Բարիգալուստ Արհիապատիւ Տէր

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի նորանշանակ առաջնորդ Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեան 10 Յունիս Երեքշաբթի երեկոյեան ժամանեց քաղաքս

Հ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեան Հրաշափառ շարականով մուտք գործեց Սագըզաղաճի Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի։ Այս տպաւորիչ պահէն անբաժան չմնալու խորհուրդով եկեղեցի փութացած էին բազմաթիւ հայեր, որոնք մուտքին ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Առաջնորդ Սրբազանի գալուստը։

Շարականներու երգեցողութենէն ետք Զէքիեան Սրբազան արտայայտուեցաւ ներկայ ժողովուրդին։ Ան երախտիքով յիշեց նախ իր ծնողները, որոնք այս կամարներուն տակ հետեւած էին իր առաջին հաղորդութեան, ապա անդրանիկ պատարագին։ Գերապայծառը ապա երախտապարտութիւն յայտնեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհիապատիւ Տէր Յովհաննէս Չոլաքեանին, որու թելադրանքներով եւ քաջալերանքով ստանձնած էր այս պաշտօնը։ Շնորհակալութիւններու բաժին մը յատկացուած էր նախ Հռոմի Պապին, ապա Պապական պատգամաւոր կարտինալներուն, որոնք արագ ու բծախնդիր աշխատութիւնով ձեւակերպած էին այս ձեռնադրութեան համար անհրաժեշտ թղթաբանութիւնները։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Վատիկանի ներկայացուցիչ դեսպանին եւ Միլանոյի հիւպատոսին, որոնք եւս իրենց կարգին դիւրացուցած էին քաղաքացիութեան վերատիրանալու համար անհրաժեշտ կարգադրութիւնները։

Սրբազանը շնորհակալութեան վերջին նախադասութիւնները պահած էր ներկայ ժողովուրդին, որոնցմէ պիտի խնդրէր իրենց աղօթքներով զօրավիգ կանգնիլ իրեն այս խիստ կարեւոր առաքելութեան մէջ։ «Այս թեմը կարեւոր է ոչ միայն իր ժողովուրդի թուային քանակով, այլ եւ աւելի շատ պատմական նշանակութիւնով» ըսաւ Հայր Լեւոն Զէքիեան։ Ան նշեց որ իր ծառայութեան շրջանին Առաջնորդարանի դուռը միշտ բաց պիտի ըլլայ ժողովուրդին դիմաց, որպէսզի ինք կարենայ պատշաճ կերպով հաղորդուիլ ժողովուրդին հետ ու թափանցել անոր բոլոր խնդիրներուն։

Հայր Լեւոն Զէքիեանի այս պաշտօնին նշանակուելով բովանդակ իսթանպուլահայութիւնը, անկախ իրենց կրօնական դաւանանքէն, յոյսով տոգորուած է թէ նոր աւիւն պիտի տիրէ իսթանպուլահայ հոգեւոր կեանքէն ներս։ Մենք ալ մեր կարգին կ՚ողջունենք նորանշանակ Սրբազանը եւ իր նոր առաքելութեան մէջ յաջողութիւն կը հայցենք իրեն։