Մանկական գրադարան

ՊՒւՐՔԵՄ ՃԵւՀԵՐ

Ամանորի առաջին օրերն էին, երբ ստացայ անունիս ուղարկուած ծրարը։ Ծրարէն դուրս եկաւ երեք մանկական գիրքեր ու ես այդպէս ծանօթացայ ∩Արտէն∪ հրատարակչութեան հետ։ Գիրքերու առաջինը ներկել կ՚առաջարկէր վերացական թռչուններու գծագրութիւնները։ Երկրորդը աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած մանկական հէքիաթներ մէկտեղած էր։ Թիւով 52 այդ հէքիաթները կը խորհրդանշէին տարուայ 52 շաբաթները։ Իսկ երրորդը ծանօթ ∩Կարմիր գլխարկ∪ի տարբերակն է, որ կը պատմէ խոտակեր գայլի մը ոդիսականը։ Այս երեք գիրքերը զիս տարին աղջկանս հետ անցուցած ուրախ ու դառն օրերու յիշատակին։ Բոլորն ալ ընթերցելէ ետք խնամքով զետեղեցի գրադարանիս։

Առաջին գիրքի վերացական թռչունները քաղուած էին միջնադարեան հայ մանրանկարչութենէ։ Այդ գիրքը զիս տարաւ հիւանդանոցի սենեակը, ուր աղջկանս հետ կը փորձէինք այդ դժուար օրերը տանելի դարձնել։ Յաճախ նման գծագրութիւններ կը ներկէինք։ Երբեմն կը գունաւորէինք նոյն էջը, ամէն մէկս նկարին տարբեր մէկ անկիւնէն սկսելով։ Աւարտին կ՚ամբողջանար նկարը, կրելով ներկելու երկու տարբեր ոճեր։ Մերթ կը ծիծաղէինք գոյացած արդիւնքին, մերթ ալ կը հիանայինք մեր գործին։

Պահ մը երեւակայութեանս մէջ վերադարձայ այդ գծագրութիւնները ներկած օրերուս։ Աղջիկս մեծցած է այլեւս, թողած է ներկելը։ ∩Վերացական թռչուններ∪ու կարգ մը գծագրութիւնները ներկելը բաւական հեշտ է, երեխէք կրնան առանցին ներկել։ Իսկ մէկ մասն ալ բաւական բարդ, զգուշութիւն կը պահանջէ։ Բայց ես զուարթ ժամանցի համար խորհուրդ կու տամ միասին ներկել։ Վստահ եղէք թէ չէք զգար անցնող ժամանակը։

Երկրորդ գիրքը համեմատաբար աւելի ծաւալուն է։ Հեղինակն է Անճելա Մաք Էլիսթըր, թրքերէնի թարգմանուած է Այշէ Կիւրի կողմէ։ ∩Հէքիաթներով լեցուն տարի մը, աշխարհի չորս ծագերէն 52 ժողովրդական հէքիաթ եւ առասպել∪ը սկսայ կարդալ տունդարձի ճանապարհին, մեթրոյի մէջ։ Հէքիաթներու մէկ մասը կու գայ հեռաւոր երկիրներէն, իսկ մէկ մասը հարեւան ժողովուրդներու ապրումներէն։ Տօներու, խնջոյքներու, աւանդութիւններու, յատուկ նշանակութիւն ունեցող օրերու, եղանակներու հոլովոյթին մէջ այդ հէքիաթներէ ոմանք շատ զուարճալի են, ոմանք սարսափելի, իսկ ոմանք ալ թախծոտ։ Քանի մը էջեր զբաղեցնող հէքիաթներու կողքին կան նաեւ մէկ նախադասութեան մէջ փշաքաղեցնող օրինակներ ալ։

Սոյն երեք գիրքերը կը յանձնարարեմ բոլոր անոնց, որոնք ինձ նման պիտի սիրեն հէքիաթներու կախարդական աշխարհին մէջ ման գալ։ Ես յատկապէս տպաւորուած եմ 5 Նոյեմբերի խրախճանքի կրակի փառատօնին ձօնուած ∩Սարդ նանին ինչպէ՞ս փոխադրեց կրակը∪ անուն հէքիաթը, որ քաղուած էր ամերիկացի հնդիկներու պատումներէն։ Աշխարհի արարման ժամանակներն է, երբ երկնքի վրայ ոչ արեգակը կար, ոչ լուսինը եւ ոչ ալ աստղերը։ Մեծ հաճոյքով կարդացի փոքրիկ սարդի մը աշխարհի հեռու մէկ անկիւնէն կրակը բերելով արեւը, լուսինը ու աստղերը ստեղծելու պատմութիւնը։

Խոտակեր գայլը

Այս երրորդ գիրքով կրկին անգամ վերյիշեցի աղջկանս մանկութեան օրերը։ Այեշա Լ. Ռուպիոյ ∩Կարմիր գլխարկը եւ խոտակեր գայլը∪ վերնագիրը տեսնելով յիշեցի Սարա Շահինքանաթի գրած եւ Այշէ Ինան Ալիճանի կողմէ նկարազարդուած ∩Ո՞վ կը սոսկայ կարմիր գլխարկով աղջիկէն∪։ Աստուած իմ, որքան սիրած էինք այդ գիրքը։

Նախ խօսինք Ռուպիոյ ∩Կարմիր գլխարկը եւ խոտակեր գայլը∪ գիրքէն։ Հեղինակը այս պատումին մէջ բոլորին ծանօթ ∩Կարմիր գլխարկը∪ին բերած է աւելի մարդկային եւ անասուններու իրաւունքները պաշտպանող մերձեցում մը։ Փոքրիկ գայլը ի գին ընկերներուն եւ իր ընտանիքին ծաղրանքներուն, կը մերժէ որսալ եւ միսով սնանիլ։ Բայց կը վիրաւորուի նաեւ այդ ծիծաղներէն։ Անտառին մէջ հանդիպելով կարմիր գլխարկով աղջկան, կը մտադրէ նախ աղջիկը ու իր նանին ուտել, ապա յափշտակել աղջկան մատուցած մոռմենիով տորթը։ Եկուր տես որ, դէպքերը այլ կերպ կ՚ընդանան։ Մեր փոքրիկ գայլը ազդուած է աղջկան ու նանիին բարեկամութենէն։ Կը նկատէ թէ անոնք ալ իր նման խոտակեր են եւ կը մերժեն միսով սնանիլ։

Միս կողմէ Սարա Շահինքանաթի գրած ∩Ո՞վ կը սոսկայ կարմիր գլխարկով աղջիկէն∪ հէքիաթին մէջ փոքրիկ գայլը կ՚ուզէ անտառ ման գալ։ Բայց մայրը կը խուսափի ձագը առանցին ղրկելու։ Տեսնելով թէ ձագը կը պնդէ որ արդէն բաւականին աճած է առանցին ման գալու համար, կը դիմէ քննութեան։ Հարց կու տայ թէ ի՞նչ պիտի ընէ երբ անտառին մէջ հանդիպի կարմիր գլխարկով աղջկան։ ∩Իսկոյն կը փախչիմ ու կը պահուըտիմ թուփերու ետին∪ կը պատասխանէ փոքրիկ գայլը։ Կը հասնի յաջորդ հարցումը՝ ∩Ըսենք թէ շատ մսած ես ու քաղցած։ Խրճիթ մը տեսար ու ցռուկդ երկարեցիր դէպի ներս։ Նկատեցիր թէ անկողնին մէջ հիւանդ նանի մը կայ եւ վառարանն ալ կը վառի...∪։ Բացարձակապէս ներս չեմ մտներ, շուտով կը հեռանամ∪։ Մայրը կ՚ուղղէ երրորդ հարցումը՝ ∩հապա երբ փորդ կուշտ է եւ գունն ալ կը ճնշէ կոպերուդ, չե՞ս վայելեր գետի եզերքին մրափելու հաճոյքը∪։ ∩Այդ հաճոյքը բաց չեմ թողուր∪ ըսելէ ետք տեսնելով մօրը մտահոգութիւնը, ցոյց կու տայ որսորդին ուղղուած նամակը, ∩որսորդ եղբայր, ի զուր փորս մի մորթեր, ես մսակեր չեմ∪։

Երկու հէքիաթն ալ կը խօսի խոտակեր գայլերու մասին։ Ռուպիոյի ոճը աւելի ուսուցողական է, անչափահասներու համար աւելի դիւրին հասկնալի։ Գիրքը հաճելի անակնկալ մըն ալ ունի ընթերցողներուն։ Վերջին էջերուն տեղադրուած է աղջկան մեծ մօրը տարած մոռմենիով թորտի պատրաստման տոմսը։

Շահինքանաթի ոճը յանգաւոր է եւ հետեւաբար աւելի զուարճալի։ Սակայն պարտինք յայտնելու թէ երեխէք կրնան դժուարանալ տողերու արանքին թաքնուած կարգ մը սրամտութիւնները հասկնալու։ Բայց այս հանգամանքը արգելք չէ պատմութեան ընդհանուր գաղափարը ընկալելու։ Շահինքանաթի պատումը գրուած էր 2009−ին, իսկ Ռուպիոյի գիրքը 2018−ին։ Ես խորհուրդ կու տամ երկուքն ալ միասին կարդալու։

∩Արտէն∪ հրատարակչատան գիրքերու պատճառաւ անդրադարձայ թէ Սարա Շահինքանաթի գիրքը հրատարակող ∩Քըր չիչեղի∪ հրատարակչատունը երկար ատեն է որ նոր գիրք չէ հրատարակած։ Համացանցի վրայ ալ իրմէ հետք մը չգտնելով համոզուեցայ թէ դադրած է գործելէ։

Այս առթիւ կողջունեմ ∩Արտէն∪ հրատարակչատան մուտքը գիրքերու աշխարհին։ Հետաքրքրութեամբ պիտի սպասեմ իրենց յաջորդ գիրքերը։

Միջնադարեան հայ մանրանկարներու վերացական թռչունները

Քաղեց՝ Արմէն Քիւրքճեան

∩Արտէն∪ հրատարակչութիւն−Փոքրիկ գիրք

96 էջ

Հէքիաթներով լեցուն տարի մը, Աշխարհի չորս ծագերէն 52 ժողովրդական հէքիաթ եւ առասպել

Հեղինակ՝ Անճելա ՄաքԷլիսթըր

Նկարազարդում՝ Քրիստոֆըր Քորր

Թարգմանեց՝ Այշէն Կիւր

∩Արտէն∪ հրատարակչութիւն

128 էջ