Կրոսմանի հայերն ու Հայաստանը

եդուարդ տանձիկեան

Վասիլի Կրոսման, երբ 1961-ին Հայաստան կ՚այցելէր, Խորհրդային միութեան տարածքին հանրածանօթ լրագրող եւ արձակագիր մըն էր, որուն գրչի կարողութիւնը ընդունուած փաստ էր բոլորին կողմէ։ Ծնած էր հրեայ ընտանիքի մէջ Ուկրանիա, 1905 թուին։ Հայրենակցական մեծ պատերազմին կ՚աշխատակցէր «Քրասնոյա զվեզտա» (կարմիր աստղ) թերթին։ 1944-ին հրատարակեց «Թրեպլինքայի դժոխքը» յօդուածը, որ իբրեւ փաստաթուղթ գործածուեցաւ Նիւռնպերկեան դատավարութիւններուն։ Կրոսմանի կարեւորագոյն գործը «Կեանք եւ ճակատագիր»ն է, որուն մեքենագրուած բնագիրը 1961-ին գրաւուած էր ՔԿՊ-ի կողմէ։ (Գիրքը Ռուսաստանի մէջ հազիւ 1980-ականներու վերջերուն հրատարակուած է։ Իսկ թրքերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ «Ճան» հրատարակչութեան մատենաշարէն։)

Այդ մեքենագրուած բնագրին գրաւումէն կարճ ժամանակ անց կը սկսի Կրոսմանի Հայաստանեան ոդիսականը։ ՔԿՊ բնագիրը գրաւած էր 1961 թուի Փետրուարին։ Նոյն տարուայ Նոյեմբեր ու Դեկտեմբեր ամիսներուն ան կ՚այցելէ Հայաստան։ Իրականութեան մէջ աշխատանքային այցելութիւն մըն էր այս։ Իրեն առաջարկուած էր Հրաչեա Քոչարի «Մեծ տան զաւակները» վէպին խմբագրութիւնը։ Գիրքը բառացի կերպով ռուսերէնի թարգմանուած էր Յասմիկ Տարոնեանի կողմէ ու կը կարօտէր խմբագրական վերատեսութեան։ 

Կրոսման այս աշխատանքի համար կու գայ Հայաստան, բայց չի բաւարարուիր այդքանով։ Նոյնիսկ գիրքէն մեկնելով կարելի է ըսել, թէ շատ ալ չզբաղիր այդ գործով։ Երկու ամիս կը շրջի Հայաստանի լեռները ու ձորերը ու ապա իր հզօր գրիչով կը բնութագրէ տուեալ տարիներու Հայաստանի համայնապատկերը։ Սակայն այս գրառումներու հրատարակութիւնն ալ բարդութիւններ կ՚ապրի։ Հեղինակի կենդանութեան գրաքննութիւնը կ՚արգիլէ գիրքին տպագրութիւնը։ Իսկ յետ մահու, 1965-ին կը տպուի որոշ հատուածները զանց առնելով։ Գիրքի լիակատար տպագրութիւնը կ՚իրականանայ 1988 թուին, «Զնամյա» պարբերականի էջերուն վրայ։ «Արաս» հրատարակութիւնը Եուլվա Մուհուրճիշիի թարգմանութեամբ այս լիակատար տարբերակն է որ կը մատուցէ իր ընթերցողներուն։  

Հանդիպում քարերու երկրին հետ

Լոկ Ճանապարհագրութիւն մը չէ Կրոսմանի գրածները։ Հայաստան երկիր ոտք դնելով իր ծանօթացած անձերով, գիւղերու եւ քաղաքներու գեղակերտութեամբ, ճարտարապետութիւնով, յուշարձաններով, յատկապէս Ստալինի հսկայ քանդակով, իր դիտած բոլոր կերպարներով հայոց խորհրդային վարչակարգի, մանաւանդ Ստալինի հետ յարաբերութիւնը բացայայտել կը ջանայ։ Հայոց պատմութիւնը խորապէս ուսումնասիրելով եւ իմացածներն ալ համայնավար, բայց իշխանութեան հանդէպ վերապահութիւններ ունեցող արձակագիրի մը դիտանկիւնով կը փոխանցէ էջերուն։ Ուրեմն կրնանք ըսել, թէ Հայաստանի հայ ինքնութեան եւ պատմութեան մասին հզօր գրականութիւն մը կայ մեր առջեւ։ Եւ ոչ միայն այդքան, հեղինակին համար Հայաստանի աշխարհագրութիւնն ալ կարեւոր է իբրեւ հայու ճակատագիրը բնորոշող վայր։

«Հայաստանի մէջ առաջին նկատածս քարը եղաւ եւ երկրէն բաժնուեցայ քարը մտքիս մէջ դրոշմելով, մէկու մը դէմքին ո՛չ թէ բոլոր մանրամասնութիւնները, այլ շեշտուած գիծերը, խորշոմները, համակերպող հայեացքը, հաստ ու խոնաւ թուշերը, կամ աւելի ճիշդը իր բնութիւնը ցոլացնող յատկութիւնները կը յիշենք։ Ինծի համար Հայաստանի բնութիւնը ու ոգին Սեւանայ լճի կապոյտէն, ծիրանիներու կամ որթատունկերու այգիներէն, Արարատի դաշտէն աւելի քարերէն կը ցոլանար։ Հայաստանի մէջ ձեզ տպաւորողը ո՛չ թէ հովիտներու քարերը, լեռներու գագաթները կամ լանջերն են, այլ գետնի տափարակ քարերը, քարքարոտ մարգագետինները, արտերը եւ դաշտերը»։

Կրոսման այս տողերէն շարունակելով կը խօսի նաեւ հայուն այս քարաստանէն արատութիւն քաղելու ունակութեան մասին։

«Այդ հսկայ քարակոյտը տեսնելով իմ մէջ գոյացաւ հայուն ու անոր վաստակին հանդէպ մեծ հիացում մը։ Այս փոքր ժողովուրդը հսկայացաւ իմ դիմաց։ Դիտեցի Հայաստանի լուռ ու ահռելի քարը, ապա յիշեցի Երեւան հասած օրս իսկ կոլխոզի շուկային արատութիւնը։ Քարը միայն հսկայի մը ձեռքով կրնար այսքան քաղցրահամ խաղողի կամ թարմ բանջարեղէնի վերածուիլ»։

Հարկ է նշել, թէ Կրոսմանի տողերը միայն գովերգութիւն չեն։ 1960-ական տարիներու քաղաքի կամ գիւղի բնակիչ հայ հասարակութեան հոգեբանութիւնը, սովորութիւնները, թէ անկողմնակալ եւ թէ առկայ դժուարութիւններն ալ շեշտելով կը գրէ։ Հետեւաբար բնութիւնը, մարդը եւ հետզհետէ հասարակութիւնը պատկերուած է այս գրառումներուն մէջ։ 60-ական տարեթիւերուն Հայաստանի հոգեբանութիւնը ընկալելու համար կարեւոր են հետեւեալ տողերը։

«Մի քանի հայ մտաւորականի հետ հանդիպելով տեսայ հայոց ազգային մեծ հպարտութիւնը։ Կը հպարտանային հայոց պատմութիւնով, հրամանատարներով, ճարտարապետութեամբ, գրականութեամբ եւ գիտական նուաճումներով։ Որքան լաւ էր։ Ես սրտանց կը զգայի այդ վեհ զգացումը։ Բայց խօսակիցներէս ոմանք մարդու ստեղծագործութեան բոլոր մարզերուն հայոց գերազանցութիւնը յատկապէս կը շեշտէին։ Կը բաղդատէին Գառնիի տաճարը Աքրոպոլիսի հետ եւ Գառնին ճարտարապետական առումով շատ աւելի բարձր կը գնահատէին։ Բանաստեղծուհի մը զիս համոզել կը ջանար,թէ Թումանեանի հանճարը աւելի բարձր է, քան Փուշկին։ Անշուշտ, որ խնդիրը Գառնիի ճարտարապետութեան աւելի կատարեալ կամ Թումանեանի հանճարին Փուշկինէն աւելի բարձր ըլլալու մասին չէ։ Էական է այն, որ իմ զրուցակիցներուս համար բանաստեղծութիւնը, ճարտարապետութիւնը, գիտութիւնը եւ պատմութիւնը ինքզինքեան նշանակութիւն մը չունէին։ Այդ բոլորը հազիւ հայ ժողովուրդի միւս ժողովուրդներուն հետ բաղդատելով գերադասութիւնը փաստելու համար իմաստ մը կը ներկայացնէին։ Այնպէս, որ կարեւորութիւնը բանաստեղծութիւնը չէր, այլ հայ բանաստեղծի ռուս կամ ֆրանսացի բանաստեղծէ մը աւելի բարձր ըլլալը։ Զրուցակիցներս անտեսելով գրականութեան, ճարտարապետութեան կամ գիտութեան վեհութիւնը կը բաւարարուէին իրենց ազգային արժանիքը վեր առնել ու այսպէսով ալ կ՚աղքատացնէին իրենց ոգին ու սիրտը։ Այս մարմաջը երբեմն կրնայ դատուիլ իբրեւ խենդութեան դրսեւորում»։

Եզրակացնեմ ըսելով, որ «Արաս», «Ճամբորդութիւն դէպի քարերու երկիրը» գիրքով շատ կարեւոր ծառայութիւն մը մատուցած է թրքերէն ընթերցողներուն ներկայացնելով, թէ 1960-ական տարեթիւերու Հայաստանը եւ թէ շատ կարող եւ Թուրքիոյ մէջ հաւանաբար նուազ ծանօթ գրողի մը յայտնաբերումը։ Ուրեմն մենք ալ այս յօդուածը աւարտենք Կրոսմանի տողերէն մէջբերումով մը՝ «Բարե՛ւ ձեզ, հայեր եւ ոչ հայեր»։

«Ճամբորդութիւն դէպի քարերու երկիրը»

Վասիլի Կրոսման

«Արաս» Հրատարակչատուն

Իսթանպուլ/2017

176 էջ