Համահայկական զուգահեռներ

փիւրքահայուս անհատական ապրումները ինքնաբերաբար կը վերածուին հասարակականի։ Որքան ալ ենթական խօսի իր անմիջական միջավայրի մասին, հայ ընթերցողը հոն կը գտնէ բազմաթիւ զուգահեռներ։

աղաւնի մութաֆեան

Նշանակութիւն չունի թէ ո՛ր երկրի, ո՛ր քաղաքի բնակիչն է. հայու, սփիւռքահայու համար կորուսեալ երկրի խորհուրդը, ապաստանած երկրի համակերպիլը, Մայր Հայաստանի հրապոյրը եւ դէպի արեւմուտք գաղթելու թունաւոր մարմաջը միասնաբար կը ստեղծեն այդ զուգահեռը։

Գիրքը դեռ առաջին էջերով, ∩Փախուստ դէպի նոր աշխարհ∪ բաժնի պատումներով կը գրաւէ ընթերցողը։ Անապատին մէջ դէպի օդակայան սուրացող երկու թաքսիները նկարագրելէ ետք, հեղինակը կը ծանօթացնէ այդ ինքնաշարժներու ճամբորդներն ալ։ Ինք, չորս ամիս առաջ ամուսնացած կինը՝ Նազիկ եւ մեծ հայրը ուղեւորներ են, իսկ մնացեալը անոնք ճանապարհելու եկած հարազատներ, ընկերներ։

∩Որեւէ բանէ, ոեւէ մէկէն չէ, որ կը փախչինք. օրինական բոլոր կարգադրութիւնները ըրած ենք, մեր պարտքերը լիուլի վճարած, մեր հրաժեշտները առած, բայց եւ այնպէս ինծի կը թուի թէ կը փախչինք։ Ինչո՞ւ կամ ինչէ՞ն կը փախչինք չեմ գիտեր. ես իմ 26 աշուններէ՞ս, Նազիկը իր 19 գարուններէ՞ն, իսկ Գալուստ մեծ հայրի՞կը, ա՞ն փախչելու ինչ պատճառ պիտի ունենար հիմա, պարզապէս կը հետեւէր միակ զաւկին՝ հօրս, եւ մօրս ու եղբօրս, որ մեզմէ ճիշդ շաբաթ մը առաջ նոյն այս ճամբով հասեր էին օդակայան, առեր ինքնաթիռը ու թռչեր դէպի Գանատա, այն տարբերութեամբ, որ իրենց ընկերակցող ու ճամբու դնողը մե՛նք էինք, որ ետեւի թաքսիին մէջն էինք։ Շուտով, շատ շուտով Կարոյենք ալ առջեւի թաքսիին մէջ պիտի նստին, ճանապարհորդ պիտի ըլլան, գաղթակա՛ն, բայց պիտի երթան հակառակ ուղղութեամբ, դէպի արեւելք, հարա՛ւ արեւելք, դէպի չքնաղ Ովիանիա, այսինքն ցամաքամաս կղզիին կամ աքսորավայրն Աւստրալիա։ Փախուստ մը եւս։ Յետոյ կարգը պիտի գայ Շաւարշին։

Մեզմով չսկսաւ սակայն այս փախուստը. արդէն չորս տարի էր, ծայր տուած էր խուճապը, մենք ալ հոսանքին հետ տարուեցանք, ուշ ալ մնացինք ի՛մ պատճառաւ։ Ատկէ առաջ 1956−ի Սուէզի պատերազմէն ետք՝ հատ ու կենտ մեկնողներ եղած էին միայն. անոնց մէջ առաջինը Յովհաննէս դասընկերս էր, որուն ընտանիքը Թորոնթօ էր գացեր, յետոյ Ծովիկենք՝ Մոնթրէալ. պիտի չանդրադառնայինք, թէ ինչ կ՚ընէինք, մինչեւ որ մենք ալ ճամբայ չելլէինք∪։

Այս պատկերը ո՞ր սփիւռքահայը չէ ապրած արդեօք։ Մանաւանդ ան՝ որ յետ եղեռնեան տարիներուն ապաստանած է Միջին Արեւելքի իսլամական երկիրներ։ Մենք՝ թուրքիացիներս ալ, գրեթէ Վրէժ Արմէնի նշած այդ նոյն թուականներուն, Ի. դարու 60−ական տարիներու երկրորդ կիսուն, յաճախակի կ՚ապրէինք արտագաղթի պատկերը։ Արտագաղթը՝ որ ուղղուած է դէպի արեւմուտք ու կը քայքայէր այն ամէն ինչ, որուն ∩հայկական∪ պիտի ըսէինք։ 

Մեծ Եղեռնի արհաւիրքով հայրենակորուս դարձած հայութեան երկրորդ, երրորդ սերունդները համաճարակ ախտէ մը վարակուած ըլլալու նման, կը գաղթէին դէպի ձուլում։ Չէին անդրադարձած որ այդ հողերու շաղախը այլասերումն է պարզապէս։ Մանաւանդ Անդրատլանտեան տարածքը այդ այլասերումով իր մէջ ձուլեց բովանդակ Եւրոպան։ Ուստի Հայը կ՚երթար այլ ժողովուրդներն ու անոնց փառքերը ոչնչացնող կաթսային մէջ թափուելու ցանկութիւնով։ Սակայն այդ բանը կը քօղարկէր հիմնած հաստատութիւններով, ակումբներով, կուսակցական միաւորումներով։ Այս անգամ ալ ինքնախաբէութեան շաղախը կ՚ըլլար կեղծ ազգայնականութիւն մը։ Իրենց հակապոլշեւիկեան կանխապաշարով ամբողջ 70 տարի Հայաստան երկիրը հալածողները այդ ձուլման կաթսային մէջ հայապահպանման պատմութիւններ կը յօրինէին։ Պատմութիւններ որոնց մայր եղանակն է ցեղասպանութեան աստիճանի հասնող ազգայնականութիւնը։

Զգոյշ ընթերցողը այս բոլորին փաստերը կը գտնէ Վրէժ Արմէնի ∩Իմ ուղեպատումը∪ հատորին մէջ։

Ծանօթ է նաեւ ∩Եւ դեռ∪ ենթախորագրի մէջ պատմուածը։

∩−Վաղը կարծեմ համերգ մը կայ պոլսահայ միութեան շարքին մէջ, երթա՞նք։

−Երթա՛նք, տեղ մնացա՞ծ է արդեօք։

Այսպէս, ամբողջ կեանք մը ապրեցանք մեր ժամանցի ու զբօսանքի ժամերը առաջին հերթին յատկացնելով հայկական ձեռնարկներուն։ Ի՛նչ ալ ըլլար առիթը, հայ երաժի՞շտ մը ելոյթ պիտի ունենար հայ արուեստագէ՞տ մը ցուցահանդէս պիտի տար, Հայաստանէն խո՞ւմբ մը բեմ պիտի ելլէր, թէ հայկական շարժանկար մը պիտի ցուցադրուէր, հո՛ն պիտի երթայինք, մեր նախընտրութիւնը անո՛նց պիտի տայինք։ Մեզի համար պարզապէս հետաքրքրութեան խնդիր չէր։ Այդ բոլորը քաջալերելու պարտաւորութիւն մը կը զգայինք։ Նախանձախնդրութիւն մը։ Նոյնիսկ արժանապատուութեան հարց կար։ Սրահը պէտք է լեցուէր, ձեռնարկը պէտք է յաջողէր, արուեստագէտը կամ արուեստագէտները պէտք է զգային, որ համայնքը իրենց կռնակն էր, որ մինակ չէին, որ կը գնահատուէին հաւաքականութեան կողմէ։ Եւ ասիկա՝ ո՛ր կողմն ալ որ ըլլար կազմակերպողը։ Արդէն հատուածականութիւնը չէր կրնար տեղ ունենար, երբ հարցը մեր մշակոյթին կը վերաբերէր։ Այսպէ՛ս դաստիարակուած էինք։ Մե՛ր սերունդը այդպէս սորված էր∪։

Վրէժ Արմէնի պատումներուն պատճառած զուգահեռները մեզ կը տանին բազմաբնոյթ հաշուեյարդարներու։ Ու այդ բանը կ՚ընեն խիստ սրտառուչ արեւմտահայերէնով։ Հայերէնի բարձրորակ գործածութիւնն իսկ բաւական է այս հատորը ջերմօրէն ողջունելու համար։ Մնաց որ աւելի քան 300 էջերով խիստ շահեկան եւ Գահիրէէն, Հելիապոլիսէն Գանատա, Քեպէք երկարող հայու ոդիսականին հետեւիլ, մեկնելով հեղինակի յիշատակներէն, թաղուիլ անհատական վերյիշումներու եւ հետզհետէ խորհուրդներ գոյացնել համազգային խոհերով։

Kategoriler

Kitap ԳԻՐՔ