Ոտքի ելիր ո՜վ մարդկութիւն

Մեր ընթերցողներէն շատեր տեսած են։ Նախ համացանցի, ապա հեռուստակայաններու միջոցաւ համայն աշխարհի սփռուեցաւ այն լուսանկարը, ուր կ՚երեւէին գերավարուած ծնկաչոք ֆրանսացի մը եւ անոր կողքին կայնած ԻՊ-ի դահիճը։

Այս անգամ լրատուութիւնը կու գար Ալկէրիայէն, այս երկրի մէջ խարսխուած իսլամական կազմակերպութիւն մը հպատակած էր ԻՊ-ի եւ արարքով կ՚ապացուցէր իր հաւատարմութիւնը եւ վճռակամութիւնը։ Արդեօք դեռ քանի՞ երկիրներու մէջ կան ու կը գործեն նման մտայնութիւնով օժտուած իսլամական խումբեր։ Եթէ նկատի ունենաք ԻՊ-ի նկատմամբ համակրանքը, արդեօք մեր երկիրը՝ Թուրքիա ի՞նչ ներուժ կ՚ունենայ նման ոճրագործներ արտադրելու համար։ Զարմանալի է, բայց նման հարցումը տակաւին ունի իրարու հակասող երկու պատասխաններ։ Իրաւացի պատասխանը արդէն շատ յստակ է։ Բայց կայ նաեւ խաբկանքին ապաւինողներուն միամիտ պատասխանը։ «Ո՛չ» պիտի ըսեն անոնք։ «Ո՛չ, մեր երկրին մէջ նման բան չի պատահիր»։

Իսկ ինչքանով կարելի է մեղադրել այս միամիտ պատասխանին դիմողներուն։ Պէտք է հասկնալ որ նախ եւ առաջ սարսափն ու վախն է որ զիրենք այսպէս անփոյթ կը դարձնեն։ Յետոյ կայ ամբողջ երկիրը սուտի ու խաբկանքի մատնող հսկայ քարոզչամեքենան։ Թուրքիոյ գրաւոր ու տեսլական մամուլը, օրաթերթերը եւ հեռուստակայանները կը փորձեն արար աշխարհի տեսածը շրջելու։ Անշուշտ որ եթէ կարելի ըլլայ նախագահ Էրտողան պիտի փորձէ Նիւ Եորք Թայմզ կամ Ուաշինկթըն Փօստ թերթերն ալ կարգի բերելու։ Թէեւ սա պահուս կարելի չէ, բայց Թուրքիոյ պետական մտածելակերպով ամէն ինչ գին մը, ամէն ինչ փոխարժէք մը ունի։ Կաշառքով կամ սպառնալիքով կարելի է ապացուցել թէ իրաւունքը զօրաւորին է։

Իսկ անդին կայ «Արշաւիր Ուալ Սթրիթը» կարգախօսով ներկայացող եւ «մենք 99 տոկոս ենք» յայտարարող կշիռքի միւս նժարը։

Եթէ շատեր կը շփոթին ու կասկածով կը մօտենան Եւրոպայի մէջ լոյս տեսնող եւ մեծ ընդունելութիւն գտած կնոջական «Էլլէ» պարբերականի հրատարակութեան տնօրէն Վալէրի Թորանեանի ԻՊ-ի դէմ պատերազմող քիւրտ կանանց ուղղեալ խօսքերուն։ «Սուրիոյ Իրաքի սահմանին վրայ գտնուող Ժողովուրդի Ինքնապաշտպանման Միաւորումներու 40 տոկոսը կիները կը կազմեն։ Այս զինեալ կիները ճիհատականներու դէմ պայքարի մէջ լոկ զինուորական գոյութիւն մը չեն, անոնք յետպատերազմեան շրջանին ալ իրենց իրաւունքները ապահովելու ուղղեալ օրինականութիւն մը կը զարգացնեն։ Գոնէ այդ յոյսը կը գոյացնեն։ Նախագահ Օպամա եւ Հոլանտ սատարելու են Իրաքեան դիմադրութեան, բայց Սուրիականին ալ։ Անոնք արժանի են ժողովրդավարականներու կրկնակի օժանդակութեան։ Քանզի անոնք բարբարոսութեան դէմ հերոսաբար կը պայքարին։ Քանզի անոնք կիներու պատմութեան մէջ ցարդ չարձանագրուածին համար գլուխ կը ցցեն։ Եւ համաշխարհային ազատատենչ պայքարը ահա հիմա կը ծագի։ Համայն աշխարհի պատւոյ խնդիրն է անոնք չմոռնալ։ Երբեք պիտի չդադրի կիներու երթը»։

Վալէրի Թորանեանի այս տողերով աւարտած խմբագրականին տակ կ՚աւելցնէ 13 տարուայ ծառայութենէ ետք «Էլլէ» պարբերականէն հրաժարումը։

Մեզ համար մեծ ուրախութիւն է հանրային հեռուստաեթերով տեսնել Երեւանի փողոցներու վրայ Շէնկալի Զօրակցութեան համար աշխատող հայ երիտասարդութիւնը։ Ինչ լաւ է որ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ կը հաստատեն «ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդը չի կրնար անտեսել այլ ցեղասպանութիւնները» համոզումը։