Արեւապաշտներ Նէմրութի կատարին

Հայաստանէ ժամանած 34 հեթանոսներ բարձրացած էին լեռ, յատուկ ծիսակատարութիւն մատուցելու համար իրենց սրբութիւններուն։

Նախ անուանի լուսանկարիչ Արա Կիւլէր նկարեց, ապա համայն աշխարհ իմացաւ Նէմրութ լերան կատարին բազմած հսկայ քանդակները։ Անոնք նախաքրիստոնէական շրջանի չաստուածներ եւ անոնց երկրպագող արքաներու յիշատակին կանգնեցուած էին այդ լերան կատարին։ Նէմրութի չաստուածներու նկարին կը հանդիպինք Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան ձօնուած ամէն տեսակ հրատարակութեան մէջ։

Իսկ ազատ թղթակից Մուրատ Էզէրի փոխանցած տեղեկութիւններէն կ՚իմանանք որ, 2014-ի Յունիս ամսուայ վերջին օրերուն ամբողջովին աննախադէպ հանդիսութիւն մը կայացաւ արեւածագի պահուն։ Արեւածագը իսկապէս ալ ամենախորհրդաւոր պահն է այդ լերան, հետեւաբար հայ ուխտաւորներ կը սիրեն արշալոյսի առաջին շողերով բարձրաձայն երգել «Առաւօտ Լուսոյ» ծանօթ շարականը։

Այդ օր դարձեալ հայ ուխտաւորներ էին, որոնք կը տարբերուէին նախորդներէն։ Այս անգամ Հայաստանէ ժամանած 34 հեթանոսներ բարձրացած էին լեռ, յատուկ ծիսակատարութիւն մատուցելու համար իրենց սրբութիւններուն։ Զանազան մասնագիտութիւններով օժտուած այդ 34 անձերու մէջ երեքը կը վայելէին աւագ քուրմի հանգամանք։ Քուրմ Գագիկ Հայրապետեան, Քուրմ Արգիշտի Շամիկեան եւ Քուրմ Վարուժան Աղաճանեան իբրեւ վաստակաւոր քրմապետներ կ՚առաջնորդէին խումբը այս ուխտագնացութեան ընթացքին։ Գագիկ Հայրապետեան մեզի յայտնեց, թէ իրենց շրջագայութիւնը սկսած է Անիի աւերակներու այցելութիւնով։ Ապա անցած են Վան, այցելած Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցին ու աւելի վերջ ալ դարձեալ ծիսակատարութիւն ըրած «Մհերի Դրան» առջեւ։ Խումբը աւելի ետք ուղղուած է Ատըեաման գաւառի Քահթա գիւղաքաղաքը։ «Հոն դիմաւորեցինք լուսածագը եւ հեթանոսական աղօթքներով ողջունեցինք նոր օրը։ Յարգանք մատուցանեցինք սրբազան քարարձաններուն»։

Հայրապետեան տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Հայաստանի հեթանոսական աղանդի մասին։ Այսպէս վերահասու կ՚ըլլանք որ հեթանոսները 25 տարուայ անցեալ ունեցող կազմակերպութիւն մըն են եւ ունին 1500 հետեւորդներ։ Անոնք իրենց կրօնքը կը քարոզեն 527 էջանոց «Ուխտագիրք»ի միջոցաւ։ «Պետութիւնը թէեւ չի ճնշեր մեր վրայ, բայց ուրախ ալ չէ մեզմով» բացատրութիւնով կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութենէ ներս այս աղանդին դիրքը։

21 Մարտ թուականը սուրբ օր է հեթանոսներու համար։ Անոնք այդ օր կը մերժեն աշխատիլ եւ օրը կը ձօնեն իրենց սրբութիւններու յիշատակման։

Անշուշտ որ հետաքրքրական է նախապէս միայն Գառնիի տաճարին հանդիպած դրուագներուն ականատես ըլլալ նաեւ Նէմրութի լերան վրայ։ Հայրապետեան մեզ կը վստահեցնէ, թէ յաջորդ տարիներուն աւելի բազմանդամ խումբերով կ՚իրականացնեն այս ուխտագնացութիւնն ու ծիսակատարութիւնը։