Դասական գրականութեան բաւիղներուն մէջ

սեւան տէյիրմենճեան

Մատե-նագի-տական ու-սումնա-սիրու-թիւննե-րը բա-նասի-րական աշ-խա-տանքնե-րու ան-փո-խարի-նելի աղ-բիւրնե-րու շար-քին կը գրա-ւեն կա-րեւո-րագոյն տե-ղը։ Նախ-քան աշ-խա-տան-քի սկսի-լը ան-պայման պէտք է գիտ-նաք, թէ նոյն նիւ-թին շուրջ ին-չեր ըրած են ու-րիշնե-րը, ի՛նչ աղ-բիւրներ կան, որո՛նք են ու-սումնա-սիրե-լի հե-ղինա-կին ստեղ-ծա-գոր-ծութիւննե-րը, մա-մու-լին մէջ ի՚նչ ար-ձա-գանգ ու-նե-ցած է այս կամ այն հրա-տարա-կու-թիւնը, կամ առա-ջին հա-տորը տպագ-րո-ւած հա-տորի մը երկրոր-դը, զոր չէք գտներ, հրա-տարա-կուա՛ծ է եր-բե-ւէ։

Վեր-ջին շրջա-նին հրա-տարա-կուած կամ վե-րահ-րա-տարա-կուած մա-տենա-գիտա-կան աշ-խա-տու-թիւննե-րու շար-քին առան-ձին տեղ մը կը գրա-ւէ հան-գուցեալ բա-նասէր Պօ-ղոս Խա-չատ-րեանի (1929-2003) «Հայ հին գրա-կանու-թեան մա-տենա-գիտու-թիւն»ը, զոր լրա-ցու-ցած ու խմբագ-րած է Ար-շակ Բա-նու-չեան։ 2016-ին Երե-ւան հրա-տարա-կուած հա-տորին յա-ռաջա-բանը գրի առած է ասո-րագէտ, բա-նասէր Լե-ւոն Տէր-Պետ-րո-սեան, որ եղած էր Հա-յաս-տա-նի առա-ջին նա-խագահն ու ու-նե-ցած՝ քա-ղաքա-կան-հա-սարա-կական ծա-ւալուն գոր-ծունէու-թիւն։

Պօ-ղոս Խա-չատ-րեան հայ հին գրա-կանու-թեան մա-տենա-գիտու-թիւնը սկսած է կազ-մել Հ. Կիւ-րեղ վրդ. Քի-պարեանի «Հայ հին գրա-կանու-թեան պատ-մութիւն» գիր-քին վե-րամ-շա-կուած երկրորդ հրա-տարա-կու-թեան հա-մար, զոր 1992-ին հրա-տարա-կած են իր սա-ները՝ Զու-լալ Գա-զան-ճեան ու Հ. Ներ-սէս վրդ. Տէր-Ներ-սէ-սեան։ Այս հրա-տարա-կու-թեան մա-տենա-գիտա-կան յօ-դուած-նե-րը լրաց-նե-լու աշ-խա-տան-քը Լե-ւոն Տէր-Պետ-րո-սեանի առա-ջար-կութեամբ ստանձնած ու կա-տարած է Պօ-ղոս Խա-չատ-րեան, որ հա-ւանա-բար այդ աշ-խա-տան-քը կա-տարե-լու ըն-թացքին ծրագ-րած է կազ-մել ընդլայ-նո-ւած ցան-կով ու մա-տենա-խօսա-կան յօ-դուած-նե-րով նոր հա-տոր մը։

Քի-պարեան իր «Հայ գրա-կանու-թեան պատ-մութիւն»ը նա-խատե-սած է հրա-տարա-կել եր-կու հա-տորով, սա-կայն հին գրա-կանու-թեան նո-ւիրո-ւած հա-տորը մնա-ցած է անա-ւարտ, իսկ նոր գրա-կանու-թեան նո-ւիրո-ւած երկրորդ հա-տորը չէ ամ-բողջա-ցու-ցած։ Գա-զան-ճան ու Տէր-Ներ-սէ-սեան, յեն-լով Քի-պարեանի ձե-ռագիր-նե-րուն, խմբագ-րած, կազ-մած ու վե-րահ-րա-տարա-կած են առա-ջին հա-տորը, լրաց-նե-լով ու հարստաց-նե-լով զայն։ Ահա այս երկրորդ հրա-տարա-կու-թեան մա-տենա-գիտու-թիւնը կազ-մած է Պօ-ղոս Խա-չատ-րեան՝ բնա-կանա-բար առաջ-նորդո-ւելով գիր-քի կա-ռու-ցուած-քով եւ յի-շատա-կուած մա-տենա-գիր-նե-րու անուննե-րով։

Բա-նասէր-ձե-ռագ-րա-գէտ Ար-շակ Բա-նու-չեան, որ եղած է նաեւ Մաշ-տո-ցեան Մա-տենա-դարա-նի փոխ-տնօ-րէն, Խա-չատ-րեանի մա-տենա-գիտա-կան այս յօ-դուած-նե-րը առանձնա-ցու-ցած ու դա-սաւո-րած է այ-բե-նական կար-գով, խմբագ-րած ու միօրի-նակ դար-ձուցած բո-լոր յղումնե-րը։ Այս նոր հա-տորին մէջ իրենց տե-ղը գտած են նաեւ Պօ-ղոս Խա-չատ-րեանի կազ-մած առան-ձին ժո-ղոուա-ծոնե-րու (ինչպէս «Գիրք թղթոց», «Շա-րակ-նոց») եւ հայ գրա-կանութեան պար-բե-րաշրջան-նե-րու (Մաշ-տոցեան, Յու-նա-բան, Միաբա-նող եղ-բայրներ եւլն.) մա-տենա-գիտու-թիւննե-րը, այ-բե-նական հեր-թա-կանութեամբ, մա-տենա-գիր-նե-րու հետ միասին։ Բա-նու-չեան աւել-ցուցած է մա-տենա-գիր-նե-րու կեն-սագրա-կան տո-ւեալ-նե-րը եւ լրա-ցու-ցած 1992-էն ետք եղած հրա-տարա-կու-թիւննե-րու եւ ու-սումնա-սիրու-թիւննե-րու մա-տենա-գիտա-կան տո-ւեալ-նե-րը։

Ինչպէս կը նշէ Բա-նու-չեան իր նե-րածա-կանին մէջ, Պօ-ղոս Խա-չատ-րեանի այս կա-րեւոր աշ-խա-տու-թիւնը մի-ջան-կեալ հանգրո-ւան մըն է Յա-կոբ Անա-սեանի անա-ւարտ ծրա-գիրին (տե՚ս Յ. Անա-սեան, «Հայ մա-տենա-գիտու-թիւն», Ե-ԺԸ դդ., հ. Ա., Երե-ւան, 1959, հ. Բ., Երե-ւան, 1976, հ. Գ., Երե-ւան, 2002) , որ հա-յագի-տու-թեան հա-մար կը մնայ բաղ-ձա-լի հե-ռան-կար մը՝ հայ-կա-կան մա-տենա-գիտու-թիւնը տալ իր առանցքա-յին սկզբունքնե-րով, ձե-ռագիր եւ տպա-գիր նիւ-թի բնագ-րա-գիտա-կան, աղ-բիւրա-գիտա-կան քննու-թեամբ ու ծա-նօթագ-րութիւննե-րով։

Հուսկ, ան-պայմա՚ն քա-նի մը տող Պօ-ղոս Խա-չատ-րեանի մա-սին։ Թէեւ իրեն աշա-կերտե-լու բախ-տին ար-ժա-նացած չեմ Երե-ւանի պե-տական հա-մալ-սա-րանի ու-սա-նողու-թեանս շրջա-նին, սա-կայն ապ-րած եմ հե-տը զրու-ցա-կից ըլ-լա-լու վա-յել-քը։ Իրեն հա-մար «պոլ-սե-ցի» էի, որուն երբ հան-դի-պէր ան-պայման քա-նի մը խօսք ու-նէր ըսե-լիք Յա-կոբ Մնձու-րիի մա-սին, զոր իր նա-խասի-րած հե-ղինակ-ներն մէկն էր (ինչպէս կ՚ակ-նարկէ Լե-ւոն Տէր-Պետ-րո-սեան եւս, այս գիր-քի յա-ռաջա-բանին մէջ)։ Ծնած էր 21 յու-նո-ւար 1929-ին, Ախալցխա-յի Ծղալթբի-լա (Նոր-շէն) գիւ-ղը։ Մեծ-հօ-րը հայ-րը քա-հանայ եղած է՝ Տէր Պօ-ղոս, որ-մէ ալ հա-ւանա-բար ժա-ռան-գած է իր անու-նը։ Հայրն ու հօ-րեղ-բայրնե-րը կը նա-հատա-կուին հա-մաշ-խարհա-յին երկրորդ պա-տերազ-մի տա-րինե-րուն։ 1947-ին կ՚աւար-տէ ծննդա-վայ-րի միջ-նա-կար-գը, 1951-ին ալ՝ Երե-ւանի «Խա-չատուր Աբո-վեան» ման-կա-վար-ժա-կան ինստի-տու-տի հա-յոց լե-զուի ու գրա-կանու-թեան բա-ժինը։ 1960-ին կ՚ըն-դունո-ւի Գի-տու-թիւննե-րու Ազ-գա-յին Ակա-դէմիոյ գրա-կանու-թեան ինստի-տու-տի աս-պի-րան-տուրան՝ հայ հին գրա-կանու-թեան մաս-նա-գիտու-թեամբ, աշա-կեր-տե-լով Լե-ւոն Խա-չիկեանին։ Թեկ-նա-ծուա-կան ատե-նախօ-սու-թեան նիւ-թը եղած է «Հայ միջ-նա-դարեան ող-բե-րը», զոր առան-ձին հա-տորով հրա-տարա-կած է 1969-ին։ Ապա տասնհինգ տա-րի շա-րու-նակ Ար-շա-լոյս Ղա-զինեանի հետ կը պատ-րաստէ Գրի-գոր Նա-րեկա-ցիի «Մա-տեան ող-բերգու-թեան» եր-կի գրաքննա-կան բնա-գիրը (հրա-տարա-կուած է 1985-ին)։ Հե-տագայ տա-րինե-րուն Նա-րեկա-ցիին նո-ւիրո-ւած եր-կու գիրք եւս կը հրա-տարա-կէ՝ «Նա-րեկի միջ-նա-դարեան լուծմունքը» եւ «Գրի-գոր Նա-րեկա-ցին ու հայ միջ-նա-դարը»։ Ու-նի այլ հրա-տարա-կու-թիւններ եւս։ Բա-ցի Երե-ւանի պե-տական հա-մալ-սա-րանէ, դա-սախօ-սած է նաեւ Սե-ւանի Վազ-գէ-նեան դպրա-նոցին ու Մայր Աթո-ռի Գէոր-գեան ճե-մարա-նին մէջ։ 

Ինչպէս Պետ-րոս Բե-դիրեան գրած էր Պօ-ղոս Խա-չատ-րեանի մա-հուան առ-թիւ, «Նա, աւա՜ղ գնաց. Նա հաս-տատ մնում է»։ Եւ «Հայ հին գրա-կանու-թեան մա-տենա-գիտու-թիւն» ստուար հատորը լաւագոյն փաստն է ըսուած խօսքի ճշմարտացիութեան։

«Հայ հին գրականութեան մատենագիտութիւն»

Պօղոս Խաչատրեան

լրացուց եւ խմբագրեց՝ Արշակ Բանուչեան

յառաջաբանը՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի

«Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն,
Երեւան 2016,
613 էջ