով զանց առ­նուած ըլ­լան գրա­կանու­թեան դաշ­տէն։ Երե­ւոյթ մը՝ որ կա­րելի չէ ար­դա­րաց­նել ո՛չ մէկ պատ­րուակով։ Սա­կայն կը պա­տահի անսպա­սելի յայտնու­թիւններ եւս, որոնք կու գան այդ ըն­կա­լու­մի կա­ղապա­րը ի հի­մանէ ցնցե­լու։ Ճիշդ ալ այս բնոյ­թի վէպ մըն է մեր ձեռ­քին մէջ, որուն հե­ղինա­կը ան­վե­րապա­հօրէն կը դառ­նայ իր ժա­մանա­կի վկա­յու­թիւննե­րու ակա­նատե­սը։ Կը հիւ­սէ յե­րիւ­րա­ծոյ պատ­մութիւն մը, որուն են­թա­գետ­նի վրայ կը տես­նենք քա­նի մը տա­րիներ առաջ Թուրքիոյ մէջ ատե­լու­թեան դրդու­մով գոր­ծուած կարգ մը ոճիր­նե­րը։

Վի­պագիր Մել­թեմ Պու­տան Նալ­պանդ իր նոր հրա­տարա­կուած վէ­պին մէջ կ՚անդրա­դառ­նայ հա­զիւ քա­նի մը տա­րի առաջ գոր­ծուած այդ ոճիր­նե­րուն։ Ոճիր­նե­րը կը նկա­րագ­րէ մի այլ ու­շագրաւ են­թա­հողի վրայ, որն է պատ­մա­կան Քուրթու­լուշ թա­ղամա­սը։ Այս թա­ղամա­սը քա­ղաքի ամ­բողջու­թեան մէջ ու­նի յա­տուկ նշա­նակու­թիւն, իբ­րեւ հա­յերու կամ յոյ­նե­րու հոծ բազ­մութեան բնա­կած վայր։ Ար­դա­րեւ հե­ղինա­կը առանց թաքցնե­լու թա­ղի նկատ­մամբ իր հա­մակ­րանքը, կը խօ­սի Պոլ­սոյ այս հի­նաւուրց, բայց նոյնքան կեն­սունակ թա­ղամա­սին հա­մար։ Ան թա­ղը կը նկա­րագ­րէ, թէ ամ­բողջա­կան դի­տան­կիւնով եւ թէ մա­նաւանդ կնո­ջական գերզգայ­նութեամբ։ Թերթլով էջե­րը ըն­թերցո­ղը կրնայ տա­րուիլ, այդ հա­մոզու­մին թէ այլ հե­ղինակ մը շատ աւե­լի դժուար պի­տի թա­փան­ցէր բո­լոր այն մանրմաս­նութիւննե­րուն, որոնք տե­սած, նկա­տած ու մեկ­նա­բանած է հե­ղինա­կը։

Ինչպէս նշած ենք հե­ղինա­կը որ­պէս իր ժա­մանա­կի ակա­նատես մեծ վար­պե­տու­թեամբ կը նկա­րագ­րէ երկրի կա­րեւո­րագոյն ըն­կե­րային խնդիր­նե­րէն մէ­կը՝ մարդկանց իրենց ինքնու­թիւնը քօ­ղար­կե­լու երե­ւոյ­թը։ Ըն­թերցո­ղը ակա­մայ կը տա­րուի մտա­ծելու թէ Աս­տուած իմ որ­քան ան­տա­նելի երե­ւոյթ մըն է այսքան եր­կար տա­րիներ թա­քուն ապ­րե­լու պար­տադրող պայ­մաննե­րու առ­կա­յու­թիւնը։

Գիր­քի կա­րեւոր հե­րոս­նե­րէն մին՝ Մեր­յեմ ընդմիշտ կը տա­րակու­սի իր անու­նի եր­կու տար­բե­րակ­նե­րու մի­ջեւ «Մա­րիամ», թէ «Մեր­յեմ»։ Անու­շի եւ Թո­րոսի դուստրը միայն իր բնա­կարա­նին մէջ թա­քուն պի­տի կրնայ աղօ­թել մայ­րե­նիով։ Հա­կառակ որ այդ նոյն թա­ղի մէջ է հա­յոց եկե­ղեցին, ան պի­տի խու­սա­փի ժամ եր­թա­լէ մուտքին կամ ել­քին ծա­նօթի մը հան­դի­պելու եւ այսքան ատե­նէ ի վեր թաքցրած ինքնու­թիւնը յան­կարծ հրա­պարա­կելու վտան­գէն։ Ինչ որ ըսած էինք վե­րեւ վի­պագի­րին առ­ջեւ ցցուած պա­տաս­խա­նատուու­թեան մա­սին, ճիշդ ալ այս էր, տես­նել ամե­նաէական, ամե­նացնցիչ պատ­կե­րը եւ այդ պատ­կե­րը մշա­կելով դպչիլ ըն­թերցո­ղի, թէ զգա­ցու­մին եւ թէ գի­տակ­ցութեան։

Վէ­պի են­թա­գետ­նի վրայ փո­խան­ցուած ման­րա­մաս­նութիւննե­րը եւս հարստաց­նող են։ Օրի­նակի հա­մար Մա­րիամ Մեր­յե­մի ննջա­սենեակին ան­մի­ջապէս կող­քը գտնուող դու­ռը միշտ փակ պա­հուած գաղտնի աղօ­թատե­ղին լե­ցուն է բազ­մա­թիւ սրբան­կարնե­րով եւ անոնց կող­քին ալ համ­րիչնե­րու հա­րուստ հա­ւաքա­ծոյով։ Սրբան­կարնե­րը ան­շուշտ հասկնա­լի են, բայց հա­պա ի՞նչ է, այդ համ­րիչնե­րու գաղտնի­քը։ Վի­պագի­րը հոն եւս կը յա­ջողի նոր հո­րիզոն մը բա­նալ ըն­թերցո­ղի դի­մաց խիստ պատ­կե­րալից նկա­րագ­րե­լով յի­շուած համ­րիչնե­րու առանձնա­յատ­կութիւննե­րը եւ մա­նաւանդ նշա­նակու­թիւննե­րը։ Այն ատեն կը տես­նենք, որ հա­սարակ հա­յեաց­քով մեր լոկ համ­րիչ անուանած իրը ու­նի շատ աւե­լի խո­րունկ նշա­նակու­թիւններ։ Անոր վրայ հա­ւաքուած քա­րերու քա­նակը բա­զում իմաստներ կը նշա­նակէ եւ կը տես­նենք որ բո­լոր կրօնքնե­րէ ներս ըն­դունուած այդ իրը իս­կա­պէս ալ իր մէջ շատ աւե­լի խոր նշա­նակու­թիւններ կը պա­հէ։ Այն ինչ որ կա­րելի է ըսել զա­նազան բա­ներու հա­մար կրնանք կրկնել հոս եւս, «համ­րի­չը որ կը տես­նես շատ աւե­լի խո­րունկ իմաստ ու­նի իր խոր­քին մէջ, քան այն ինչ որ կը տես­նես»։ Ամէն մէկ օրի­նակը տար­բեր նշա­նակու­թիւն ու­նի համ­րի­չին, որու ման­րա­մաս­նութեան տե­ղեակ է միայն ու միայն իր մաս­նա­գէտը։ «Ոճ­րա­գործ Ծա­ռան» հե­ղինա­կի չոր­րորդ վէպն է, որ ըն­թերցո­ղին կը մա­տու­ցէ ոս­տի­կանա­կան վէ­պի մը հիւ­սուած­քին մէջ ոճի­րի մը կազ­մութիւ­նը։ Ոճի­րի զոհ գա­ցած է հայ տա­րեց կին մը։ Զար­մա­նալիօրէն յայտնա­բերուած է նաեւ ոճ­րա­գործը, բայց ար­դեօ՞ք...։ Վէ­պին մէջ վար­պե­տօրէն տե­ղադ­րուած կեր­պար մըն է ճա­փօնա­ցի Հա­րու­քան, որ թէ կը փոր­ձէ ոճի­րի մութ ծալ­քե­րը յստա­կաց­նել եւ թէ պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ հե­ռաւոր արե­ւել­քի փի­լիսո­փայու­թեան այս վէ­պի տո­ղերուն մէջ թա­փան­ցե­լուն։ Ոճ­րա­գոր­ծի յստա­կացու­մը կը պար­զէ նաեւ հա­սարա­կու­թիւնը պատ­մութեան որոշ մէկ շրջա­նին հա­ւաքա­կան ան­յա­գու­թեան տա­նող պայ­մաննե­րու գաղտնիք­նե­րը։ այդ է պատ­ճա­ռը, որ գիր­քը ըն­թերցո­ղին կը ներ­կա­յանայ պատ­գա­մի բնոյթ ու­նե­ցող են­թա­խորա­գիրով մը, որ փո­խառուած է Լաու Ձուէ՝ «կոյր է այն, որ տես­նել չու­զէր»։

«Ոճրագործ Ծառան»Մելթեմ Պուտան Նալպանդ
«Այա» հրատարակչատուն
Իսթանպուլ/
Հոկտեմբեր 2017
296 էջ