Թուրք Պատմութեան Կաճառ՝ նոր շրջան

Թուրք Պատմութեան Կաճառ՝ նոր շրջան

Թուրք Պատմութեան Կաճառի նախագահ Մէթին Հիւլակիւի հրաժարումէն եւ ապա հաստատութեան մէջ հայկական բաժնի ակադեմականներու ալ հրաժարելու հաւանականութեան յայտնութենէն ետք ուշադրութիւնները ուղղուեցան դէպի կաճառ։ Այս պաշտօնին 2012-ին նշանակուած Փրոֆ. Հիւլակիւ մամուլին տուած յայտարարութեան մէջ իր հրաժարումը բացատրեց վերին մարմին հանդիսացող «Աթաթիւրք Մշակոյթի, Լեզուի եւ Պատմութեան Բարձրագոյն Խորհուրդ»ի հետ մատնուած տարակարծութիւնով։

Այս հրաժարումին ներքին ծալքերը յստակացնելու միտումով աշխատող «Ակօս» խիստ ուշագրաւ տեղեկութիւններու հասաւ։ Այս տեղեկութիւններով կարելի է ըսել թէ, տարակարծութիւնը կը ծագի կառավարութեան ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շեմին որդեգրած նոր մերձեցումներէն։ Թուրք Պատմութեան Կաճառէ ներս կ՚ակնկալուի նոր վերակազմութեան ծրագիր մը։

Ըստ տեղեկութեանց, Պատմութեան Կաճառի նախագահի եւ վերին մարմինը գլխաւորող Փրոֆ. Տէրյա Էօրսի միջեւ տարակարծութիւնը ունի քանի մը տարուան անցեալ։ Դէպքը որքան ալ ներկայացուի երկու վարիչներու տարակարծութիւնով, իրականութեան մէջ խնդիրը ծագած է կառավարութեան հայկական հարցի շուրջ նոր մերձեցում մը որոնելու ջանքերէն։ Վարչապետ Էրտողանի վերջին ցաւակցական պատգամը այս նոր որոնումին ամենացայտուն օրինակն է։ Վարչապետը դժկամացած է պահպանողական համարած ներկայ կազմի հետ աշխատելու եւ այդ իսկ պատճառաւ ալ չէ երկարած անոնց աշխատանքի պայմանաժամը։ Հիւլակիւ ընկալած է պատգամը եւ հրաժարած։ Փակ դռներու ետին խօսուածներու համաձայն կառավարութիւնը մտադիր է որոշուած պաշտօնական ռազմավարութեան յարմարող եւ միջազգային ակադեմական շրջանակներու մէջ վարկ ունեցող գիտնական մը նշանակելու։ Սոյն ակադեմականը պէտք է յաջողի ցարդ շարունակուող ուրացման ռազմավարութեան դէմ ելլելու։ Այսպէսով կարելի է ենթադրել թէ Թուրք Պատմութեան Կաճառէ ներս նոր շրջան մը կը սկսի։