Դարասկիզբի տուեալներով փոքրամասնութիւնները կը կազմէին երկրի բնակչութեան 20 տոկոսը։ Այսօր այդ համեմատութիւնը նուազած է հազարէն մէկի
ՆԷՎԶԱԹ ՕՆԱՐԱՆ
Հետազօտութիւներուս ժամանակ զանազան տեղեր հանդիպած եմ կրօնափոխ եղած հայերու։ Անոնցմէ ոմանք սրտաբացօրէն պատմած են իրենց նախնիներուն կրօնափոխ ըլլալու պատկերները։ Տէրսիմցի բարեկամ մըն ալ փոխանցած էր, որ իրենց շրջակայքէն տարեց մէկը կտակած է որ, երբ մեռնի այս ինչ լերան գագաթը թաղեն զինք եւ գլխուն վերեւ ալ խաչ մը դնեն։
Վարչապետարանի ենթակայ «Հանրապետական Արխիւ»ի մէջ նիւթեր որոնելու ժամանակ յայտնաբերեցի Օրտու քաղաքի կրօնափոխ եղած հայերը ցոյց տուող պաշտօնական փաստաթուղթեր։ Առաջին ցանկին մէջ 98 եւ երկրորդին մէջ ալ 114 հայեր նշանակուած էին։ Յայտնի չէր թէ սոյն ցանկերը որո՞ւ կողմէ եւ ի՞նչ նպատակով կազմուած են։ Սակայն զարտուղի փաստաթուղթ մըն ալ կը վկայէ թէ, նման գրառումներ կատարուած են նաեւ Տիյարպէքիրի մէջ։ «Նախարարաց Խորհուրդի 22 Սեպետեմբեր 1936 թուակիր եւ 2/5350 համար որոշումով, Հայ ազգի պատկանող, կրօնափոխ ըլլալով Տիյարպէքիր քաղաքի մէջ գրանցուած դերձակ Նազիֆ, պիտի աքսորուի Չորում»։
Իթթիհատականներու հիման վրայ Քեմալականներու կողմէ կառուցուած Հանրապետութիւնը 1920-ականներուն երկրորդ կէսէն սկսեալ թափ տուած է վարչական, տնտեսական եւ գաղափարա-մշակութային գետնի վրայ վերակազմութեան։ Հանրապետութեան հռչակումէն անմիջապէս առաջ 15 Ապրիլ 1923-ին վերահաստատուեցաւ հայերէն եւ յոյներէն թալանուած կալուածներու թուրքերու փոխանցումը դասաւորող 26 Սեպտեմբեր 1915 թուակիր օրէնքը։
Թուրքիոյ մօտաւոր անցեալի պատմութիւնը բազմաթիւ երեւոյթներով կը վկայէ թէ այս տեսակի գրանցումները սահմանուած չեն Օրտույով կամ Տիյարպէքիրով։ Այդ տեղեկութիւնները շատ անգամ հաւաքուեցան մարդահամարի դրութենէն։ Կատարուեցան որոշ մարդահամարներ, որոնց արդիւնքները երբեք չեն հրապարակուած։ Յիշենք Թուրք Պատմութեան Կաճառի նախորդ նախագահ Փրոֆ. Եուսուֆ Հալաճօղլուի 2007-ին արտասանած «Կրօնափոխ հայերու ցանկը ձեռքս է, բայց չեմ հրապարակեր» նախադասութիւնը։
Թուրքիոյ մէջ նախորդ դարասկիզբի տուեալներով փոքրամասնութիւնները կը կազմէին երկրի բնակչութեան 20 տոկոսը։ Այսօր այդ համեմատութիւնը նուազած է հազարէն մէկի։ Իբրեւ թէ հանդուրժողականութեամբ պարծող Թուրքիան եթէ մակերեսային ակնարկ մը սեւեռէ հարեւան իսլամ երկիրներուն, պիտի տեսնէ թէ անոնցմէ ոչ մէկուն մէջ ոչ իսլամ բնակչութեան նման նուազացում մը ապրուած է։
Բնակչութեան բնական աճով կարելի է ենթադրել, որ այսօր երկրի մէջ ոչ-իսլամներու համեմատութիւնը պէտք է ըլլար նուազագոյն 2,1 միլիոն։ Ուրեմն արդար է հարցնել թէ ո՞ւր է մնացեալ 2 միլիոնը։