Պարապ տակառին ձայնը

Չեմ գիտեր ի՞նչ կ՚ըլլայ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ օրակարգի նիւթերէն ներշնչուած երբեմն բանաստեղծութենէ տող մը, երբեմն երգի քառեակ մը, երբեմն ալ ասացուածք մը կը կառչի մարդուս մտքին։

Չեմ գիտեր ի՞նչ կ՚ըլլայ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ օրակարգի նիւթերէն ներշնչուած երբեմն բանաստեղծութենէ տող մը, երբեմն երգի քառեակ մը, երբեմն ալ ասացուածք մը կը կառչի մարդուս մտքին։ Թերթ մը կը կարդաս կամ հեռուստաէգրանէն լուրի մը ականատես կ՚ըլլաս եւ յետոյ այդ լուրի ամէն վերյիշումին նոյն նախադասութիւնը յանկերգի մը նման կու գայ շուրթերուդ ծայրը։ Երբեմն կը գոհանաս միայն մտաբերելով, իսկ երբեմն ալ նոյնիսկ անզգալաբար կը թոթովես։ Ո՞վ գիտէ թերեւս ալ շատ յստակ բացատրութիւններ ունի, կամ դիւրաւ կրնայ պարզաբանուիլ, թէ ինչու այս օրերուս յաճախ կը յիշեմ «պարապ տակառը շատ ձայն կը հանէ» սրամիտ ասացուածքը։

Այնպիսի մեծխօսիկութիւններու վկայ կ՚ըլլանք որ, խօսքէն աւելի ծանր է, այդ միտքը արտայայտելու պահուն փչուած օդը։ Այս երեւոյթը սահմանուած չէ պոլսահայ ապրումներով, ներհամայնքային ասէ-կոսէներով։ Նոյնպէս սահմանուած չէ կառավարութեան կամ ընդդիմադիր շարքերու քաղաքական գործիչներուն պոռոտախօսութեամբ։ Սահմանուած չէ մամուլի էջերով։ Կամ աւելի ճիշդ հաստատումով պարապ տակառի ձայնը ամէն տեղ է, ամենուրեք։

Քանի մը օր առաջ երկրի կրօնամէտ թերթերէ երկուքը ահազանգ կը հնչեցնէին Հռոդոս կղզիի 14 եկեղեցիներէն 13-ի փակ ըլլալուն բերմամբ։ «Հռոդոսի մէջ 6 հազար մահմէտականներ կան եւ միայն մէկ մզկիթ բաց է»։ Երանի փառք տային այդ մէկ հատին համար։ Ո՜վ թղթակից, հաշուած ունէի՞ր արդեօք երբ քաղաքին կեդրոնի Մայր տաճարը առօք փառօք ռմբակոծեցին, Սեբաստիոյ մէջ քանի հազար հայեր կային։ Կամ Հանրապետութեան շրջանին բազմաթիւ հայ բնակչութիւն ունեցող Եւդոկիոյ մէջ մէկ հատ իսկ եկեղեցի մնացա՞ծ էր։ Պէտք չէ՞ որ երախտապարտ ըլլաս Հռոդոսի յոյն վարիչներուն, քանի դեռ այծեր չեն արածեր մզկիթներուն մէջ։ Վստահ եղիր որ եթէ իմ եկեղեցիներուս մէջ կ՚արածեն, այս մէկը քու անմարդկայնութեան ապացոյցն է միայն։

ՎԱՏԻՓ-ի ժողովի ընթացքին «մեզմէ օժանդակութիւն ուզող հիմնարկներուն տարեկան ելմտական ցուցակը պիտի քննենք ու ապա որոշում պիտի կայացնենք» ըսած է Օրթագիւղի թաղականութեան ատենապետը։ Կ՚արժէ հարցնել՝ «Կ՚ուզե՞ս որ ձեռքդ ալ համբուրեն տիար ատենապետ»։

Թուրք Պատմութեան կաճառի նախագահ Փրոֆ. Հիւլակու հրաժարեցաւ։ Մամուլին տուած յայտարարութեան մէջ ան նշեց, թէ իր հրաժարման պատճառը հայոց լոպիներն են եղեր։ «Կարեւոր քարոզարշաւ կը կատարէինք հայոց պնդումները ջրելու համար։ Մեր այս աշխատութենէն անհանգիստ եղող միջազգային ուժերը յաջողեցան մեզ այս հանգրուանին բերելու» ըսաւ փրոֆէօսէօրը։ Կան խոստովանութիւններ, որոնք աւելի մտահոգիչ են, քան թէ գոյացած անելը։ Ակամայ պիտի խորհէինք, «Վա՜յ քեզ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն, որ այսքան ողորմելի ես հայկական լոպիներու դիմաց»։ Բայց մենք գիտնալով ամէն տեսակի լոպիներու սնամէջութիւնը, սիրեցինք եղածը բացատրել արդարութեան թուրի սրութեամբ։ Եկուր տես որ խնդիրը ուրիշ է եղեր եւ գործին մէջ միլիոնական Լիրաներու հասնող զեղծարարութեան պատմութիւնը մը թաքնուեր է։ «Քանի պետութիւնը լայն բացած է քսակը, մենք ալ օգտուինք» ըսեր են կ՚երեւի։

Աղմուկ որ կը կարծէք ընկերա-տնտեսա-քաղաքական կեանքի մէջ, մի՛ սխալիք, պարապ տակառներու ձայնն է միայն։