Տէրսիմ-Մնձուրի ԺԴ. Փառատօնը

30 Յուլիս Չորեքշաբթի, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Տէրսիմի Հայոց Հայրենակցական միութեան ապահոված հանրաշարժով կը մեկնինք Պոլիսէն դէպի Տէրսիմ։ Փառատօնը շատ երկար տարիներ պետութեան, կամ աւելի ճիշդ պետական բանակին ծանր լուծին դիմադրելու եւ այս տարածքի ազատատենչ կամքը դրսեւորելու յաղթական խորհրդանշանը եղած է միաժամանակ։

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ՝ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մօտաւորապէս 18 ժամ ճամբորդելէ ետք մեր հանրաշարժը կանգ առաւ «Քալան» nրթական հաստատութեան աղջկանց ննջարանի առջեւ։ Նոյն տեղը մեզմէ առաջ ժամանած էին Հայաստանի «Կարին» պարային համոյթը, Կինօարտադրիչ Քեազըմ Կիւնտողանի նկարահանման խումբը, Տէրսիմի հայոց նախկին եւ այժմու ատենապետներ Միհրան Փրկիչ Կիւլթէքին եւ Իսմաիլ Ճէմ Հալավուրդ եւ դեռ ուրիշներ։

Տէրսիմ հրապուրիչ է երկիրը շրջապատող սէգ լեռներով, որոնց ամէն մէկը ունին իրենց յատուկ անունները, առասպելները եւ սրբութիւնները։ Այստեղ ոչ միայն լեռները, այլ ջուրի ակերը կամ եթէ ոչ բոլորը, բայց որոշ ծառեր սրբավայր կը համարուին։ Տեղացի ժողովուրդը անոնց համար ունի յատուկ տոմար եւ ճշդուած օրերուն այցելութիւններ կը կատարէ, մատաղ կը զոհէ եւ մոմավառութեամբ կ՚աղօթէ։ Անշուշտ այս երեւոյթը դժուար հասկնալի, նոյնիսկ այպանելի է իսլամներու կողմէ, որոնք տէրսիմցիները կը մեղադրեն հեթանոսութեամբ։ Իսկ նոյն Տէրսիմը մե՛զ հայերուս համար տակաւին ունի յատուկ աղօթավայրեր…։

Տեղաւորուեցանք մեզի տրամադրուած սենեակները, նախաճաշեցինք ու ապա, առաջին առթիւ ուղղուեցանք Խոզաթ գիւղաքաղաքի փոքրիկ գիւղը՝ Էրկէն կամ Էրկան, ուր մնացած է աւերուած հայկական գեղեցիկ եկեղեցւոյ մը փլատակը։ Մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ եկեղեցիի նաւին մէջ տեղադրուած ցեմենտով շիրմաքարը։ Խաչակնքուած ու թուարկուած 1953-1965։ Մեզի ուղեկցող հովիւը կը վկայէ թէ այս շիրմին տակ պառկողին հարազատները գացած են, բայց դեռ հայ ընտանիքներ կ՚ապրին Էրկէնի մէջ։

Մնձուրի փառատօնի բերմամբ ամէն տեղ անսովոր եռուզեռ կը տիրէ։ Պատրաստութիւններու կատարուած ժամերուն տեղի կ՚ունենան բանէլներ, որոնց կարեւոր մէկ մասը ձօնուած է Տէրսիմի բնապահպանման եւ տարածքաշրջանի տիրող լեզուին՝ Զազայերէնին անհետացման դէմ պայքարի։ Այս երկու հարցերը Տէրսիմցին իր ինքնութեան բաղադրիչները կը համարէ, այդ իսկ պատճառաւ ալ խիստ նախանձախնդիր է անոնց նկատմամբ։ Ջերմաելեկտրակայանները թէ՛ կը սպառնան Մնձուր գետի ապագային եւ թէ գոյացած արուեստական աւազաններու տակ կը մնան բազմաթիւ սրբավայրեր։ Հիմնական փոփոխութեան կ՚ենթարկուի տարածքի աշխարհագրական դիրքը։ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնարկութեան տասնամեակին կառուցուած երկաթուղին ալ, փոխանակ տարածքշրջանի տնտեսական զարգացման նպաստելու, զօրամասերու արագ տեղափոխման ծառայելով մեծ կորուստներու պատճառ դարձաւ 1938-ի յարձակման նախօրեակին։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ յարձակումը ունէր հայոց մեծ եղեռնի շարունակութեան բնոյթ եւ ի դէմ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութեան «Տէրսիմի ապստամբութիւն» կոչումին, այսօր կը նշուի իբրեւ Տէրսիմի ցեղասպանութիւն։ 

Տէրսիմի Հայոց Հայրենակցական Միութիւնը, իր հիմնարկութենէն ցայսօր ամէն տարի Հայաստանէն խումբեր հրաւիրելով մաս կը կազմէ փառատօնին։ Այս տարի «Կարին» պարային համոյթը եւ Ֆրանսահայ երիտասարդներու հիմնած «Կոլեկտիվ Մեծ Պազար» երաժշտական միաւորումը պանծացուցին հայ մշակոյթը Տէրսիմի մէջ։ Անոնք բացի Տէրսիմի կեդրոնական միջոցառումէն, ելոյթներ ունեցան նաեւ Խոզաթի, Մազկերտի, Օվաճըքի մէջ։

Շորտա անուն գիւղ մը

Սակայն այդ բոլորին մէջ արտակարգօրէն ցայտուն եւ եզակի դարձաւ Մազկերտի հայկական Շորտա գիւղի խրախճանքը, ուր երբ ծանօթացանք գիւղի բնակիչներուն հետ, պարզուեցաւ, թէ ամբողջ գիւղը հայերէ կը բաղկանայ, որոնց մէկ մասը հպարտութեամբ կը յայտնէ այդ պատկանելութիւնը, իսկ մէկ մասն ալ կը գոհանայ «Հայրս հայ է» կամ «Պապս հայ է» ըսելով։

Գիւղի հրապարակին վրայ երբ ողջ ժողովուրդը շուրջպար էր բռնած, գիւղի կանայք ալ խորոված միսով ու սիսեռով պատրաստուած Տէրսիմի խոհանոցին յատուկ ճաշեր կը սպասարկէին ներկաներուն։ Ահա այդ թոհուբոհի մէջ յանկարծ պարզուեցաւ հսկայ աֆիշ մը՝ որուն վրայ պատկերուած էին նախորդ տարուայ Մայիսին, «Կէզի» զբօսայգիի ցոյցերու ժամանակ երկրի տարբեր քաղաքները զոհուած երիտասարդներուն դիմանկարները, որոնք եւս ծափողջոյներով դիմաւորուեցան բոլորին կողմէ։   

Ինչպէս ամէն ուրախութիւն, ժամերը յառաջացան ու Շորտա գիւղի խրախճանքն ալ հասաւ իր աւարտին։ Ետ դարձի պահը հասած էր, երբ նկատեցի մեր բարեկամուհիներէն մին, որ նստած կը շաղակրատէր գիւղի կանանց հետ։ Զգուշացուցի որ կ՚երթանք։ «Դուք գացէք, ես հոս եմ, հարսիս մօտ կը մնամ» պատասխանեց, բայց զարմանքս նկատելով կողքի երիտասարդ կինը ցոյց տալով բացատրեց, թէ ան կողակիցն է իր սիրելի մէկ բարեկամին, որ Պելժիա կը բնակի ու քաղաքական մտավախութիւններով կը խուսափի Թուրքիա գալէ։

Քանի որ հարսեր ալ ունինք այս գիւղէն, ուրեմն կասկած չունիմ որ Շորտա կը շարունակէ պահել իր հայկական դիմագիծը։

***

Այս պահուն հարկ է նշել որ Մնձուրի փառատօնի օրերուն հետ կը խաչաձեւուի Սասնայ Մարաթուկ լերան Վարդավառի ուխտագնացութիւնը։ Եւ ահա Հայաստանէն երիտասարդ տիկին մը միացաւ մեզ, որ կու գար Տարօն աշխարհի բուրմունքով։ Պատմեց փարիզաբնակ Փրոֆ. Անահիտ Տէր Մինասեանի, Պէսսէ Քապաքի, Անահիտի զոյգ որդիներու հետ հանդիպման մասին (այս նիւթին լայն տեղ տուինք մեր միւս էջերուն մէջ)։ Պատմեց Մարաթուկի լեռնագնացութիւնը, տեղացի քիւրտ երիտասարդներու հետ ունեցած ընկերաքաղաքական բնոյթի զրոյցները եւ այդ բոլորէն ստացած բարձր տրամադրութիւնը։

Հոգ չէ թէ Տէրսիմ իր պատմութեան մէջ մաս կազմած չըլլայ արեւմտեան Հայաստանին, մենք ինկած էինք պապենական «էրկիր»ի գիրկը ու լցուած ամէն մէկս տարբեր ու շատ հարուստ տպաւորութիւններով։

Սա պահուն, երբ կը գրուին այս տողերը, Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցու կամարներուն տակ մէկտեղուած, ապա «Սուր» քաղաքապետարանի կազմակերպած հայերէն լեզուի դասընթացքներուն հետեւած 48 հայեր արդէն մեկնած են Ամիտայէն դէպի Հայաստան։ Ուրեմն ես ալ կը մեկնիմ Տէրսիմէն, Պինկէօլի, մեր Բիւրակնի ճամբուն վրայ իրենց միանալու համար։ Իսկ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած «Արի Տուն» ծրագրի շրջանակներով կայացող այս այցելութեան մանրամասնութիւնները՝ «Ակօս»ի յաջորդ համարով։