Թրքութեան ուխտ

էֆէ պեշլէր

Ուխտ կը նշա­նակէ եր­կու կամ աւե­լի քան եր­կու կող­մե­րու մի­ջեւ ոեւէ նիւ­թի շուրջ գո­յացած հա­մաձայ­նութեան բա­նաւոր կամ գրա­ւոր երաշ­խի­քը։ Ուխտե­րը գո­յացած հա­մաձայ­նութեան գոր­ծադրման առու­մով պա­տաս­խա­նատուու­թիւն կը բեռցնէ կող­մե­րուն։ Յա­ճախ կը հե­նին իրա­ւական պատ­ճա­ռաբա­նու­թեան (խա­ղաղու­թեան, առեւտրա­կան եւլն) եւ կող­մե­րէն մէ­կուն անհնա­զան­դութեան հա­մար կը տնօ­րինէ պատ­ժա­միջոց­ներ։ Ուխտ բա­ռի մեր մտքե­րուն մէջ յա­ռաջա­ցու­ցած առա­ջին ըն­կա­լումն է այս։ Նա­խաք­րիստո­նէական շրջան­նե­րէ մին­չեւ մեր ժա­մանակ­նե­րը կա­րելի է բազ­մա­թիւ ուխտի օրի­նակ­ներ թուել։ Հա­սարա­կական ուխտ եզ­րին կը հան­դի­պինք Թով­մաս Հոբ­սի եւ Ժան Ժաք Ռու­սո­յի գրա­ռումնե­րուն մէջ։ Սահ­մա­նադ­րութիւննե­րը նոյնպէս հա­սարա­կական ուխտեր են։ Պե­տու­թեան ու քա­ղաքա­ցինե­րու մի­ջեւ այս ուխտը եւս կը սահ­մա­նէ կող­մե­րու յա­րաբե­րու­թիւնը եւ փո­խադարձ պար­տա­կանու­թիւններ կը բեռցնէ։ Իսկ կան այլ ուխտեր ալ, որոնք ստո­րագ­րեալ փաս­տա­թուղթի մը չեն վե­րածուած։ Այս տե­սակի ուխտե­րու յօ­դուած­նե­րը փո­խադար­ձա­բար կը գի­տակ­ցուին եւ կ՛իւ­րա­ցուին։ Այսպէս կող­մե­րը գի­տեն թէ ինչ պէտք է ընել եւ ինչ չը­նել, ինչ պէտք է ըսել եւ ինչ չը­սել։ Կարգ մը նիւ­թեր թա­պու են եւ ան­ձեռնմխե­լի։ Հա­սարա­կու­թեան բո­լոր շեր­տե­րը տե­ղեակ են ուխտին պար­տադրած կա­նոն­նե­րէն։ Գի­տեն թէ այդ կա­նոն­նե­րը ան­տե­սելով պի­տի պատ­ժուին։ Վե­րացա­կան թուացող ուխտի այս տե­սակը կեան­քի առօ­րեայ փոր­ձութիւննե­րու շնոր­հիւ մար­մին կ՚առ­նէ։ Ինչպէս աշ­խարհի բա­զում եր­կիրներ, Թուրքիոյ մէջ եւս կը գոր­ծէ պե­տու­թեան եւ հա­սարա­կու­թեան մի­ջեւ անզգա­լաբար գո­յացած ուխտեր։ Յատ­կա­պէս Օս­մա­նեան կայսրու­թեան շրջա­նէն սկսե­լով հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, կամ հան­րա­պետա­կան շրջա­նին Տէր­սի­մի կո­տորած­նե­րը թա­պու­ներ ըլ­լա­լով կը թաք­ցուին հա­սարա­կու­թե­նէն։ Միւս կող­մէ հա­սարա­կու­թիւնը ներ­քուստ գի­տէ այս նիւ­թե­րը եւ կը խօ­սի ծա­ծուկ կեր­պով։ Տե­սակ մը լռու­թեան, ան­ձայնու­թեան ուխտ մըն է որ կը գոր­ծէ։

Յու­նուարի առա­ջին շաբ­թուն հրա­տարա­կուած Պա­րըշ Ին­լի­ւի գիր­քը այս առ­կայ ուխտն է որ կ՚ու­սումնա­սիրէ։ Խա­ղաղու­թեան կո­չը ստո­րագ­րե­լուն պատ­ճա­ռաւ օրէն­քի հա­մազօր որոշմնա­գիրով Ան­գա­րա հա­մալ­սա­րանի Քա­ղաքա­կան գի­տու­թիւննե­րու բաժ­նէն ար­տաքսուած Տոց. Պա­րըշ Իւնլիւ Թուրքիոյ հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րը նոր տե­սան­կիւնով մը մեկ­նա­բանած «Թրքու­թեան ուխտ» անուն գիր­քով նոր հո­րիզոն­ներ կը բա­նայ ըն­թերցո­ղին դի­մաց։ Դե­րեւս իր տե­սակի եզա­կի օրի­նակն է այս աշ­խա­տասի­րու­թիւնը։ Հե­ղինա­կը իր այս գիր­քով թուրքե­րը կը դնէ հա­յելիի դի­մաց եւ թրքու­թիւնը ըն­թերցո­ղին կը ներ­կա­յաց­նէ,  իբ­րեւ մե­նաշ­նորհնե­րու շա­րան։ Այդ շա­րանին մէջ կան դրա­կան եւ բա­ցասա­կան մե­նաշ­նորհներ, որոնց մէ­ջէն ան վար­պե­տու­թեամբ դուրս կը բե­րէ գեր­դա­սակար­գա­յին եւ գեր­գա­ղափա­րական թրքու­թեան երե­ւոյթներ, որոնք իւ­րա­ցուած են հա­սարա­կու­թեան կող­մէ։ Թրքու­թեան ուխտը կը պար­զէ տոհ­միկ-կրօ­նական կա­ղապա­րի մը մէջ հա­յերու եւ քիւրտե­րու իրա­վիճակէն օրի­նակ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով։

Իւնլիւ թրքու­թիւնը տոհ­միկ, քա­ղաքա­ցիական, ազ­գա­յին եւ գա­ղափա­րախօ­սական ինքնու­թիւնով մը չի քննար­կեր։ Ան կը նա­խընտրէ աւե­լի ընդհա­նուր տե­սան­կիւնով մը գեր­դա­սակար­գա­յին եւ գեր­գա­ղափա­րական հա­սարակ եզ­րե­րը եւ նմա­նու­թիւննե­րը յայտնա­բերել։ Ան­շուշտ, որ հե­ղինա­կի այս նկա­րագ­րումը կարգ մը ըն­թերցող­նե­րու խո­տոր պի­տի թուի։ Նոյնիսկ քննա­դատող­ներ պի­տի ըլ­լան։ Գիր­քին մէջ բա­ցատ­րուող թրքու­թեան երե­ւոյթնե­րուն ինքնա­բուխ կեր­պով յայտնուիլը, հե­տեւա­բար ալ ան­գի­տակ­ցա­բար եւ յա­ճախ ալ հա­կազ­դե­ցու­թեան բնոյ­թով երե­ւիլը կը պատ­մուի։ Նաեւ կը պատ­մուի, թէ թրքու­թեան երե­ւոյթնե­րը կը գի­տակ­ցուին քիւրտե­րու եւ հա­յերու կող­մէ, որուն շնոր­հիւ անոնք զար­գա­ցու­ցած են գո­յատեւ­ման որոշ ռազ­մա­վարու­թիւններ։

Պա­րըշ Իւնլի­ւի առա­ջար­կած օրի­նակ­նե­րը շատ ցնցիչ է։ Ցնցիչ՝ եւ նոյնքան ալ ծա­նօթ։ Օրի­նակի հա­մար 1915-ի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կամ հան­րա­պետու­թեան շրջա­նին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու դէմ գոր­ծադրուած ճնշումնե­րը եր­բե՛ք ու եր­բեք քա­ղաքա­կանու­թեան նիւթ պէտք չէ որ դառ­նան։ Նոյնպէս քիւրտե­րը իրենց ինքնու­թիւնը առ­ջեւ բե­րելով այդ ինքնու­թիւնը թրքու­թեան դէմ բնու­թագրե­լով կա­րելի չէ, որ քա­ղաքա­կանու­թիւն ընեն։

Այս բո­լորը վրայ վրա­յի դի­զուե­լով է, որ պի­տի գո­յանայ թրքու­թեան ուխտի կա­նոն­նե­րը։ Իրա­կանու­թեան մէջ այդ ուխտը կ՚ըն­թա­նայ պար­գե­ւատ­րե­լու եւ պատ­ժե­լու դրու­թիւննե­րու մի­ջոցով։ Թրքու­թեան ուխտին գի­տակ­ցող ան­հա­տը քա­ջաբար կը գի­տակ­ցի այդ կա­նոն­նե­րուն։ Այստեղ պար­գե­ւատ­րում կը նշա­նակէ թա­պու հա­մարուած նիւ­թե­րուն առանց անդրա­դառ­նա­լու զա­նոնք շրջան­ցե­լով որոշ մե­նաշ­նորհնե­րու տէր ըլ­լա­լու գի­տակ­ցութիւնը։ Մար­դիկ դա­սակար­գա­յին առու­մով հա­րուստէն դէ­պի աղ­քատ այդ կա­նոն­նե­րով մաս­նա­ւորա­պէս պաշտպա­նուած են։ Ու­րիշ ձե­ւով եթէ ըսենք, այս գի­տակ­ցութիւ­նը իւ­րա­ցու­ցած թուրքը դիւ­րաւ աշ­խա­տանք կը գտնէ, հա­սարա­կական կեան­քի մէջ դիւ­րաւ կ՚ամ­րացնէ իր դիր­քը կը բարձրա­նայ եւ կը տի­րանայ ար­ժա­նիք­նե­րու։ Այս բո­լորին հա­մար միակ պայ­մանն է պե­տու­թեան ան­պա­տեհ հա­մարած դաշ­տէն հե­ռու մնալ։ Չխօ­սիլ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, չխօ­սիլ Տէր­սի­մի կո­տորած­նե­րուն մա­սին ու ապա վա­յելել պե­տու­թեան ապա­հովուած մե­նաշ­նորհնե­րը։ Հե­ղինա­կը նաեւ կը նշէ, թէ պե­տու­թեան հա­մար նոյնքան վտան­գա­ւոր կը հա­մարուին ձա­խակող­մեան գա­ղափա­րախօ­սու­թիւննե­րը, որոնք եւս պի­տի հան­դի­պին բան­տարկու­թեան, սպա­նու­թեան, գոր­ծազրկու­թեան, մե­կու­սացման նման զա­նազան պատ­ժա­միջոց­նե­րու։ Տես­նել ու չտես­նե­լու, լսել ու չլսե­լու, գիտ­նալ ու չգիտ­նա­լու, հե­տաքրքրուելու կամ ան­փութու­թեան, զգա­ցուե­լու կամ անզգա­մու­թեան, երե­ւոյթնե­րու եւ ան­հա­տին աս­տի­ճանա­կար­գի մի­ջեւ շատ կա­րեւոր յա­րաբե­րու­թիւն մը կը յայտնուի։ Թրքու­թեան վե­րեւ յի­շուած այս բա­ցասա­կան վի­ճակ­նե­րը թրքու­թեան ուխտի մէյ­մէկ մաս­նի­կը հան­դի­սացող քա­ղաքա­կանու­թիւն, ար­դա­րադա­տու­թիւն, կրօնք, մե­տիա, ըն­տա­նիք եւ հա­մալ­սա­րանի մի­ջոցաւ կը պահ­պա­նուին։ Այսպէ­սով թրքու­թեան ուխտէն դուրս մնա­ցած­նե­րուն՝ քիւրտե­րուն, հա­յերուն, յոյ­նե­րուն եւ այլն մտա­ծումնե­րը կ՚ար­ժեզրկուին։ Հե­ղինա­կը այս հանգրուանէն ետք նիւ­թը կը կա­պէ մտա­ւորա­կանու­թեան եւ հա­մաշ­խարհա­յին մտա­ծելա­կեր­պի տէր թուրքե­րու պա­րագա­յին, իսկ այս տգի­տու­թեան եւ ան­տարբե­րու­թեան առ­կա­յու­թիւնը կը շեշ­տէ։ Տգի­տու­թիւնը ո՛չ թէ գի­տելի­քի պա­կասէն, այլ այդ գի­տելի­քին կա­րեւո­րու­թիւն տրուած չըլ­լա­լէն է, որ կը գո­յանայ։ Դի­տումնա­ւոր կե­ցուածք մըն է այս, քա­նի որ գի­տեն, թէ այդ գի­տու­թիւնը նկա­տի ու­նե­նալով կամ ճիշդ ըլ­լա­լը ըսե­լով իրենց տի­րացած ար­ժա­նիք­նե­րէն կրնան զրկուիլ։ Որով­հե­տեւ նման գի­տակ­ցութիւ­նը տու­ժած շրջա­նակ­նե­րու հետ շփուիլ պի­տի թե­լադ­րէ եւ պի­տի պար­տադրէ անոնց զգա­ցումնե­րու բաժ­նե­կից ըլ­լալ։ Այս է, որ շատ վտան­գա­ւոր է եւ ոչ ոք պի­տի հա­մար­ձա­կի նման վտան­գի մը մատ­նուելու։

Թրքու­թեան ուխտը այս տո­ղերով նկա­րագ­րե­լէ ետք կ՚ու­զեմ ան­դա­դառ­նալ գիր­քին այլ բա­ժին­նե­րուն։ Իւնլիւ «Թրքու­թեան ուխտը» նկա­րագ­րե­լու հա­մար նախ կը դի­մէ սե­ւի ու սպի­տակի եւ կի­ներու ուղղուած աշ­խա­տու­թիւննե­րուն։ Սե­ւերու սպի­տակ­նե­րու դի­մաց պատ­մա­կան տու­ժա­ծու­թիւնը գիտ­նա­կան­նե­րու աշ­խա­տասի­րու­թիւննե­րով կը բնու­թագրէ եւ ապա կը փոր­ձէ իս­լա­մու­թիւնը եւ թրքու­թիւնը այդ օրի­նակ­նե­րու մէջ յստա­կաց­նել։ Իրա­կանու­թեան մէջ սպի­տակու­թիւնը սե­ւու­թեան պար­տադրած բա­ցասա­կան երե­ւոյթնե­րով ինքզինք կը բնու­թագրէ։ Ան­հա­ւասար այս յա­րաբե­րու­թեան մէջ սե­ւերը զրկուած են մե­նաշ­նորհնե­րէ, իսկ սպի­տակ­նե­րը ընդհա­կառա­կը այդ մե­նաշ­նորհնե­րէն օգ­տուելով ամ­րապնդած են իրենց դիր­քե­րը։ Հե­ղինա­կը այս եզ­րե­րը ու­սումնա­սիրե­լով ԱՄՆ-ի եւ Հա­րաւ Ափ­րի­կեան օրի­նակ­նե­րու քննար­կումով կը հաս­տա­տէ, թէ սպի­տակ­նե­րը այս բո­լորը կը նկա­րագ­րեն, իբ­րեւ սե­ւերու խնդի­րը։ Կ՚ան­տե­սեն խնդրի գո­յաց­ման մէջ իրենց սպի­տակու­թեան տե­ղի տուած գոր­ծօ­նը։ Մինչդեռ սե­ւերու խնդի­րը ուղղա­կիօրէն սպի­տակ­ներն են։ Նոյնպէս կի­ներու եւ այ­րե­րու մէջ խնդիրն ալ նոյն յատ­կութեան երե­ւոյթներն են։ Այ­րի մը առանց արա­կան վի­ճակ­նե­րու տե­ղի տուածը տես­նե­լու կնոջ մա­սին կար­ծիք յայտնե­լը նման մեր­ձե­ցու­մի մը հե­տեւանքն է։

Իւնլիւ ահա­ւասիկ այս սեւ ու սպի­տակի հա­կասու­թեան ու­սումնա­սիրու­թիւնով կը յան­գի նաեւ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան վեր­ջին շրջան­նե­րուն յայտնուած օս­մա­նեան ուխտի եւ ապա իս­լա­մական ուխտի հետ։ Օս­մա­նեան ուխտը ան­կում ու­նե­ցաւ Ապ­տիւլհա­միտ Բ.-ի օրով եւ անոր յա­ջոր­դեց իս­լա­մական ուխտը։ Այս բո­լորէն ետք ան կը մեկ­նա­բանէ Երիտ­թուրքե­րու եւ ապա Իթ­թի­հատա­կան­նե­րու յառաջա­տար կար­գե­րուն, մա­նաւանդ գա­ղափար ձե­ւաւո­րող խա­ւին մտա­յին են­թա­հողը։ Այսպէ­սով ալ կը հաս­նի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան տե­ղի տուող են­թա­հողի բա­ցայայտման։ Նախ հա­յերէն մաք­րուած Թուրքիոյ տա­րած­քը մինչեւ 1923 շա­րու­նա­կուող քրիս­տո­նեանե­րէ զերծ պա­հելու գոր­ծո­ղու­թիւնով շա­րու­նա­կու­թիւն կը ստա­նայ։ Իս­լամնե­րու ուխտը ան­շուշտ որ աւե­լի ըն­դարձակ տա­րած­քի մը ուղղուած էր, սա­կայն կրճա­տուե­ցաւ վե­րածուելով թրքու­թեան ուխտի։ Սահ­մա­նի այդ նե­ղացու­մով, թէ քրիս­տո­նեանե­րը եւ թէ քիւրտե­րը ըն­դունուած սահ­մա­նէն դուրս բե­րուե­ցան։

Գիր­քին ամե­նաաչ­քա­ռու կէ­տերէն մէկն ալ թրքու­թեան մե­նաշ­նորհնե­րուն յայտնու­թիւնն է։ Ուխտին հա­ւատա­րիմ մնա­ցող­նե­րուն հա­մար բնա­կան երե­ւոյթ են այս մե­նաշ­նորհնե­րը, իսկ մե­նաշ­նորհնե­րէ զրկուած­նե­րուն մատ­նուած զրկանքներն ալ չեն մոռ­ցուած։ Ու­րեմն միշտ, որ­պէս եզ­րա­կացու­թիւն թրքու­թիւնը կը ներ­կա­յանայ իբ­րեւ իտէալա­կան բնորդ մը։ Թուրք ըլ­լալ կը նշա­նակէ, որոշ կա­ղապա­րի մը մէջ խօ­սիլ, մտա­ծել, տես­նել, գի­տակ­ցիլ եւ զգա­լը իմա­նալ։ Որով­հե­տեւ թրքու­թեան ուխտի մաս կազ­մող եւ օգ­տուել ու­զողնե­րէն կարգ մը ակնկա­լու­թիւններ կը գո­յանան։ Եթէ անհրա­ժեշտ ակնկա­լու­թիւննե­րէն մէկն է թուրք կրօն­քին պատ­կա­նիլ, իս­կոյն երկրորդն է թրքա­խօս ըլ­լալ։ 1920 թուական­նե­րէն վերջ գոր­ծադրուած թրքա­խօսու­թեան ար­շա­ւը ահա այդ երե­ւոյ­թի ապա­ցոյցն է։ Նոյնպէս քիւրտ երա­խանե­րուն տա­կաւին ման­կութեան տա­րինե­րէն սկսե­լով թրքե­րէնին միակ ցան­կա­լի լե­զու ըլ­լա­լով մա­տու­ցումը իմաս­տա­լից օրի­նակ մըն է։ Այսպէ­սով թրքու­թեան ուխտէն դուրս մնա­ցող­նե­րը ան­պայման զրկան­քի մը մատ­նուած պի­տի ըլ­լան։ Թուրք մը քիւրտին մայ­րե­նին ան­տե­սելով ծա­ռայած կ՚ըլ­լայ թրքու­թեան ուխտին։ Գիր­քին մէջ այս ման­րա­մաս­նութիւննե­րը կը պար­զուին զա­նազան օրի­նակ­նե­րու մի­ջոցաւ։ Ար­դա­րեւ այս երե­ւոյ­թը սահ­մա­նուած չէ միայն քիւրտե­րով։ Հրեանե­րուն ալ գո­յատեւ­ման ռազ­մա­վարու­թիւնը կա­պուած է քա­ղաքա­կանու­թե­նէ հե­ռու մնա­լու եւ թրքե­րէնի լաւ տի­րապե­տելու հիմ­նա­կան պայ­մաննե­րուն։

Թուրքիոյ մէջ ըն­կե­րաբան մը որե­ւէ նիւթ կը քննար­կէ, ո՛չ թէ ըն­կե­րաբա­նի, այլ թուրք ըն­կե­րաբա­նի աչ­քե­րով։ Երե­ւոյթնե­րուն գի­տական մեր­ձե­ցու­մով մը նա­յելուն փո­խարէն կը նա­յի իր թրքու­թեան, աւե­լի ճիշդ ըսած իր իրա­ւասու­թեան սահ­մա­նու­մով։ Իւնլիւ իր գիր­քին մէջ օրի­նակ կը թուէ ըն­կե­րաբան Իս­մա­յիլ Պե­շիք­ճին։ Ան քրտա­կան ու­սումնա­սիրու­թիւններ ընե­լուն հա­մար, պե­տու­թեան կող­մէ աւե­լի քան 17 տա­րինե­րու ար­գե­լափա­կու­մով պատ­ժուած էր։ Այլ կերպ ըսենք հա­տած էր թրքու­թեան ուխտի սահ­մաննե­րը եւ այս պա­տիժին դէմ Թուրքիոյ ակա­դեմա­կան շրջա­նակ­նե­րը լռու­թիւն պա­հած էին։ Հա­յերու ցե­ղաս­պա­նու­թեան, քիւրտե­րու, քրիս­տո­նեանե­րու մա­սին իրա­ւացի ու­սումնա­սիրու­թիւններ առ­հա­սարակ չեն կա­տարուած Թուրքիոյ հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ։ Ի վեր­ջոյ այս բո­լորը հա­սած են ճգնա­ժամի մը։ 2002 թուակա­նին Ար­դա­րու­թիւն եւ զար­գա­ցում կու­սակցու­թեան իշ­խա­նու­թիւնով ժա­մանա­կի պա­հան­ջարկը մատ­նա­ցոյց ըրաւ ԵՄ-ի ան­դա­մակ­ցութիւ­նը։ Այդ տա­րինե­րու հա­մեմա­տական ազա­տու­թեան պայ­մաննե­րուն տակ թրքու­թեան ուխտը սկսաւ կքիլ։ Այդ ան­կումի խորհրդան­շա­կան անուննե­րէն մէկն ալ ան­շուշտ, որ Հրանդ Տին­քը եղած էր։ Տինք իր հան­դարտ ոճով յա­ջողած էր ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդի­րը հա­սարա­կու­թեան օրա­կար­գին բե­րել։ Իր խա­ղաղա­սէր ոճով յա­ջողած էր նաեւ բա­ւական լայն շրջա­նակի մը հա­մակ­րանքին ար­ժա­նանալ։ Այսպէ­սով Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին որոշ գի­տակ­ցութիւն մը գո­յացաւ, որ մտա­հոգու­թիւն պատ­ճա­ռեց որոշ շրջա­նակ­նե­րու, որոնք ապա­հովե­ցին Տին­քի սպա­նու­թիւնը։ Այս դէպ­քը թրքու­թեան ուխտի կա­րեւո­րագոյն փոր­ձա­քարե­րէն մէ­կը պէտք է հա­մարել։ Նոյնպէս կա­րեւոր օրի­նակ մըն է «Հան­րա­պետու­թեան քայ­լարշաւ­ներ» կո­չուած հան­րա­հաւաք­նե­րը, որոնք կու գա­յին թրքու­թեան մատ­նուած անել­նե­րը յստա­կեց­նե­լու։ Կ՚ար­ժէ յի­շել, որ այդ հան­րա­հաւաք­նե­րու ժա­մանակ հնչած կա­րեւոր դժգո­հու­թեան ար­տա­յայ­տութիւննե­րէն մէկն էր՝ «այ­լեւս ամչնալ սկսանք մեր թրքու­թե­նէն» խօս­քը։ Ու­րիշ ճգնա­ժամ մը 2015-ի Յու­լի­սին բռնկուող պա­տերազ­մի դրու­թեան մէջ 1128 ակա­դեմա­կանի միաս­նա­բար ստո­րագ­րած յայ­տա­րարու­թիւնն էր։ Ար­դա­րեւ պե­տու­թիւնը այդ ակա­դեմա­կան­ներն ալ շատ ծանր կեր­պով հա­լածած էր, բայց հա­լածան­քէն ան­մի­ջապէս ետք պե­տու­թեան այդ դիր­քո­րոշու­մին դէմ գո­յացած զօ­րակ­ցութիւ­նով ստո­րագ­րողնե­րու թիւն ալ բարձրա­ցած ու հա­սած էր 2212-ին։ Յայտնի է, որ թրքու­թեան ուխտը սկսած է քայ­քա­յուիլ, որը կան­խե­լու հա­մար իշ­խա­նու­թիւննե­րը աւե­լի յա­ճախա­կի կ՚ընդգծեն «տե­ղացի» եւ «ազ­գա­յին» եզ­րե­րը։

Բնա­կանա­բար «Թրքու­թեան ուխտ»ին հա­ւատա­րիմ շրջա­նակ­ներ պի­տի առար­կեն այս գիր­քին մէջ նշուած գա­ղափար­նե­րուն։ Ինչպէս հե­ղինա­կը կը մատ­նանշէ Մարքսա­կան­ներ, քե­մալա­կան­ներ եւ լի­պերալ­ներ եւս չեն անդրա­դառ­նար թրքու­թեան ուխտին իրենց պար­գե­ւած մենաշնորհներուն եւ կը խուսափին հայելիին նայելէ։ Կը մաղթեմ կարդաք այս գիրքը եւ տեսնէք իրողութիւնը։

Թրքութեան Ուխտ
Պարըշ Իւնլի
«Տիփնոթ» հրատարակութիւնը
Յունուար 2018 Իսթանպուլ
386 էջ