Ղըզըլպաշներու կրօնաբարոյական աւանդը

Ղըզըլպաշութիւնը հաւատք մը ըլլալու կողքին յատուկ մշակոյթ է, կենցաղ ու նաեւ քաղաքական հակում

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ 

Ղըզըլպաշութիւնը հաւատք մը ըլլալու կողքին յատուկ մշակոյթ է, կենցաղ ու նաեւ քաղաքական հակում 

Որքան ալ օժտուած ըլլայ կրօնքի մը պահանջած բազմաբնոյթ յատկութիւններով ալէվիութիւնը լոկ հաւատքի երեւոյթ մը ըլլալէ աւելի, կը յիշեցնէ բովանդակ մշակոյթի մը յատուկ դիմագիծը, որ ո՛չ մէկ բանով կը զիջի իր բնօրրանի մէջ տարածութիւն գտնող միւս բոլոր կրօնական հոսանքներէն։ Արդէն իսկ խորապէս ազդուած է անոնցմէ եւ իր մէջ կը պարունակէ քրիստոնէական ու իսլամական բազմաթիւ երեւոյթներ եւ սակայն ի տարբերութիւն այդ բոլորէն յատկապէս ծիսական առումով ալէվիութիւնը անհամեմատելիօրէն աւելի ժողովրդական է, քան մնացեալ բոլոր աւանդական կրօնները։ Այդ իսկ պատճառով ալ ղըզըլպաշութիւնը հաւատք մը ըլլալու կողքին յատուկ մշակոյթ է, կենցաղ եւ ի՞նչու չէ, նաեւ քաղաքական հակում։ Իր ծագած աշխարհագրական հատուածի նախորդ բոլոր մշակոյթները իւրացուցած ղըզըլպաշութիւնը բնականաբար պիտի հալածուէր դարձեալ իր կարգին քաղաքական կամք պարտադրող իսլամ կրօնքէն։ Մինչեւ օրս շարունակուող այդ ծանր հալածանքէն դուրս եկած է արտակարգօրէն գերզգայուն երգ ու պար, որոնք անբաժանելի մասնիկներն են ղըզըլապաշական ծէսին։

Ազգագրական երաժշտութեան ոլորտէ ներս ընդմիշտ ռահվիրայ հանդիսացող «Քալան Միւզիք» ընկերութիւնը իր վերջին խտասալիկով լոյս կ՚ընծայէ այս ուղղութեամբ ցարդ հրատարակուած ամենածաւալուն հաւաքածոն։

Ահմէտ Ասլան, Ճէնկիզ Էօզքան, Էրտալ Էրզինճան, Քարտէշ Թիւրքիւլէր, Մուսա Էրօղլու, Շէվվալ Սամ, Թոլկա Սաղ եւ դեռ բազում արհեստագէտներ այս հաւաքածոյի համար մեկնաբանեցին 35 ալէվիական-պէքթաշիական տաղեր։

«Ալէվիներուն Մնացածը» խորագրեալ այս կոթողային գործին համակարգողը եղաւ Ճան Քալայճըօղլու։

Անվարան կարելի է ըսել, որ Հասան Սալթըքի «Քալան» ընկերութիւնը այս հրատարակութիւնով անգամ մը եւս կ՚արդարացնէ իր եզակիութիւնը ժողովրդական եւ ազգագրական երաժշտական ոլորտէ ներս։