Պարոյր Գույումճեան տեսակցեցաւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ վարչութեան անդամ Գրիգոր Տէօշէմէճեանի հետ։
ՊԱՐՈՅՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Թուրքիոյ Փոքրամասնութեան հիմնարկները դուրս եկան իրենց գոյութեան սպառնացող սահմանափակումներէն եւ բարեկարգուած օրէնքներու միջոցով աւելի հաւատով կը լցուին ապագայի նկատմամբ։ Այս ծիրէն ներս հայկական հիմնադրամներն ալ դրական զարգացումներու նախաշեմին են։ Նկատի ունենալով Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի առաջնակարգ դիրքը, այս զարգացումներու հեռանկարով տեսակցեցանք հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ կազմի անդամներէն Գրիգոր Տէօշէմէճեանի հետ։
Մեր խօսակիցները յայտնեցին, թէ փոքրամասնութեանց հիմնարկներուն կտակ ընդունելու արգելքին վերանալէն ետք 72 կալուածներ նուիրուած են հիւանդանոցին։ Իսկ բարեփոխման կանոնագրութիւնով ալ կարելի եղած է 25 կալուածներու սեփականութեան վերատիրանալ։ Անոնց մէջ ամենակարեւորը կը հանդիսանայ հիւանդանոցի հանդիպակաց 42 հազար քառակուսի մ. տարածքի վերայանձնումը։ Զէյթինպուրնուի քաղաքապետութիւնը թէեւ դատ բացած է այս վերադարձումին դէմ, բայց մեր վարիչները վստահ են թէ ապարդիւն կը մնայ այդ դատը։ Միւս կողմէ Սիրքէճիի Սէլամէթ խանի, Իսթիքլալ պողոտայի ԻԿՍ շէնքի դատերն ալ աւարտին մօտեցած են։
Ատենապետ Շիրինօղլու յայտնեց, որ հիւանդանոցին դիմացի տարածքին համար քանի մը այլընտրանքային նախագիծերու վրայ կ՚աշխատին.- «Եթէ նախագիծը յստականայ, պիտի տեղեկացնենք մեր ժողովուրդը»։ Այս հանգրուանին Տէօշէմէճեան ալ խորհուրդ տուաւ, որ «Համայնքային վարիչները պէտք է իւրացնեն հաշիւ տալու սովորութիւնը, քանի որ իրենց պաշտօնը ժամանակաւոր է եւ կարեւորը հասարակապատկան հարստութեան հասարակութեան ի նպաստ շահարկումն է»։ Ապա Շիրինօղլու շարունակեց իր խօսքը եւ ըսաւ, որ հիւանդանոցի գթութեան յարկը ամբողջովին լեցուն է ու թէեւ սկզբնական բնոյթով, սկսած են հոն բնակողներու համար ալ նոր լուծումներ որոնելու։
13 տարուայ ատենապետութեան ծառայութենէ ետք, Շիրինօղլու խորհուրդ տուաւ իրենց յաջորդող վարչականներու պատրաստութեան մասին։ «Թաղին մէջ դպրոց չունեցող մօտաւորապէս 15 հիմնարկներ ունինք։ Պէտք է անոնցմէ ներս երիտասարդներ պաշտօն ստանձնեն, որպէսզի ընտելանան եւ փորձառութիւն կուտակեն հաստատութիւններու վարչական պաշտօնի մէջ»։ Գրիգոր Տէօշէմէճիեան ալ այս նիւթին մօտեցաւ «հաստատութիւն» բացատրութեան բաւականաչափ չգիտակցուելուն հարցով։ «Հաստատութիւնը մեզի կը պարտադրէ թափանցիկութիւն եւ հաշուետուութիւն։ Մենք՝ ազգային հաստատութեանց վարիչներս, կամաւորներ ենք, բայց իրաւունք չունինք մեր պաշտօն ստանձնած հաստատութիւնները կամայական ղեկավարելու։ Այս մէկը մեծ անիրաւութիւն կ՚ըլլայ»։
Հիւանդանոցը արձանագրութեան տոմար մը պատրաստած է զանազան թաղային խորհուրդներու միջոցաւ իրեն դիմած կարիքաւորներուն համար։ Տոմարի մէջ արձանագրուելու պահուն կը պահանջուի իրենց նիւթական վիճակը ներկայացնող փաստաթուղթեր։ «Այս տոմարին մէջ գրանցուած 800 կարիքաւորներ ունինք, որոնցմէ 587, 2013 թուականին բժշկական ձրի օգնութիւն ստացան հիւանդանոցէն։ Հայ համայնքի հոգեւորականները, գործող եւ թոշակառու ուսուցիչները ու անոնց ամուսին կամ զաւակները եւս կ՚օգտուին հիւանդանոցէն։ Միւս կողմէ, հիւանդանոցը Զիպէչ հաստատութեան 550 հազար, քաղաքիս հայ նախակրթարաններուն 684,5 հազար եւ 27 աշակերտներու ալ 67,5 հազար ԹԼ. արժողութեամբ օգնութիւն եւ կրթաթոշակ կը