Պարոնեանի յաղթական վերադարձը

Արեւմտահայերէնի մեծ երգիծաբան՝ Յակոբ Պարոնեան, իբր վերագտնուած գանձ, մեծ ժողովրդավարութիւն կը վայելէ իր գործերուն թրքերէն թարգմանութեամբ։

Արեւմտահայերէնի մեծ երգիծաբան՝ Յակոբ Պարոնեան, իբր վերագտնուած գանձ, մեծ ժողովրդավարութիւն կը վայելէ իր գործերուն թրքերէն թարգմանութեամբ։ Արդարեւ հեղինակին վերջին հրատարակութիւնը՝ «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» շուտով կ՚արժանանայ երկրորդ տպագրութեան։

Գիրքը նախ գնահատուեցաւ գրողներու PEN միջազգային ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի կողմէ, իբրեւ «Ամսուան գիրքը»։ Եթէ նկատի ունենանք Թուրքիոյ բեղուն հրատարակչական շուկայի իւրաքանչիւր ամիս հրատարակած բազմաթիւ գիրքերը, արդարօրէն կրնանք ըսել, թէ Պարոնեան մրցանիշ մը ձեռք բերած է այս գնահատումով։ Իսկ նախորդ շաբաթ, երկրի զանգուածային լրատուամիջոցներէն «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը իր ընթերցողներուն կը յանձնարարէր Պարոնեանի գործը՝ իբրեւ այս ամառ կարդալու արժանի տասը գործերէն մին։

Նշենք որ նախքան այս պատումը, Պարոնեանի երեք թատրերգութիւնները՝ «Ատամնաբոյժն Արեւելեան», «Պաղտասար Աղբար» եւ «Մեծապատիւ Մուրացկաններ» գիրքի ձեւով հրատարակուած եւ անոնցմէ առաջին երկուքն ալ բեմադրուած էին Իսթանպուլի եւ Տրապիզոնի մէջ։

Եթէ թրքերէն ընթերցողները հազիւ այսքան ուշ կը ծանօթանան Պարոնեանին, արդեօք ի՞նչ է այս ուշացումին մէջ մեր՝ պոլսահայերուս պատասխանատուութիւնը։ Որպէս թրքերէնի բնականաբար տիրապետող հայութեան հատուած, իրաւ ալ ուշացած ենք հայ մշակոյթը թուրքիացի ընթերցողներուն մատուցելու խնդրին մէջ։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս ալ շատ հասկնալի պատճառներով համոզուած էինք, որ այս երկրէն ներս ոչ ոք կը հետաքրքրուի հայերէն գրականութեամբ։ Այս նիւթին մէջ պանծալի բացառութիւն մըն է «Արաս» հրատարակչութիւնը, որ մօտ քսան տարիներէ ի վեր յանձն կ՚առնէ այս խիստ կարեւոր առաքելութիւնը։ Ինչպէս իր գովազդագրին մէջ ալ կը նշուի ան «հայերէն գրականութեան բացուող լուսամուտ» մըն է։ Սակայն հարկ է նշել, որ «Արաս»ի հրատարակչական թափն ալ անբաւարար կը մնայ երկրէ ներս այս ուղղութեամբ արթնցող հետաքրքրութիւնը յագեցնելու համար։

Իր դարաւոր հաստատութիւններուն, ժառանգած մեծ աւանդութեան արժանի պոլսահայութիւն մը իր եկեղեցաշինական, հիւանդանոցի կամ դպրոցի մատակարարման նախանձելի յատկութիւններու կողքին պէտք էր «Արաս»ի նման մշակութային ծառայութեան ալ օժանդակելու եղանակները գտնէր։ Այստեղ առաջարկուածը ոչ թէ ընկերութեան մը գումարներ փոխանցել է, այլ կատարուած գործին գիտակցելով զօրակցութեան եղանակներ մշա