Մաղթանք՝ Երանի անոնք ալ մեղանչեն

Գերմանիոյ մէջ ամէն 9 Նոյեմբերին կը յիշուի Բիւրեղեայ Գիշերը։ Այդ թուականը կը խորհրդանշէ 9 Նոյեմբեր 1938-ին գերման նացիներուն հրեաներու տուներուն, գործատեղիներու եւ սրբավայրերուն հանդէպ ոճրային յարձակումը։ Ամէն տարի սոյն թուականին գերմանացի քաղաքական գործիչներ կ՚այցելեն իրենց քաղաքի հրեայ համայնքները եւ «անգամ մը եւս՝ երբե՛ք» նշանաբանով կը յայտնեն այդ արարքի հանդէպ իրենց ցասումը։

ԱԼՖՐԱՆԹ ՄԱՍԻՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
alfrant@hotmail.com

Որպէս Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքի բնակիչ, միշտ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերած եմ քաղաքիս կարգ մը մայթերուն վրայ տեղադրուած պրոնզեայ յուշագրութիւններուն։ Անուններ եւ ծննդեան թուականներ նշուած են այդ յուշաքարերուն վրայ։ Իսկ մահուան թուականները գրեթէ նոյնն են, բոլորն ալ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն հրեաներու ցեղասպանութեան զոհուած են։

Գերմանիոյ մէջ ամէն 9 Նոյեմբերին կը յիշուի Բիւրեղեայ Գիշերը։ Այդ թուականը կը խորհրդանշէ 9 Նոյեմբեր 1938-ին գերման նացիներուն հրեաներու տուներուն, գործատեղիներու եւ սրբավայրերուն հանդէպ ոճրային յարձակումը։ Ամէն տարի սոյն թուականին գերմանացի քաղաքական գործիչներ կ՚այցելեն իրենց քաղաքի հրեայ համայնքները եւ «անգամ մը եւս՝ երբե՛ք» նշանաբանով կը յայտնեն այդ արարքի հանդէպ իրենց ցասումը։

Դեռ շաբաթ մը առաջ, Միւնիխ քաղաքի մէջ ոստիկանութիւնը խուզարկեց 80-ամեայ քաղաքացիի մը բնակարանը, ուրկէ յայտնաբերուեցան 1500 իւղաներկ պաստառներ, ներառեալ Փիքասոյի կարգ մը գործերը։ Այսօրուայ արժէքով 1,2 միլիառ Եւրօ գնահատուած այդ նկարները թալանուած էին այսօրուայ տիրոջ հօրը կողմէ, որ կէսթափոյի գործակալ մըն էր։ Այժմ իշխանութիւնները որոշած են այս գտածոները վերադարձնել իրենց նախկին տէրերուն, կամ աւելի ճիշդ անոնց օրինական ժառանգորդներուն։ Իսկ եթէ կարելի չըլլայ այդ ժառանգորդները յայտնաբերել, այն ատեն ալ հարստութիւնը պիտի փոխանցուի «Հոլոքոստէ Տուժածներու միութեան»։

Այս լուրը կարդալով յիշեցի որ Գերմանիոյ Կեդրոնական Դրամատունը իր մօտ հաշիւ ունեցող եւ թունաւոր կազերով սպաննուած հրեաներուն համար վճարած էր 4 միլիառ Եւրօ։ Նոյնքան հատուցում ալ վճարած էր «Ալիանս» ապահովագրութեան ընկերութիւնը։ Գերմանական Երկաթուղիի ընկերութիւնը անասուններու յատուկ վակօններու մէջ 6 միլիոն հրեաներ դէպի մահ փոխադրած է եւ այդ փոխադրութեան համար ալ գումար ստանալուն պատճառաւ 1,5 միլիառ Եւրօ հատուցեց հրեայ հաստատութիւններուն։

Կարելի է այս տեսակի հատուցման օրինակները բազմացնել։ Օրինակի համար իմ խանութիս գտնուած փողոցին վրայ 1869-ին կառուցուեր է «Ալիանս Իսրայէլ» հաստատութեան հրէական հիւանդանոցը։ Բ. Աշխարհամարտէն ետք երբ դաշնակից պետութիւնները երկիրը բաժնեցին իրարու միջեւ, Քէօլնը Պէլժիացիներու բաժին ինկաւ։ Պէլժական բանակն ալ հրեաներու հիւանդանոցը վերածեց զինուորական հիւանդանոցի եւ շահագործեց մինչեւ 1995։ 1997-ին Քէօլնի քաղաքապետութիւնը, թէ շէնքի սեփականութիւնը վերադարձուց հրեայ համայնքին, եւ թէ ամբողջ շէնքը վերանորոգելով վերածեց ծերանոցի, նախակրթարանի եւ աղօթատեղիի։

Նախքան նացիներու իշխանութեան գլուխ գալը մեր քաղաքի մէջ հինգ սինակոկներ, չորս գերեզմանատուն, երեք դպրոց եւ հիւանդանոց մը ունեցող 5.000 հրեաներ կ՚ապրէին։ Յետ պատերազմեան շրջանին բնակչութիւնը նուազեցաւ մինչեւ 500։ Իսկ Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք եկող նոր գաղթականներով անոնց թիւը բարձրացաւ 3.500-ի։

Նշեմ որ նման դաժանութեան ենթարկուած են քաղաքի գնչուները, որոնց համար եւս յուշագրութիւններու կը հանդիպիմ մայթերու վրայ։

Այս բոլորը Գերմանական պետութեան անցեալին գործած մարդկութեան դէմ յանցագործութեան հետ առերեսուելու տարբեր երեւոյթներ էին։

Իսկ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակէ իր յանցագործութիւնն ու այդ յանցագործութեան զոհերը ուրանալու։ Այդ ուրացումը արդարացնելու համար ալ չի վարանիր կամայական պատմութիւն մը հնարելու։

Հանս Լուքաս Քիզէր իր «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Հոլոքոստը» գիրքին մէջ շատ շահեկան օրինակներ կը թուէ գերմանացիներու եւ թուրքերու իրարու գիտելիքներէն օգտուելուն մասին։ Հասարակ օրինակ մը ներկայացնեմ։ 1915 թուին Գերմանիոյ Էրզրումի հիւպատոս՝ Շիւպէր Ֆօն Ռիհթէր, Պեռլին ուղղարկած տեղեկագիրներէն մէկուն մէջ կը պատմէ թէ թուրքերը ինչպէս հայերուն բաղնիք մը կը լեցնեն ու ապա վառած փայտերու ծուխով կը թունաւորեն։ Նոյն Ռիհթէրը այս փորձէն օգտուելով Գերմանիոյ մէջ գիւտը կ՚ընէ «Զիքլոն Պ» թունաւոր կազի դեղահատիկներուն, որոնք պիտի գործածուէին զանգուածային սպանդներու համար։

Մաղթենք որ չարագործութեան ժամանակ իրարմէ շատ բան սովորող թուրքերը եւ գերմանացիները մեղանչման ժամանակ ալ իրարու փորձերէն օգտուին։

1-2 Քէօլն քաղաքի փլցուած հինգ սինակոկներէն մին եւ անոր տեղ կառուցուած շէնքին վրայի յուշատախտակը

3 Մայթերուն վրայ տեղադրուած պրոնզեայ յուշագրութիւններ