Քէսապահայերը տուներնին գացին

Քէսապահայութիւնը սկսաւ ետ դառնալ դէպի իր պապենական օրրանը։

ԼՈՐԱ ՊԱՅԹԱՐ ՉԱՓԱՐ

Չորրորդ տարին բոլորելու մօտեցող Սուրիոյ քաղաքական պատերազմը այս տարուայ 21 Մարտին զարկած էր նաեւ Քէսապը։ Իսկ Պետական զօրքին 15 Յունիսին քաղաքը ետ առնելէն վերջ նախապէս Լաթաքիա ապաստանած քէսապահայութիւնը սկսաւ ետ դառնալ դէպի իր պապենական օրրանը։ Վերադարձողներուն մէջ էին նաեւ Մուսա Լերան Վաքըֆլըգիւղը ապաստանած խումբին վերջին վեց անդամները։ Անոնք ալ 4 Յուլիս Ուրբաթ օր, Եայլատաղի սահմանադռէն հասան իրենց քաղաքը։

Այս խումբէն 18 քէսապահայեր 15 Մայիսին Պէյրութ գացած եւ անոնցմէ ոմանք տեղաւորուած էին իրենց հարազատներուն մօտ, ոմանք ալ Պէյրութի ծերանոցները։ Ծերանոց տեղաւորուածներէն Զաւէն հօբարը (Զաւէն Յովսէփեան) չըկրցաւ դիմադրել այս վերջին վերիվայրումներուն եւ կարծես «Քէսապէն ուրիշ տեղ չեմ կրնար ապրիլ» խոստումը յարգած ըլլար, հեռացաւ այս աշխարհէն։ Լուտէր Թրթըրեան 24 Ապրիլին Քէսապի մէջ մահացած էր։ Լաթաքիայէն ալ մահուան գոյժը ստացանք 94-ամեայ Գարուն Տէր Սահակեանի։

Միայն վեց քէսապահայեր փաստաթուղթերուն պատրաստ չըլլալուն բերմամբ Վաքըֆլը մնացած էին։ Մէկուկէս ամսուայ սպասումէ ետք վերջապէս անոնք ալ տուն դարձի ուրախութիւնը կ՚ապրին։ Վաքըֆլըգիւղէն Եայլատաղի սահմանադուռ ճանապարհը 40 վայրկեան կը տեւէ։ Կ՚ընկերակցիմ իրենց այս ճամբորդութեան, մինչեւ վերջին պահը լսելու համար անոնց տպաւորութիւններն ու զգացումները։ Եսայի Այնթապլեանը 300 ոչխարով հօտ մը ունէր Քէսապ։ Այսօր տուն մը իսկ չունի։ «Երկու ոչխարներով սկսած էի կեանքի, ոչի՜նչ, դարձեալ կը սկսիմ։ Գիտնամ որ դարձեալ պիտի փլցնեն, կրկին պիտի կառուցեմ տունս։ Մենք մեր կամքով չէ որ լքեցինք մեր տուները։ Միտքովս անգամ չէր անցներ այս պատահածները։ Սեւամօրուքները եկան, ոչխարներս թալանեցին, մեզ ալ գերավարեցին»։

Մովսէս հօբարն ալ նոյն վճռակամութեամբ կը յայտնէ իր զգացումները։ «Ես հաւատք ունեցող մարդ եմ։ Աստուծոյ կը վստահիմ։ Աստուած ճամբայ մը կը բանայ մեզ համար։ Երկու ժամ վերջ Քէսապ պիտի հասնինք։ Այդ յարձակման օրերուն շատ կը վախնայի որ պիտի վիրաւորուիմ, հաշմանդամ պիտի մնամ։ Ետ վերադառնալով հաւանաբար մեր տունը պիտի չգտնենք իր տեղը։ Բայց ի՛նչ փոյթ, դարձեալ կը կառուցեմ»։

Ովսաննա մամիկը անկողնոյ կը ծառայէ։ Զինքը կը տեղադրենք շտապօգնութեան ինքնաշարժը, մենք ալ Սամանտաղի գաւառապետութեան տրամադրած մինիպիւսով կ՚ուղղուինք դէպի սահման։ Այնթապլեաններու դուստրը՝ Անի Վաքըֆի փողածաղիկէն շիւղ մը առած է իր հետ, Քէսապ տան պարտէզը պիտի տնկէ։ Այդ ծաղիկով պիտի յիշէ այստեղի օրերը եւ մեր բարեկամութիւնը։

Դուք մի տարուիք սահմանադուռ բառէն։ Իրականութեան մէջ սահմանաքար մըն է այդ, որ մեր վարորդը չէ նկատած ու շարունակած է երթը։ Հազիւ սուրիացի զինուորներու ազդարարութեամբ կ՚անդրադառնանք, որ անցեր ենք սահմանը։ Հասած է հրաժեշտի պահը։ Կը գիրկընդխառնուինք մեր ազգակիցներուն հետ եւ զիրենք կը յանձնենք իրենց հարազատներուն, որոնք նոյնպէս եկած են դիմաւորելու։ Սա պահուն կրկին տեսութեան յոյսը պատած է մեզ։ Մինչեւ կրկին տեսութիւն, բայց խաղաղ ու երջանիկ օրերու մէջ։