Երկու նոր գիրքերով կը հարստանայ հայ հոգեւոր գրականութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Սոյն տարուայ Մարտ ամսու առաջին օրն է, երբ երկու նոր հրատարակութիւններ դրուած են մեր սեղանին վրայ։ Երկու գիրքեր, որոնք կու գան հարստացնելու պոլսահայ հոգեւոր գրականութիւնը։ Երկուքին ալ հեղինակը Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր եւ Գարթալ Սուրբ Նշան եկեղեցիներու երէց Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանն է։ Երկու գիրքերն ալ կը կրեն ∩Սուրբ Թագաւոր Մատենաշար∪ նշումը։ Այսպէսով վերահասու կ՚ըլլանք Գատըգիւղի եկեղեցւոյ հրատարակչական աշխատութենէ ներս նոր մէկ նախաձեռնութեան, քանի որ ∩Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան Գատըգիւղի հետքերով∪ խորագրեալ հատորը մատենաշարի երկրորդ հրատարակութիւնն է, իսկ ∩Պօղոս Արքեպիսկոպոս Խարաղօչի կեանքն ու գործը∪ անուն գիրքն ալ չորրորդը։

Անդրադառնալով այս կարեւոր հրատարակութեան նախ կը թղթատենք Մաղաքիա Պատրիարքին Գատըգիւղի հետքերով վերլուծումները։ Հատորի առաջին էջին վրայ կը հանդիպինք պատրիարքի ∩Տղաքս, հայ մնացէք, պատիւ է հայ ազգին համար աշխատիլ⊃∪ նախադասութեան։ Իսկ արդէն երկրորդ էջին վրայ կը տեղեկանանք, թէ այս գիրքին հրատարակութիւնը իրականացած է մեկենասութեամբ Գարթալի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին ի յիշատակ հայ եկեղեցւոյ բազմարդիւն սպասաւորին՝ Մաղաքիա պատրիարք Օրմանեանի վախճանման 100−ամեակին։ Արդէն չորրորդ էջին վրայ կը հանդիպինք հեղինակի որդւոյն Յարութիկւն Աբեղայ Տամատեանի գրիչով հիւսուած ∩Գատըգիւղէն կը հնչէ Մաղաքիա պատրիարքի սկզբունքները∪ ներածական գրութիւնը։

Ապա Գրիգոր քահանայ Տամատեանի գիրքը կը բացուի՝ ∩Մաղաքիա պատրիարք Օրմանեանի վախճանման 100−ամեակին առթիւ∪ խորագրեալ յօդուածով։ Այս էջերուն մէջ տէրհայրը կը փառաբանէ մեծ պատրիարքին ծառայութիւնները եւ բերած նպատսը հայ եկեղեցւոյ պայծառացման ի նպաստ։ Ապա ∩Ազգապատում∪ի Գ. հատորին մէջ տեղ գտած ընդարձակ կենսագրութենէն քաղուած գիտելիքներով կը ներկայացուի անոր կենսագրութիւնը։ Հետզհետէ կը ծանօթանանք Օրմանեանը Գատըգիւղ կապող պատմութեան մը ծալքերուն։ Գիրքէն մէջբերելով կ՚իմանանք թէ 20 Յուլիս 1855−ին Փերայի մէջ պատահած հրդեհը անկիւնադարձ մը կը դառնայ Օրմանեան ընտանիքի համար։ Այդ հրդեհին կը փճանայ նաեւ Օրմանեաններու Փերայի Ֆերիտիյէ փողոցի բնակարանը։ Այդ դէպքէն ետք Օրմանեաններ կը հաստատուին Գատըգիւղ։ Ապա կը կարդանք Մաղաքիա վարդապետի դարձը դէպի հայ եկեղեցի։ Ինչպէս ծանօթ է մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ նուազ չեն այն հոգեւորականները, որոնք մկրտուած ըլլալով հայ առաքելական եկեղեցւոյ կամարներուն տակ ապա մաս կազմած են հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Այս անգամ կը յայտնուի հակառակ պատկեր մը եւ Մաղաքիա վարդապետ Օրմանեան 28 Հոկտեմբեր 1879−ին Գիւտ Խաչի տօնին պաշտօնապէս հայ եկեղեցւոյ ծոցը կը դառնայ։ Ներսէս պատրիարքի ձերամբ կը ստանայ վեղար եւ ծայրագոյն վարդապետութեան գաւազան։ Կը կարգուի Ղալաթիոյ քարոզիչ։

Տէր Գրիգոր քահանայի պատրաստած երկրորդ ուսումնասիրութիւնը Պօղոս Արքեպիսկոպոս Խարաղօչի ոտնահետքերով մեզ կը տանի երբեմնի կարեւորագոյն հոգեւոր հաստատութեան մը Արմաշու Դպրեվանքի պատմութեան։ Արմաշի դպրոցը անցեալին տուած է շատ բեղուն հունցք, որ երկար տարիներ իր դրօշմը պահած է հայ հոգեւորականաց մեծ զանգուածի մը վրայ։ Այդ բաղանքի սաներէն եղած է նաեւ Պօղոս Արքեպիսկոպոս Խարաղօչը, որ կը յիշատակուի Պրուսայէն եկած եւ մեր իրողութեան մէջ կարեւոր հետք թողած հոգեւոր առաջնորդներու կարգին։ Այս հատորը դարձեալ կը բացուի Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի նախաբանի մը փոխարէն գրի առած ծանօթագրութիւններով։ Արմաշու Չարխափան վանքի միաբանները բոլորս կը հրաւիրեն լսելու իրենց։ Այս եւս ընդորինակութիւն մըն է քաղուած նոյնանուն վանքի ∩Դրօշակ հայրենեաց∪ պարբերականի Ա. տարի թիւ երկու Սեպտեմբեր 1864−ի համարէն։ Այս բաժնին կը յաջորդէ ∩Պօղոս Արքեպիսկոպոս Խարաղօչի նախահայրերը∪ խորագրեալ հատուածը, որու միջոցաւ կը թափանցենք հոգեւորականի մը կենսագրութեան։ Կենսագրութիւն՝ որ կը շարունակուի կոչում եւ ձեռնադրութեան մանրամասնութիւներով ապա կը ծանօթանանք անոր Պրուսայի մէջ տարած աշխատութիւններուն։ Այդ կենսավգրական տեղեկութիւնները կը հասնին մինչեւ իր Պրուսայի առաջնորդ ձեռնադրուիլը։ Ան աւելի ետք պիտի ստանձնէ նաեւ Նիկոմիդիոյ Արմաշու եւ Պրուսայի առաջնորդի պարտականութիւնները։ 

Ինչպէս նշած էինք գրութեան սկիզբին այս զոյգ ուսումնասիրութիւնները կու գան հարստացնել պոլսահայ հոգեւոր գրականութիւնը, այդ մեծ պաշառին վրայ աւելցնելով ժամանակակից արդիաշունչ նոր օղակներ։

Հետզհետէ անհրաժեշտութեան մը վերածուած է այս տեսակի աշխատասիրութիւններու ներկայութիւնը, որպէսզի պոկուած օղակ մը չմնայ մեր պատմութեան մէջ այնքան կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հայ հոգեւոր գրականութեան ծիրէն ներս։ Այս առթիւ պէտք է երախտապարտութեամբ յիշել նաեւ սոյն հրատարակութեան մեկենաս ըլլալով ներկայացող Ճանել ընտանիքը, քանի որ ներկայ պայմաններու մէջ առանց մեկնասի մը հովանաւորութեան կարելի չէ հայերէն գիրք հրատարակել։ Լոկ այսքանը անգամ ինքնին շատ կարեւոր կը դարձնէ կատարուած աշխատութիւնը, որուն համար ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տէր Գրիգոր քահանայ Տամատեանը եւ կը մաղթենք նորանոր աշխատասիրութիւններ, որոնք պիտի հարստացնեն մեր մշակոյթը։