Իւրայատուկ հանճար մը՝ Պարոնեանի քաղաքական եւ հասարակական ընկալումը

մեհմէտ ֆաթիհ ուսլու

ՕՕսմանեան շրջանի հայ մշակոյթը ժամանակակից թրքերէն ընթերցողի ծանօթացնող բազմաթիւ հրատարակութիւն կատարուեցաւ։ Մեծաւ մասամբ թարգմա-նու-թիւննե-րէ բաղ-կա-ցող այդ հրա-տարա-կու-թիւննե-րու շնոր-հիւ ծա-նօթա-ցանք խիստ կա-րեւոր, բայց մո-ռացու-թեան մատ-նուած կարգ մը հայ մտա-ւորա-կանու-թեան եւ իրենց գրա-կանու-թեան հետ։ Յա-կոբ Պա-րոնեան այս նոր թարգման-չա-կան ար-շա-ւի ամե-նաու-շագրաւ եւ թե-րեւս ալ ամե-նաբախ-տա-ւոր երե-ւոյթնե-րէն մին հան-դի-սացաւ։ Իր կեն-դա-նու-թեան օրով բե-մադ-րութեան չար-ժա-նացած գոր-ծե-րէն «Ատամ-նա-բոյժն արե-ւելեան» եւ «Պաղ-տա-սար աղ-բար» թարգմա-նուե-ցան ու ապա առա-ջինը շատ յա-ջող բե-մադ-րութեամբ թա-տերա-սէրին ներ-կա-յացաւ Իս-թանպու-լի քա-ղաքա-պետա-կան թատ-րո-նի մի-ջոցաւ։ Ար-ձակ գոր-ծե-րէն «Քա-ղաքակրթու-թեան վնաս-նե-րը» եւ «Մե-ծապա-տիւ մու-րացկան-ներ» ու-շադրու-թեան ար-ժա-նացան թէեւ, բայց «Պտոյտ մը Պոլ-սոյ թա-ղերուն մէջ» Պա-րոնեանի համ-բա-ւը փո-խան-ցեց զան-գուած-նե-րու։ Այս փոք-րիկ եւ հե-տաքրքրա-կան գիր-քը բա-զում ան-գամներ տպուեցաւ եւ շատ ըն-թերցուեցաւ։ Աւե-տենք թէ այս հետզհե-տէ բարձրա-ցող ու-շադրու-թեան կող-քին, Պա-րոնեանի նկատ-մամբ մեր հե-տաքրքրու-թիւնը աւե-լի յստակ պատ-մա-կան, հա-սարա-կական եւ գրա-կան են-թա-հողի մը վրայ դի-տելու հա-մար կու գայ յա-ւելուլ նոր հրա-տարա-կու-թիւն մը՝. Գէորգ Պար-տաքճեանի «Սուր գրի-չով հան-ճա-րը՝ Յա-կոբ Պա-րոնեանի քա-ղաքա-կան եւ հա-սարա-կական եր-գի-ծան-քը» հա-տորը, որ եր-կա-րատեւ աշ-խա-տու-թեան մը հե-տեւան-քը ըլ-լա-լով հրա-տարա-կուե-ցաւ «ՊԿՍԹ»ի (Պո-ղազի-չի բե-մարուես-տի միու-թիւն) կող-մէ թրքե-րէն լե-զուով։

Գէորգ Պար-տաքճեան այժմ Մի-չիկը-նի հա-մալ-սա-րանի մէջ (Էն Էր-պըր) հայ-կա-կան ու-սումնա-սիրու-թիւննե-րու դա-սախօս է եւ այս գիր-քը 1978-ին Օքսֆըրտ հա-մալ-սա-րանէ ներս պաշտպա-նած թեկ-նա-ծու-թեան աւար-տա-ճառն է։ Հե-տաքրքրա-կան է, որ այս աւար-տա-ճառը ո՛չ իր բնա-գիրով՝ անգլե-րէնով եւ ո՛չ ալ հա-յերէ-նով չէ հրա-տարա-կուած։ Մենք ար-ժա-նացանք սոյն ու-սումնա-սիրու-թիւնը առա-ջին ան-գամ գիրք ըլ-լա-լով Թուրքիոյ մէջ թրքե-րէնով հրա-տարա-կելու պա-տուին։

Յա-կոբ Պա-րոնեան (1843-1891) ծնած է Ատ-րիանա-պոլիս (Էտիր-նէ) եւ կ՚ըն-դունուի, իբ-րեւ Օս-մա-նեան կայսրու-թեան վեր-ջին շրջան-նե-րու ամե-նաու-շագրաւ մտա-ւորա-կան-նե-րէն մէ-կը։ Օս-մա-նեան կա-յսրութեան այս եզա-կի կեր-պա-րը յա-ջողած է ընդմիշտ ան-կախ մնալ, ոեւէ խմբա-կի առանց են-թարկուելու իր հա-ւատա-ցած ճշմար-տութիւննե-րը հրա-պարա-կել։ Աղ-քատ ըն-տա-նիքի մը զա-ւակը եղած է Պա-րոնեան եւ ամ-բողջ կեան-քի տե-ւողու-թեամբ ալ հոգ-նա-տանջ եղած է հա-նապա-զօրեայ հա-ցը ապա-հովե-լու հա-մար։ Որ-պէս գրող, խմբա-գիր, հրա-տարա-կիչ եւ լրագ-րող աշ-խա-տելէ ետք մա-հացած է հա-մեմա-տաբար երի-տասարդ տա-րիքի մը, թո-քախ-տի պատ-ճա-ռաւ։

Որ-պէս լրագ-րող իր կա-րեւոր յատ-կութիւ-նը եղած է 1870-ական թուական-նե-րէն սկսեալ «Փող առա-ւօտեան», «Եփ-րատ», «Մե-ղու», «Թատ-րոն»ի նման պար-բե-րական-նե-րու խմբագ-րութիւ-նը։ Որ-պէս գրող ծա-նօթ է իր սիւ-նակնե-րով, թատ-րերգու-թիւննե-րով, վէ-պերով, վի-պակ-նե-րով եւ այլ գրու-թիւննե-րով, որոնք դա-սաւո-րելն այնքան ալ դիւ-րին չէ։ Այս զա-նազա-նու-թեան մէջ ան յա-ջողած է իրեն յա-տուկ Պա-րոնեանա-կան ոճ մը գո-յաց-նել, որուն կի-զակէ-տը եր-գի-ծանքն է։ Չա-փազան-ցած չենք ըլ-լար, եթէ ըսենք թէ Պա-րոնեան ամ-բողջ Օս-մա-նեան կայսրու-թեան տա-րած-քին ամե-նակա-րող եր-գի-ծաբանն է։ Եւ աւե-լին՝ հա-սարա-կական կեան-քի եւ քա-ղաքա-կանու-թեան մա-սին մտա-ծող, տե-ղի ու-նե-ցած փո-փոխու-թիւննե-րուն մի-ջամ-տող մտա-ւորա-կան մը։ Այդ մի-ջամ-տութիւննե-րու հա-մար ալ օգ-տա-գոր-ծած է եր-գի-ծան-քը։ Ինչպէս նա-խաբա-նին մէջ Գէորգ Պար-տաքճեան կը նշէ «Զինք մար-դու վա-րուե-լակեր-պը դա-տող դա-տաւո-րի մը դիր-քին տես-նող Յա-կոբ Պա-րոնեան»ի հա-մար եր-գի-ծաբա-նու-թիւնը միայն հա-սարա-կու-թեան կեան-քը քննա-դատող մի-ջոց մը չէ, այլ զայն փո-խելու հա-մար զէնք մը նաեւ։

Իր լրագ-րո-ղական եւ գրա-կան վաս-տա-կը կա-րելի է եզ-րա-կաց-նել այս եր-գի-ծան-քի եւ հա-սարա-կական մի-ջամ-տութեան առանցքին շուրջ։ Ար-դա-րեւ Գէորգ Պար-տաքճեան ալ այս մեկ-նա-կէտէն ճամ-բայ ել-լե-լով Պա-րոնեանի վաս-տա-կին հա-սարա-կական եւ քա-ղաքա-կան բո-վան-դա-կու-թիւնը ու-սումնա-սիրե-լով կը փոր-ձէ այդ կու-տա-կու-մին տուեալ ժա-մանա-կահա-տուա-ծի մէջ ներ-կա-յացու-ցած ար-ժէ-քը ըն-կա-լել։

«Սուր գրի-չով հան-ճա-ր»ը եր-կու հիմ-նա-կան բաժ-նէ կը բաղ-կա-նայ։ Առա-ջին բաժ-նին մէջ Պար-տաքճեան կը քննար-կէ լրագ-րութեան եւ հե-ղինա-կու-թեան շրջա-նին Պա-րոնեանի կա-րեւոր ան-ձուդար-ձե-րու դի-մաց որ-դեգրած մեր-ձե-ցու-մը։Կը փոր-ձէ պար-բե-րական մա-մու-լի մէջ Պարտաքճեան գրած-նե-րը եւ գրա-կան գոր-ծե-րը վեր-լուծե-լով անոր քա-ղաքա-կան հա-կումնե-րը պար-զել։

Պար-տաքճեան կը հաս-տա-տէ, թէ հա-յոց ազ-գա-յին սահ-մա-նադ-րութեան հռչա-կու-մը եւ անոր շուրջ եղած վէ-ճերը, արե-ւելեան խնդի-րը, ռուս-օս-մա-նեան պա-տերազ-մը, Պեռ-լի-նի վե-հաժո-ղովը, Պատ-րիար-քա-րանի եւ հո-գեւո-րական դա-սուն վի-ճակը եւ մա-նաւանդ գա-ւառի հա-յու-թեան պայ-մաննե-րը Պա-րոնեանի շա-րու-նա-կական օրա-կար-գը եւ անոր քա-ղաքա-կան եր-գի-ծան-քին հիմ-նա-կան նիւ-թե-րը կը կազ-մեն։

Ու-շագրաւ է թէ շատ ար-տադրող ու յա-ւակ-նոտ լրագ-րող մը ըլ-լա-լով հան-դերց Պա-րոնեան յա-ջողած է ան-հա-տական մնալ։ Պար-տաքճեանի տո-ղերով «Ոչ իշ-խա-նու-թեան սահ-մա-նափա-կումնե-րը եւ ոչ ալ իր թշուառ աղ-քա-տու-թիւնը կրցած են ար-գելք ըլ-լալ սխալ տե-սած-նե-րը քննա-դատե-լուն։ Ան-կա-խու-թիւնը պա-հելու հա-մար պատ-րաստ է ամէն գին հա-տու-ցե-լու։ Չէ են-թարկուած ոչ հին իշ-խա-նու-թիւնը խորհրդան-շող Պատ-րիար-քա-րանին, ո՛չ ԺԹ դա-րուն երկրորդ կէ-սէն սկսեալ զօ-րացող քաղ-քե-նիու-թեան եւ ո՛չ ալ ազ-գայնա-կան մտա-ւորա-կանու-թեան։ Աւե-լին՝ ընդմիշտ պայ-քա-րած է օս-մա-նեան կեդ-րո-նական վար-չութեան դէմ։ Հրա-տարա-կու-թիւննե-րը ընդհա-տուած, գրաքննու-թեան մատ-նուած, բայց եր-բեք չէ հրա-ժարած սրա-ծայր գրի-չը գոր-ծա-ծելէ։

Պար-տաքճեան կ՚ընդգծէ Պա-րոնեանի սահ-մա-նադ-րութեան եւ խորհրդա-րանա-յին ժո-ղովրդա-վարու-թեան հա-կու-մը։ Խորհրդա-րանա-յին դրու-թեան հա-մար անհրա-ժեշ-տութիւն հա-մարուող հա-յոց ազ-գա-յին սահ-մա-նադ-րութիւ-նը եւ ապա ընդհա-նուր սահ-մա-նադ-րութիւ-նը (Քա-նուն ը Էսա-սի), թէ մեծ ոգե-ւորու-թեամբ կ՛ող-ջունէ եւ թէ կը յայտնէ որոշ վե-րապա-հու-թիւն։ Իր գոր-ծե-րուն մէջ նիւթ կ՚ու-նե-նայ յու-սա-ցածին, ակնկա-լածին եւ յայտնուածին մի-ջեւ գո-յացած հե-ռաւո-րու-թիւնը։ Այս տե-սան-կիւնէն դի-տելով Պա-րոնեան «Տար-բեր հա-ւատ-նե-րէ, տար-բեր ազ-գութիւննե-րէ մարդկանց աւե-լի ար-դար վար-չութեան մը տի-րանա-լուն հա-մար» բա-րեփո-խումնե-րու կողմնա-կից է, հայ ազ-գի խնդիր-նե-րուն լու-ծում կը փնտռէ բայց վեր-ջին հա-շուով կը մտա-հոգուի օս-մա-նեան միաս-նութեան հա-մար։

Պա-րոնեանի կծու եր-գի-ծան-քին գաղտնիք-նե-րէն մէկն ալ անոր հա-սարակ վի-պապաշ-տութե-նէ, զգա-ցումնե-րը գրգռե-լէ խու-սա-փու-մով կը ցո-լանայ։ Օրի-նակի հա-մար տուեալ շրջա-նի կա-րեւոր գոր-ծե-րէն «Ազ-գա-յին ջո-ջեր»ու մէջ ժա-մանա-կի առա-ջատար հա-յերուն եր-գի-ծական կեն-սագրու-թիւննե-րուն կը հան-դի-պինք։ Այս գործն ալ կ՚ապա-ցու-ցէ, թէ «մենք» ըսե-լու, «մենք»ը փա-ռաբա-նելու ձգո-ղու-թե-նէն չէ տա-րուած, ընդհա-կառա-կը քննա-դատու-թեան սլաք-նե-րը նախ ուղղած է իրեն։

Գիր-քի երկրորդ բաժ-նին մէջ Պա-րոնեանի ստեղ-ծա-գոր-ծած մի-ջավայ-րը կ՚ու-սումնա-սիրէ։ Այս ու-սումնա-սիրու-թիւնն ալ կ՚ընէ միայն ու միայն գրա-կանու-թեան մի-ջոցաւ։ Ար-դա-րեւ առա-ջին բաժ-նի մէջ քա-ղաքա-կան պատ-մութեան մաս-նա-գէտի հան-գա-ման-քով գրող Պար-տաքճեան այս երկրորդ բաժ-նի մէջ կ՚որ-դեգրէ գրաքննա-դատի կեր-պա-րը։

Որ-պէս գրաքննա-դատ հա-շուե-յար-դա-րի կ՚ել-լէ Պա-րոնեանի գրա-ռումնե-րուն աղ-բիւրնե-րը, եզա-կիու-թիւնը, ազ-դե-ցու-թիւնը ստու-գե-լու գոր-ծին։ Կ՚ընդգծէ Մո-լիէրի ազ-դե-ցու-թիւնը։ Բայց կ՚ըսէ թէ Պա-րոնեան եր-բեք այդ ազ-դե-ցու-թեան տակ կրկնող մը չէ եղած, այլ ներշնչուելով Մո-լիէրէ յա-ջողած է իր ու-րոյն տի-պար-նե-րը կեր-տել։ 

Պար-տաքճեանի հա-մաձայն Պա-րոնեանի հա-սարա-կու-թեան ըն-կալման հիմ-նա-կան եզ-րը բա-րոյա-կանու-թիւնն է։ Եր-գի-ծան-քը այ-լա-սերա-ծը հրա-պարա-կելու մի-ջոց է իր մօտ։ Կար-ծես հե-ղինա-կը մատ-նուած ըլ-լայ «Հայ ազ-գը գրականութեան մի-ջոցաւ զար-գացնե-լու մտա-սեւեռ-ման»։ Սա-կայն այս մտա-հոգու-թիւնը եր-բեք պատ-ճառ չէ եղած Պա-րոնեանի գրա-կան ոճին ու-սուցո-ղական եւ պատ-գամ տուող գրիչ մը դառ-նա-լուն։ Ար-դա-րեւ Պաղ-տա-սար աղ-բար կեր-պա-րը ի դէմ բա-րոյա-պաշտ շեշ-տադրման, ծաղ-րանքի նիւթ չէ դար-ձած։ 

Գիր-քը ոչ միայն հայ մշա-կոյ-թին, հա-յերէն գրա-կանու-թեան, այլ Օս-մա-նեան կայսրու-թեան վեր-ջին տա-րինե-րուն մա-սին հե-տաքրքրու-թիւն ու-նե-ցող-նե-րուն հա-մար ալ ձեռնտու աղ-բիւր մըն է։ Պա-րոնեան թէ իւ-րա-յատուկ մտա-ւորա-կան մը եւ թէ Օս-մա-նեան գրա-կանու-թեան ամե-նաշա-հեկան գրիչ-նե-րէն մէկն է։ Պար-տաքճեանի շնոր-հիւ այս դժուար ու բարդ ժա-մանա-կաշրջա-նին յայտնուած յոյ-սե-րու, անել-նե-րու եւ առիթ-նե-րու կը հան-դի-պինք։ Կ՚ար-ժէ գնա-հատել նաեւ Ֆըրադ Կիւլլի-ւի եւ Զէյ-նեփ Օքա-նի բծախնդիր թարգմա-նու-թիւնը։

Այս ար-ժէ-քաւոր գիր-քի հա-մար կ՚ու-զենք եր-կու քննա-դատա-կան ակ-նարկու-թիւն ալ ու-նե-նալ։ Ըստ որու 1978-ին պաշտպա-նուած աւար-տա-ճառի Օս-մա-նեան պատ-մութեան վե-րաբե-րեալ աղ-բիւրնե-րը այ-սօ-րուայ հա-մար հետզհե-տէ ան-բա-ւարար են։ Ար-դա-րեւ Պար-տաքճեանի Պա-րոնեանին մտա-յին աշ-խարհը նկա-րագ-րե-լու հա-մար այս սահ-մա-նափակ աղ-բիւրէն օգ-տուած ըլ-լա-լը ինքնին քննա-դատու-թեան նիւթ կրնայ դառ-նալ։ Իսկ երկրորդ ակ-նարկու-թիւն մը գիր-քի բո-լոր յղումնե-րուն Պա-րոնեանի լիակա-տար հա-ւաքա-ծոյէն կա-տարուած ըլ-լալն է։ Այս եղա-նակով յա-ճախ կը տա-րակու-սինք, թէ յղու-մը յատ-կա-պէս Պա-րոնեանի ո՞ր գոր-ծին կ՚ակ-նարկէ։ Պա-րոնեանը աւե-լի ման-րա-մասն սեր-տել ու-զող ըն-թերցո-ղի դի-մաց դժուարու-թիւն մըն է այս ընդհան-րա-ցու-մը։

«Իւրայատուկ Հանճար մը, Պարոնեանի Քաղաքական եւ Հասարակական Ընկալումը» 
Գէորգ Պարտաքճեան
«ՊԿՍԹ»ի (Պողազիչի բեմարուեստի միութիւն)
Իսթանպուլ/2017
300 էջ