Եգէականը արժանի է խաղաղութեան

Արձակուրդի առիթով այցելեցինք Զմիւռնիոյ Սէֆէրիհիսար գիւղաքաղաքի ծովափը…

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ընդունուած համոզում է թէ բնութիւնը ուղղակիօրէն կ՚ազդէ մարդկանց բնաւորութեան։ Սէգ, անառիկ լեռներու բնակիչներուն եւ ծովափնեայ շրջանները ապրողներուն վարուելակերպը յստակօրէն կը տարբերին իրարմէ։ Նոյնը կարելի է ենթադրել անապատային պայմաններու տակ ապրողներու եւ յորդառատ անձրեւներու երկիրներու բնակիչներուն միջեւ։

Թուրքիան իր ընդարձակ տարածքով կը բովանդակէ թէ լեռնային ժողովուրդներ եւ թէ դաշտի, տափաստանի ու ծովեզերքի մարդիկ։ Իրաւ ալ երկրին երեք կողմերը շրջապատուած են ծովերով։ Ինչ զարմանալի է որ այդ ծովերու շուրջ բնակողներն ալ, թէ ազգագրական եւ թէ քաղաքական առումով խիստ տարբերութիւններ կը ներկայացնեն։ Այս բոլորը անկասկած ընկերաբաններու համար ուսումնասիրման բացառիկ առիթներ կ՚ընձեռեն։ Սեւ ծովու յատկապէս արեւելեան հատուածի բնակիչները իրենց տոհմային ծագումով թուրք չըլլալով հանդերձ հոն կը տիրապետէ թուրք ազգայնականութիւնը։ Անոնք ընդհանրապէս սերած են լազ, պոնտացի, հայ կամ վրացի ժողովուրդներէ, որոնք անցեալին ճնշումներու բերմամբ կրօնափոխ եղած ու ընդունած են իսլամութիւն։ Սեւ ծովու այդ հատուածին մէջ սովորական երեւոյթ է հանդիպիլ ծայրահեղ արմատական մոլեռանդ իսլամներու։ Երեւոյթ մը՝ որուն այդ աստիճան չենք հանդիպիր նոյն ծովու Արեւմտեան շրջաններուն, կամ ալ Մարմարա, Եգէական, Միջերկրական ծովերու ափերու բնակիչներու մօտ։

Երկրին յատուկ մի այլ կարեւոր յատկութիւնն ալ նախորդ դարասկիզբին գործադրուած բնակչութեան ճարտարագիտութիւնն է։ Արդարեւ երիտթուրքերու շարժումը տեսնելով Պալքանեան երկիրներէ կամ Կովկասներէ դէպի Անաթոլիա եւ Մեծ Հայք ուղղուած զանգուածային գաղթերը, ցեղասպանութեան ենթարկեց հայ, պոնտացի եւ ասորի ժողովուրդները, փոխանակման եղանակով ալ վտարեց երկրի յոյն ժողովուրդը։ Ապաստան տուաւ եկուորներուն, ամբողջովին տակն ու վրայ ընելով բազմաթիւ քաղաքներու բնակչութիւնը։ Օրինակի համար այսօր Տրապիզոնի մէջ հարիւր տարուայ բնակութիւն ունեցող ընտանիքի մը հանդիպիլ համարեա անկարելի է։ Նոյնը կարելի է ըսել Զմիւռնիոյ համար ալ, անշուշտ բացառութիւն համարելով քաղաքի սակաւաթիւ քրիստոնեայ եւ հրեայ բնակիչները։ Ղարսէն Ատրիանապոլիս կամ Պրուսա, զանազան քաղաքներ ունին այս նոյն յատկութիւնը։ Եւ պէտք է խոստովանիլ որ երիտթուրքերու այդ ռազմավարութիւնը յաջողած է, քանի որ սոյն քաղաքներու մէջ կը տիրէ թրքական թունդ ազգայնականութիւն եւ իսլամական մոլեռանդութիւն։ Այս վերջինը վիճելի է սակայն երկրի արեւմտեան հատուածը ծովեզերեայ բնակիչներուն համար։

Կարճատեւ արձակուրդի առիթով այցելեցինք Զմիւռնիոյ Սէֆէրիհիսար գիւղաքաղաքի ծովափը։ Զբօսաշրջական գիւղ մըն էր մեր իջեւանածը, որ ունէր 150 անջատ հիւրասենեակներ, 350 զբօսաշրջիկ տարողութեամբ։ Գիւղը հիմնուած էր աւելի քան 20 տարի առաջ եւ նախ ծառայած էր միայն ֆրանսացի, ապա միայն անգլիացի զբօսաշրջիկներու։ Իսկ այս տարի հողատարածքի սեփականատէրը ինք ստանձնած էր այդ տարածքը շահագործելու աշխատանքը։

«Մենք ալ մեր կարգին նախասիրութիւններ ունինք եկող այցելուներու դասաւորման մէջ։ Անշուշտ նախորդներուն նման խիստ սահմանափակումներ խնդրոյ առարկայ չեն։ Բայց անշուշտ նպատակ մը կը հետապնդէր «Ակօս»ին ծանուցում տալու մեր որոշումը։ Այդ թերթի ընթերցողները կամ հայեր պէտք է ըլլային, կամ ալ հայոց մօտ մարդիկ։ Եւ չէինք սխալած։ Այդ ծանուցումի միջոցով եկող հիւրերը ճիշդ ալ մեր ցանկացած տիպարը կը ներկայացնեն։ Այս առթիւ անդրադարձանք նաեւ թէ Զմիւռնիոյ մէջ որքան շատ են «Ակօս»ի հետեւողները»։ Ընկերութեան պաշտօնեան այսպէս կը ծանօթացնէ իրենց հաստատութիւնը եւ այդ հաստատութեան մեր թերթի նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութիւնը։

Սակայն այս բոլորի մէջ մենք մէկ կողմ ընենք այդ զբօսաշրջական վայրի պարգեւած ուրախ եւ հարուստ ապրումները, Եգէականի ջինջ ու պայծառ ջուրին մէջ լողալու հաճոյքը եւ վերադառնանք Եգէականի յատուկ ապրումներու։

Մեր իջեւանած զբօսաշրջական գիւղը իր մէջ կը պարունակէր բոլոր յարմարութիւնները։ Այսինքն արդէն կարճատեւ արձակուրդի ընթացքին գիւղի դարպասէն դուրս գալու կարիք չունէինք։ Բայց միւս կողմէ մեր բնազդն ալ մեզ կը գրգռէր շրջապատին հետ աւելի մօտէն շփուելու համար։ Այդպէս Կիրակի օր նախաճաշէն ետք, ուղուեցանք դէպի մօտակայ «Սղաճըք» գիւղը։ Հին յունական այս գիւղը կարելի է երկու դիմագիծով բնութագրել։ Առաջին եւ աւելի աչքառու եղողը բազմաթիւ առագաստանաւերու ապաստան նաւահանգիստը եւ զայն բոլորող արդիաշունչ շինութիւններն են։ Իսկ երկրորդը պարիսպի մը դռնէն մտնուած հին քաղաքն է։ Հոն միյարկանի կամ երկյարկանի տուները սպիտակով ներկուած են, իսկ դռները, լուսամուտներու շրջանակները կամ փեղկերն ալ՝ կապոյտով։ Սպիտակ ու կապոյտի այս բաղադրութիւնը իսկոյն մտածել կու տայ յունական մթնոլորտի մասին։

Այս բոլորին վրայ կ՚աւելնայ խիստ ճաշակաւոր փոքրիկ սրճարաններու, ծաղարաններու, զբօսաշրջական իրեր վաճառող տաղաւարներու առթած հաճոյականութիւնը։ Մանաւանդ ալ մենք հանդիպած ենք միայն Կիրակի օրերը կայացող գիւղի տօնավաճառին։ Հոս եւս իւրայատուկ երեւոյթ մը կայ, քանի որ սեղաններուն վրայ վաճառուածը ոչ թէ գործարանային արտադրութիւններ են, այլ գիւղացի կանանց ձեռագործ ուլունքաշարերը եւ տեղական խոհանոցի արտադրութիւնները։ Սակայն ոչ ան, ոչ աս. կայ ու չկայ զմիւռնիացի կանանց արդէն ծանօթ գեղեցկութիւնը։ Անշուշտ այս տեղ սխալ գործածութիւն պէտք է համարել «կանանց» սահմանումը։ Հաւանաբար մեր առնական աչքի յատուկ սխալութիւն է։ Ապա թէ ոչ զգոյշ հայեացքով կարելի է դասել որ այս քաղաքի տղամարդիկ ալ նոյնքան գեղեցիկ ու վայելուչ են։ «Իսկ ի՞նչ է այս գեղեցկութեան գաղտնիքը» կը խորհրդակցինք կնոջս հետ ու ան վրայ կը բերէ «խառնածնութիւնը անտարակոյս»։

Երանի թէ խառնածննդեան հետեւանքները միշտ գեղեցկութիւնով դրսեւորուին։ Արտաքին գեղեցկութեան զուգահեռ ընթանայ մտքի, մտայնութեան գեղեցկութիւնը։ Այն ժամանակ շատ աւելի իրաւացի պիտի ըլլայ Եգէականը իր զոյգ ափերով խաղաղութեան ծով մը կոչել։ Կոչում՝ որու արժանի են ծովու երկու ափերու ժողովուրդները։