Հայոց ցեղասպանութեան արտասովոր մեկնութիւն մը

ԲԱԳՐԱԴ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թուրքիոյ համայնավար քաղաքախօսութեան մէջ շատ կարեւոր ներդրում ունեցած յառաջատար գործիչ մըն է Մասիս Քիւրքչիւկիլ։ Ան իր հեղինակած բազմաթիւ գիրքերով, նաեւ կը ներկայանայ որպէս համայնավար գաղափարախօսութեան կարեւոր փիլիսոփայ մը Թուրքիոյ իրողութեան մէջ։ Քիւրքչիւկիլ մեծ վարպետութեամբ ընդլուծած է գաղափարի մարդու եւ համայնավար գործիչի յատկանիշները իրարու մէջ եւ այս բոլորով ալ յաջողած է Թուրքիոյ համայնավար միջավայրի մէջ անուրանալի ներդրում ունեցած կերպարի մը ձեւաւորումը հաստատել։ Թուրքիոյ մէջ ինչպէս զանազան այլ օրինակներով ալ կը տեսնենք հայ մտաւորականը կարելի չէ, որ ընդմիշտ հեռու մնայ հայկական խնդրի մասին վերլուծումներու միջամուխ ըլլալէ։ Նոյնիսկ մարդկայնօրէն իր նախապատուութիւնները ուղղուած ըլլան ուրիշ ոլորտի պայմանները հայ գործիչին առջեւ կը պարզեն անխուսափելի առերեսում մը իր ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ։ Նկատի ունենալով Մասիս Քիւրքչիւկիլի նախորդ ուսումնասիրութիւնները կարելի է այս վերջինն ալ դիտել ահա այս կաղապարի մէջ, ուր հեղինակը ակամայ կը մատնուի պատասխան փնտռելու ճակատագրական իմաստ ներկայացնող հարցումի մը՝ ∩Արդեօք ուրիշ տեսակ պատմութիւն մը կարելի՞ էր∪։ Ահաւասիկ բազում անգամներ ուղղուած հարցում մը, որուն պատասխանը դրական թէ բացասական ի զօրու չեն կատարուածը շրջանցելու, բայց կրնան ծառայել կատարուածի տեղի տուող բազմաբնոյթ գործօններու ճշգրիտ ընկալումին։ Այո՛, այս պահուն կարելի է վիճել նման հարցումի մը իմաստին մասին։ Այդ հարցումը իրականութեան մէջ ի՞նչ բան կրնայ փոխել, քանի որ ապրուած է մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրը՝ ցեղասպանութիւնը իր բոլոր հետեւանքներով։

Գիրքին տեւողութեան Մասիս Քիւրքչիւկիլ ահա այդ հարցումին պատասխանն է, որ կը փնտռէ, ոչ թէ ճշդելու համար, թէ ի՞ նչ եղաւ, այլ հասկնալու համար, թէ ի՞նչ պայմաններով ճանապարհը մեզ տարաւ դէպի այդ սեւ ոճրին։

Նիւթի այս ձեւով ուսումնասիրութիւնը մեզ կը դնէ պատմութիւնը ճիշդ հասկնալու, ճիշդ մեկնաբանելու հրամայականին դիմաց։ Այդ հրամայականի պատասխանն է, որ կը փնտռէ Մասիս Քիւրքչիւկիլ իր այս վերջին հատորին մէջ։ Իրականութեան մէջ հատորը գոյացած է տարբեր ժամանակներուն գրի առնուած զանազան յօդուածներու մէկտեղումով։ Արդարեւ հեղինակը երկար ժամանակէ ի վեր միտքեր կը զարգացնէր անցած ու դարձածը ճշգրիտ կերպով ընկալելու եւ ապա փոխանցելու համար։

Նման պատմելաոճը ինքնաբերաբար մեզ կը թելադրէ ուսումնասիրել ԺԹ. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ Օսմանեան կայսրութեան պարզած ընկերաքաղաքական եւ տնտեսական համայնապատկերը։ Եւ անշուշտ ո՛չ միայն այդքան, յստակ պատկերացումի մը համար կը կարօտի աւելիին ու աւելիին։ Այս անգամ Քիւրքչիւկիլ այդ աւելին եւս յստակեցնելու միտումով իր հայեացքը կ՚ուղղէ դէպի Եւրոպայի, Ռուսաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան զանազան հատուածներու դասակարգային խմորումներու եւ անոնց ուղղութիւն տուող գաղափարախօսութեան։ Այս ընելու ժամանակ յաճախ մէջբերումներ կը կատարէ տուեալ ժամանակահատուածի կարեւորագոյն փիլիսոփաներու դիտումներէն եւ հաստատումներէն։

Ցեղասպանագիտութեան ընդհանուր գրադարանին մէջ ուրոյն տեղ մը կը գրաւէ Մասիս Քիւրքչիւկիլի այս աշխատասիրութիւնը, որ զանազան յատկութիւններով եզակի կը դառնայ այդ ընդհանուրին մէջ։

Ուրիշ պատմութիւն մը կարելի՞ էր

Մասիս Քիւրքչիւկիլ

∩Էտէպի շէյլեր∪ հրատարակչութիւն

Իսթանպուլ /2018

186 էջ