Կեանքի ծանր փորձութիւն


ՊԻԼԿԵՀԱՆ ՈՒՉԱՔ

Իմ առաջին այցելութիւնը ∩Ակօս∪, Եդուարդ Տանձիկեանի հետ հարցազրոյցի համար էր։

Հաճելի, ջերմ խօսակցութիւն մըն էր։

Այդ մտերմութեան մէջ, իբրեւ թերթի հաւատարիմ ընթերցող, հարց տուի՝ ∩Նազար Պիւյիւմ ինչո՞ւ դադրած է  գրելէ։ Մեծ հաճոյքով կ՚ընթեռնէի, յանկարծ անհետացաւ∪։

Ապա, դուք ալ գիտէք արթէն, վերսկսաւ գրելու։ Ինչ լաւ։

∩Ակօս/Գիրք∪ յաւելուածի Յունիսի թիւով իմացայ թէ թերթի յօդուածները հաւաքած է հատորի մը մէջ։

Շնորհակալ եմ, Ֆերտա Պալանճառ օրինակ մը ղրկեց, որ իսկոյն կարդացի։ Առանց շտապելու, մերթ մաղ կրակի վրայ եփած սուրճի մը յագեցումով, մերթ ալ, (եթէ Լեւոն Պաղըշ առարկութիւն չունի) լաւ սառեցուած սպիտակ գինու ընկերակցութեամբ կարդացի։

Խոստովանիմ որ նախապէս կարդացած էի այդ յօդուածները։ Բայց այս անգամ, իրերայաջորդ կերպով, ամբողջութիւն մը կազմելու առումով աւելի առինքնող թուեցան։

Նազար Պիւյիւմի գրութիւններուն մէջ քաղաքականութիւնը, գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, լեզուն, քերթուածը, ընկերութիւն, բանբասանք բոլորը կան։ Կայ նաեւ աւելին, իւրայատուկ ու աննման մտերմութիւնը։

Պիւյիւմ կը յիշէ Փեթէ Սիճըրը, իսկոյն կը նուագեմ Սիճըրի երգերը։ Երգով կը տարուիմ։ Մուրատ Պելկէ խորհուրդ տուած է Սիճըր լսել։ (Այս մասին լսած էի նաեւ Ասաֆ Սաւաշ Աքատէն։ Ան ալ Մուրատ Պելկէի հետ անգլերէն երգերու անդաստանին մէջ շրջածներէն է։ Արդեօք այդ երգացանկին մէջ Սիճըրէն ալ երգա՞ծ են)։

Ապա էջը կը թերթեմ ու կը յայտնուի ∩Բոլոր ձայները ՀՏՓ−ին∪ յօդուածը։ Իսկոյն կը փոխեմ

∩Երկինքը մուգ, ամպը կեղծ                                                                                                   

եթէ տարուիս թախիծին,                                                                                                                             

Իմացիր արեգակը սիրելի

Հոն է ուր որ էր միշտ...∪

Բաժակ մը եւս, կը բարձրացնեմ մակնեթոֆոնի ձայնը։ Թուրքիոյ առաջատար հրատարակիչներէն Նազար Պիւյիւմի ծանրակշիռ գիրքը գիրկս է։ Թէեւ հաստ հատոր մըն է բայց նոյնիսկ այդ ծաւալին հետ համեմատած, բաւական ծանր կը թուի։                                    

Նմանապէս ծանր են յօդուածներէ ոմանք։ Յիշեմ մէկը՝ ∩Դիւրին չէ Կյաւուր ըլլալ∪։ ∩Հայրս ալ միւս բոլոր Քրիստոնեաներու նման պահեստազօրքի կոչեցին երբ սկսաւ երկրորդ աշխարհամարտը։ Ժողովուրդի բառամթերքին մէջ ծանօթ է ∩20 դասակարգ զինուորութիւն∪ անուանումով։ Մեր տան եօթ շունչի հոգը կը մնայ 13 ամեայ եղբօրս՝ Համբարձումի ուսերուն։ Այս իմ 40−ամեայ հօր երկրորդ զօրակոչութիւնն է։ Անզէն զինուորութեան ծառայութիւն մըն է որ կը կատարէն։ Զինեալ պահակներու հսկողութեան տակ կ՚աշխատին ճանապարհաշինութեան, կամուրջ կապելու նման գործերով։ (Բոլորին ծանօթ իրողութիւն մըն է այս)։ Սովետական երկրի ժողովուրդները եթէ զիչէին Սդալինկրատ յարձակող Հիթլերի բանակին դիմաց, 20 դասակարգի զօրակոչիկները չէին կրնար տուն վերադառնալ։ (Այս ալ շատ ընդունելութիւն գտած մեկնաբանութիւն մըն է)։

Հօրս տուն դառնալէն կարճ ժամանակ անց վրայ կը հասնի ∩Ունեւորութեան տուրք∪ը։ Հարեւաններ կը մատնեն մեր ընտանիքը, ձմռան պաշարը կը գրաւուի եւ ամբողջ ընտանիքը զրկանքներով լեցուն ձմեռ մը կը բոլորէինք։ Ես դեռ չեմ ծնած։ Ամբողջ Անատոլուն հրի տուած այդ շրջանին մայրս որբ է, իսկ հայրս բոլորովին ծնողազուրկ։ Իրարու յաջորդող այդ աղէտներու մէջ, հայրս որքան ալ վարպետ ու ճարտար ձեռքեր ունենայ, կը դժուարանայ դարբինի կամ պայտարի վաստակով տան կարիքները հոգալ։

Թէեւ թշուառ չենք, բայց հազիւ կ՚ապահովենք ապրուստի միջոցները։

Ահա ես այդ միջավայրին ծնայ։ Յաճախեցի Տումլուփընար նախակրթարան։ Յաջող աշակերտ էի, գերազանց յաջող։ Ոչ միայն մեր դպրոցի, այլ ամբողջ գաւառի մէջ մատով ցոյց կու տային զիս։ Նախակրթարանը աւարտեցի։ Ուխտած էի ուսանիլ, բայց ինչպէ՞ս։ Թալասի մէջ Ամերիկեան քոլէճը կար, բայց մտքովս անգամ չէի անցներ, հարուստի տեղ էր∪։

Պարոն Նազար Թալասը յիշելով իսկոյն ներքնագիր մը զետեղեր է էջի աւարտին։ ∩Տարիներ անց Շիլէի մեր տան մէջ Շաբաթօրեայ ընթրիքի սեղանի շուրջ մէկտեղուած ենք ընկերներով։ Բազմանդամ խումբին մէջ են Ճէնկիզ Չանտար եւ Օրալ Չալըշլար։ Երկուքն ալ քոլէճ ուսանած։ Տարեկից ենք։ Երբ խօսքը Կեսարիայէն, Թալասէն բացուեցաւ, յիշեցինք նաեւ Ամերիկեան քոլէճը, ափսոսանքով ըսի, ∩Ես ալ կ՚ուզէի հոն ուսանիլ բայց ինչպէ՞ս, հարուստի տեղ էր այդ դպրոցը∪։ Այս լսելով Ճէնկիզ առարկեց, ∩Ո՞վ ըսաւ, Թալասի քոլէճը Քրիստոնեաներուն որոշ տեղ պահած էր ուր ցրի կ՚ուսանէին, կրթաթոշակով∪։ Առաջին անգամ կը լսէի։ Նախ ափսոսանք մը ունեցայ, ապա վրայ բերի՝ ∩Լաւ որ չեմ գացած այդ դպրոցը, թէ ոչ ես ալ ձեր նման բան մը կը դառնայի∪ ըսելով∪։

Այս գրութիւնն ալ նմանեցաւ գրքի բնոյթին, անուններ... բանբասանք...                                                                                      Հոգ չէ, ասոնք բանբասանք չեն որ։ Ինչպէս Չեթին Ալթան կ՚ըսէ ∩բնազդի անկողմնակալ քննարկում∪։

Ընկերական յուշով մը աւարտեմ։ Յուշ մը՝ որ կ՚ապացուցէ նաեւ այս երկրին մէջ ∩Կեաւուր∪ ըլլալու դժուարութիւնը։

∩Համալսարանի առաջին տարին ծանօթացայ Ֆիքրէդ Ատանըրի ու Մուրատ Պելկէի հետ։ Շուտով բարեկամացանք։ Այդ բարեկամութիւնը իր ամբողջ ջերմութեամբ կը շարունակուի այսօր ալ։ Մուրատի գլխաւորած խումբ մը տղաք ու աղջիկներ, բայց աւելի շատ աղջիկներ, Անգլիագիտութեան բաժնի ուսանողներ, տարօրինակ երգեցողութիւնով մը վեհաշուք կը քայլեն եւ ապա միասնաբար կը ծիծաղեն։ Այդ խնդուքի ընդմէջէն կը վերսկսի տարօրինակ երգեցողութիւնը, կը վերսկսի վեհաշուք երթը, ապա կրկին խնդուքի նոպայ մը եւ այսպէս շարունակ։ Օրերէն մի օր Մուրատը Ֆիքրէթին եւ միւսներուն զգուշացուցեր է ∩Տղաք Նազարը հայ է, չըլլայ որ վիրաւորուի մեր այս եկեղեցական ծիսակատարութեան խաղիկէն∪ ըսելով։ Այս որ լսեցի ∩Ով կաղամբագլուխներ, անշուշտ որ չեմ վիրաւորուած ձեր այդ ըրած անճարակութենէն, քանի որ մտքովս իսկ չանցաւ թէ եկեղեցական ծէսը կը կապկէք։ Եկէք որ ես ձեզ ճիշդը սովորեցնեմ։ Նոյնիսկ կը յիշեմ թէ անգամ մը Մուրատն ու Ֆիքրէթը Գումգաբուի աթոռանիստ մայր եկեղեցի տարած էի, հայկական ծէսը տեսնեն ըսելով∪։

Սիրելի ուսուցիչս Անգլիագիտութեան նրբանցքներուն աղջկանց հետ ինչ կ՚ընէր չեմ գիտեր, բայց ∩կաղամբագլուխ∪ ըսելնուդ ալ չեմ հանդուրժեր։

Տէօնիւփ Պաքտըղըմտա (Յետադարձ Ակնարկ)

Նազար Պիւյիւմ

Ակօս∪ի հրատարակութիւն

Յունիս 2018/ Իսթանպուլ

484 էջ