Բարեփոխման հեռանկարով

Տնօրէնուհի Լեռնա Գարագիւթիւք եւ վեց ուսուցիչներ պաշտօնազրկուեցան դպրոցի հիմնադիրի փոխանորդ Սարվէն Սէրթշիմշէքի եւ թաղական խորհուրդի կարգ մը անդամներու որոշումով։

Կ՚ակնկալուէր թէ կրթական տարեշրջանի աւարտումով պիտի թեթեւնան դպրոցներու հոգերն ալ։ Սակայն այս ակնկալումը սխալ դուրս եկաւ քաղաքի Ասիական ափէն, Մօտայի բարձունքէն պայթող փոթորիկի բերմամբ։ Արդարեւ ցնցիչ պաշտօնի փոխանակում մը տեղի ունեցաւ Արամեան Ունճեան վարժարանէ ներս։ Տնօրէնուհի Լեռնա Գարագիւթիւք եւ վեց ուսուցիչներ պաշտօնազրկուեցան դպրոցի հիմնադիրի փոխանորդ Սարվէն Սէրթշիմշէքի եւ թաղական խորհուրդի կարգ մը անդամներու որոշումով։ Հիմնադիրը այս փոփոխութիւնը բացատրեց տնօրէնուհիին եւ ուսուցիչներուն անբաւարարութիւնով։

Հիմնադիրի փոխանորդ Սարվէն Սէրթշիմշէք նաեւ պատճառաբանեց դպրոցէ ներս կիրարկելի կարգ մը նորութիւնները, որոնց համար անհրաժեշտ գտած էին այս պաշտօնափոխութիւնը։

Տնօրէնուհի Լեռնա Գարաքիւթիւք ցասում յայտնեց այս անակնկալ զարգացումին դէմ, բայց նոյն իր բացատրութիւններէն յայտնի դարձաւ թէ անակնկալը միայն իր պաշտօնանկութիւնն էր։ «Թաղականութիւնը Ապրիլ ամսուն դիմած ու ինձմէ պահանջած էր որ տեղեկագիր մը պատրաստեմ անբաւարար համարուող ուսուցիչներու մասին»։ Ան ծնողներու հետ ալ տեսակցելով պատրաստած է սոյն տեղեկագիրը, բայց այդ պահուն երբեք չէ մտաբերած որ իր անունն ալ կրնայ աւելցուիլ այդ ցանկին։

Նիւթը բազմակողմանի քննարկելու միտումով դիմեցինք նաեւ վարժարանի աշակերտներու ծնողներուն։ Անոնց միջեւ նման զարգացում սպասողներ, այս որոշումէն գոհ մնացողներ ալ կային, բոլորովին յանկարծակիի մատնուելով շուարածներ ալ։ Սակայն ընդհանուր դժգոհութիւնը կը վերաբերէր  ուսման մակարդակին։ Պարտինք նշել որ, ներկայ դրութեան մէջ մեծ զանազանութիւն կը ներկայացնէ ծնողներուն հայ դպրոցներէ ակնկալութիւնը։

Պարտինք յիշել թէ Պոլսոյ հայ դպրոցները մեր նախնիներու թողած ժառանգն է եւ մենք այժմու սերունդներ, որքան ալ ժամանակի հրամայականներուն պատշաճեցնենք անոնց մատուցած ուսումն ու կրթութիւնը, իրաւունք չունինք անոնց հիմնական գաղափարախօսութիւնները ընդմիշտ վերատեսութեան ենթարկելու։ Վերջապէս տիեզերական հասկացողութեան մը հայերէն եւ հայեցի տարբերակին կիրարկումն է մեզմէ պահանջուածը։

Յուսանք թէ այս պաշտօնազրկումով գոյացած ալեկոծումը յանգի եւ նախատեսուած փոփոխութիւնները գոհացում պատճառեն ամբողջ համակարգին։ Իրականութեան մէջ մեր կրթական համակարգը կը կարօտի ամբողջական բարեփոխումներու, որպէսզի հայ դպրոցը լիովին արդարացնէ իր առաքելութիւնը։