Մենք ու մեր ուղին

«Հայապահպանման խոհեր» խորագրեալ մեր յօդուածին մէջ փորձած էինք լուսարձակի տակ առնել Մեծ Եղեռնի հետեւանքով հայրենի երկրէն զրկուած հայ ժողովուրդին իր ուրոյն դիմագիծը եւ ազգային յատկութիւնները պահպանելու եղանակները։

Հարուածը մեծ էր ու զգետնող։ Ամէն հայ ընտանիքէ ներս սուգ կը տիրէր։ Բիւրաւոր զոհեր բռնեցին յաւիտենականութեան ճամբան։ Բայց անոնց կրկնապատիկը, քառապատիկը, ինչո՛ւ չէ տասնապատիկը հայութիւն դեռ պիտի քալէր իր Գողգոթան, սերունդներ պիտի պատրաստէր օտար ու շատ անգամ անապահով հորիզոններու վրայ, պիտի յաղթահարէր եկուոր գաղթականի դիրքը եւ իր ապրած երկրին մէջ պիտի փորձէր դառնալ լիիրաւ քաղաքացի։ Միւս կողմէ հայրենի երկրին, աշխարհի այդ փոքր հատուածին վրայ, որ կը կոչենք Հայաստան, պիտի կերտէր նոր պետականութիւն, ունենալով բարգաւաճման մեծ ակնկալութիւններ։

Ամենուրեք դժուար էր հայուն գործը։ Ժամանակի հրամայականին հետեւելով կը խորհէին, թէ երկիրն ու ազգութիւնը ամբողջականութիւն է։ Վերջապէս նախորդ դարասկիզբը ազգային պետութիւններու վերելքի շրջանն էր։ Ուստի գաղթականները իրաւունք չունէին շնորհուածէն աւելին պահանջելու։ Անոնք ապաստանած մինուճարներ էին, որոնք պէտք էր յօժարէին իրենց առաջարկուած վայրը բնակելու եւ աշխատանքը կատարելու։ Սփիւռքահայը այդ պայմաններու տակ ճախճախուտը վերածեց բնակելի տարածքի, արհամարհուած ասպարէզներէն հանեց իր օրապահիկը։ Այդ բոլորին մէջ փորձեց պահել նաեւ իր ազգային արժանիքները։ Եւ եթէ այսօր ունինք հայկական սփիւռք, այդ կը պարտինք հոսանքին դէմ թիավարող մեր նախնեաց կուռ հաւատքին եւ աշխատանքի անսպառ կորովին։

Սակայն այս գործընթացի մէջ կարեւոր զանցառութիւն մը կ՚ապրինք։ Չենք անդրադարձած որ դար մը ետք այլեւս վերջացած է ազգային պետութիւններու շրջանը եւ հասած ենք մարդու իրաւունքներու փառաբանման շրջանին։ Այժմ գաղթական թէ երկրի հարազատ քաղաքացի, մարդն ու անոր իրաւունքները գերազանց են, բաղդատմամբ՝ ազգայինին։ Եկուր տես որ շատեր կը դժուարանան այս նոր դրութիւնը ընկալելու։ Չեն կրնար հաշտուիլ միջազգային օրէնքներուն ազգային սահմանադրութենէն գերադաս համարուելուն։ Կասկած չկայ որ զարգացումը բնորոշողը այս հասկացողութեան հասարակութեան մէջ ունեցած ընկալումի ծաւալն է։

Մենք՝ որ բաւական ուշ տիրացանք ազգային անկախ պետականութեան, հասկնալի կերպով կը վարանինք այս դրութեան դիմաց։ Բայց հոսանքին ուղղութիւնը յայտնի է եւ ի զուր պիտի ըլլայ այդ հոսանքի պահանջած համաշխարհայնացման դէմ տեղքայլ ընել։

Հայ պահպանողական միտքը միշտ խուսափած է համաշխարհայնացումէն, վախնալով, թէ այդ ամբողջի մէջ կը կորսնցնէ իրեն պատկանողը։ Թերեւս ալ այս խուսափումը հայ ինքնութենէ շեղում մըն է։ Եթէ յետադարձ ակնարկով դիտենք հայ ժողովուրդի յառաջդիմական քայլերը, յստակօրէն պիտի տեսնենք որ մեր նախնիները միշտ ռահվիրան եղան բոլոր նոր գաղափարախօսութիւններու, ճաշակներու, գիտութիւններու երկրէ ներս թափանցելու խնդրին մէջ։ Մի գուցէ յետադիմական միտքը լոկ այս փորձառութեամբ առաջարկէ աւելի զուսպ ու «շրջահայեաց» մնալ։

Բայց անկարելի է սիրելի ընթերցող եւ մենք այդ պահուն արդէն իսկ կը կորսնցնենք մեր ազգային յատկութիւնը։ Ուրեմն եթէ նոր աշխարհ մը պիտի կառուցուի, օ՜ն հայ ժողովուրդ, առաջ անցիր, վերցուր քո աւանդական պայքարի դրօշը եւ ուղղութիւն տուր դէպի յառաջընթաց, դէպի զարգացում, դէպի ապագայ սլացողներուն։