«Օսմանեան եւ Թուրքիոյ թատրոնին մէջ Շահինեանները»

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Նեսիմ Օվատիա Իզրայէլ մօտ անցեալի պատմութիւնով հետաքրքիր գրող մը ըլլալով ներկայացաւ մեր ժամանակներուն գրական դաշտին վրայ։ Ան ուսանած էր ճարտարագիտութիւն եւ այդ ասպարէզը շարունակեց մինչեւ 2008։ Իսկ վերջին տասը տարիներուն բոլոր ուշադրութիւնը ուղղեց իր վաղեմի հետաքրքրութեան։ Այդ ոդիսականի մէջ իր առաջին ելոյթը եղաւ հայ քաղաքական գործիչ, մարդու իրաւուքներու պաշտպան եւ Օսմանեան խորհրդարանի պատգամաւոր Գրիգոր Զոհրապի ծաւալուն մենագրութիւնով մը։ Իսկապէս ալ այդ աշխատասիրութիւնը թերեւս մինչեւ այսօր այդ մեծ գործիչի մասին կատարուած ամենաբեղուն աշխատասիրութիւնը եղաւ։ Ապա վրայ հասաւ Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձին լոյս տեսնող մի այլ աշխատասիրութիւն, որ դարձեալ ուշագրաւ էր իր փաստա−վաւերագրական բովանդակութեամբ։ Թերեւս առաջին անգամ 24 Ապրիլ 1915 թուականի անցուդարձերը կը ներկայանային այսքան պատկերալից ու նաեւ վաւերագրական բնոյթով։

Հեղինակի վերջին աշխատասիրութիւնը ընթերցողը կը տանի բոլորովին տարբեր դաշտ մը։ Իրականութեան մէջ այստեղ Նեսիմ Օվատիա ընտանեկան հարազատութեան մը կծիկը առած է իր ձեռքին եւ սկսած է բանալ զայն, որ մեզ կը տանի նախ Օսմանեան, ապա հանրապետական շրջանի հայկական թատրոնի անծայրածիր պատմութեան։ Այստեղ պէտք է յստակեցնել որոշ յատկութիւն մը։ Պատմուածը ∩հայկական թատրոն∪ եզրէն աւելի պիտի պատշաճի հայ ծագումով թատերագիրներու ներդրումին օսմանեան թատրոնի կազմութեան մէջ։ Պատմական իրողութիւն է, որ Թուրքիոյ մէջ թատրոնի հիմնադիրները եղած են հայերը, բայց անոնց կերտած թատրոնը հայրենի կողքին ունեցած է թրքերէն բեմադրութիւններով հարուստ աւանդ մը։ Աւելի պարզ խօսքով դժուար է հայ թատրոնի մասին խօսիլ, բայց շատ հեշտ է հայ արուեստագէտներու ներդրումով հիմնուած թրքական թատրոնի պատմութիւնը տեսնել։

Գիրքի տակաւին մուտքի էջերուն, նախաբանի մէջ հեղինակը կը պատմէ այդ ոդիսականի խիստ հետաքրքիր ծագման երեւոյթը։ Կը տեսնենք, որ գիրքի հերոսները իրականութեան մէջ իր կնոջ ծնողներն են, յատկապէս հեղինակի կեսուր մայրը, որ առաջին հերթին քիչ մըն ալ դիտուած է որոշ քմծիծաղով, երբ այս վերջինս կը պատմէր իր բեմի յիշատակները։ ∩Հազիւ որոշ ժամանակ ետք գիտակցեցանք կեսուր մօրս պատմածներու կարեւորութեան։ Այդ հանգրուանէն ետք ալ սկսայ գիտական լրջութեամբ պրպտել իր պատմածները։ Այդ ուղղութեամբ ամէն աշխատութիւն իմ առջեւ բացաւ շատ ուշագրաւ պատմութիւն մը, որուն արժանի կերպով տիրապետելու համար որոշեցի հայերէն սորվիլ։ Այս պահէն ետք նոյնինքն աշխատութիւնն էր, որ կը ճշդէր իմ ընթացքը։ Քանի որ նիւթը պիտի վերաբերէր թատրոնին, դիմեցի այս մասին կարեւորագոյն աղբիւրին, որն էր Յակոբ Այվազի արխիւը։ Այդ արխիւը պահուած է Հրանդ Տինք հիմնարկի մօտ եւ լաւագոյն կերպով դասաւորուած ցանկացող ուսումնասիրողի դիմաց գիտելիքներու պաշարի մեծ դուռ մը բանալու∪։

Այս բոլորէն ետք հեղինակը մեզ կը տանի այդ նոր դաշտը, ուր կը ծանօթանանք Շահինեան գերդաստանի թողած հսկայ աւանդին։ Նեսիմ Օվատիա Իզրայէլի կնոջ մեծ հայրն է Օգսէն Շահինեան։ Բայց ընտանիքի պատմութիւնը կը սկսի Օգսէնի հօրեղբօր Վահանի Օսմանեան բեմին վրայ յայտնուելով։ Ուրեմն ամբողջ հատորի մը տեւողութեամբ հետեւելով նախ Վահան եւ ապա Օգսէն Շահինեաններու անցած ճանապարհին, ընթերցողը կը ծանօթանայ պատմութեան որոշ մէկ հատուածի խիստ ուշագրաւ զարգացումներուն։ Կարծես թէ կայսրութեան անկման շրջանի զուգահեռ վերիվայրումներ կ՚ապրին թէ Շահինեան ընտանիքը, եւ թէ թատերական ասպարէզը։ Անշուշտ, որ այս երեւոյթը ուսումնասիրութիւնը կը բարձրացնէ պատմական վկայութեան մը։ Իրականութեան մէջ ընտանիքի մը միջոցաւ մենք կը հետեւինք ամբողջ քաղաքի մը հետզհետէ երկրի մը տարածաշրջանի մատնուած փոթորիկներուն։ Օրինակի համար շատ հետաքրքիր է Պոլսոյ այդ ալեկոծումներէն հեռու մնալու համար Օգսէն Շահինեանի դէպի Ալեքսանդրէդ ճամբորդութիւնը, ապա դէպքերու հետզհետէ խաղաղացումը տեսնելով վերադարձը դէպի Պոլիս կամ Վահան Շահինեանի Պուլկարիա անցնելու փորձերը, այդտեղ թատրոնի նկատմամբ նկատած հետաքրքրութիւնը, օտար ափերու վրայ նոր նախաձեռնութիւններ եւ նոր ալեկոծումներ։ Երեւոյթ մը, որուն տարբերակներուն կը հանդիպինք զանազան հայ արուեստագէտներու կենսագրութեան մէջ։

Այս բոլորը կը վկայեն, թէ ապրուածները որքան բազմաբնոյթ հետեւանքներ տուած են եւ մանաւանդ կը պարզեն այն խորհուրդը, որ թէ երկիրը եւ թէ երկրի հայ բնակչութիւնը ինչպիսի թռիչք պիտի արձանագրէր, եթէ պատմութիւնը մի քիչ աւելի տարբեր ընդանար։ Ամէն պարագայի եղածը եղած է եւ հիմա աւելի նշանակալից է տեսնել այն ինչ, որ պատահեցաւ։ Ահա այդ առումով ալ խիստ շահեկան ուսումնասիրութիւն մը դրուած է մեր սեղանին վրայ, որուն հեղինակը գիտական բարձր բծախնդրութեամբ եկած է լրացնելու պատմութեան կարեւոր մէկ հատուածի բացթողումը։ Այստեղ յաւելեալ նշանակութիւն ունի քանի մը գործօններ, որոնցմէ մէկն է արխիւի մը արժանի կերպով դասաւորումը եւ մատչելի դառնալը հետազօտողի մը ձեռքին։ Երկրորդ կարեւոր երեւոյթ մըն է, որոշ աշխատութեան մը համար ի սկզբանէ լեզուի մը տիրապետելու վճռակամութիւնը։ Տարիներ առաջ նման վճռակամութիւնը նկատած էինք ուրիշ շատ արժէքաւոր լեզուաբանի մը Սեւան Նշանեանի մօտ, երբ այս վերջինս Քարլ Մարքսի ∩Grundrisse∪ անուն գործը թարգմանելու համար գերմաներէն սորվելու ոդիսականին մէջ։

Նեսիմ Օվատիա Իզրայէլի ∩Օսմանեան եւ Թուրքիոյ թատրոնին մէջ Շահինեանները∪ ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսաւ ՊԿՍԹ−ի ընկերութեան մատենաշարէն։ Անշուշտ, որ իմաստալից ընտրութիւն մըն է այս, քանի որ այդ ընկերութիւնը յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է թատրոնի հայ գործիչներու եւ թատերագիրներու աշխատանքներու նկատմամբ։  

Օսմանեան եւ Թուրքիոյ թատրոնին մէջ Շահինեանները

Նեսիմ Օվատիա Իզրայէլ

∩ՊԿՍԹ∪ ընկերութիւն

Պոլիս

2018/ 271 էջ