VAHAKN KEŞİŞYAN

Vahakn Keşişyan

Վիտէօ մը կը բացայայտէ խորունկ վիհերը

Երբ մտնէք հասարակական ցանցերու հայկական էջերը, ուր կը քննարկուին Սուրիական պատերազմի անցուդարձը, պիտի նկատէք որ շատ խօսք չկայ անոր մասին թէ ինչպէս պէտք կազմակերպուիլ որ դիմագրաւել դժուարութիւնները: Aleppo Armenians ֆէյսպուքի խումբին մէջ, պիտի տեսնէք որ 300-ի հասնող մեկնաբանութիւնները կը վերաբերին համացանցի վրայ քանի մը օր առաջ տեղադրուած վիտէօի մը:

Վիտէօն Կիլիկեան Վարժարանին մասին է, որ հիմնադրուած հալէպահայերու կողմէ Երեւանի մէջ: Լուրը յատկապէս կը քննադատէ այն երեւոյթը որ վարժարանին մէջ որդեգրուած կրթական ծրագիրը Սուրիական պետական ծրագիրն է, գրեթէ իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Վիտէօին մէջ կը նշուի թէ վարժարանը հետամուտ չէ աշակերտներուն Հայոց Պատմութեան ուսուցմամբ, եւ հարց կը բարձրացնէ որ եթէ այսպէս շարունակուի այս երեխաները պիտի չգիտնան նոյնիսկ Վարդան Մամիկոնեանին ով ըլլալը:

Ինչպէս որ վիտէյօին մէջ կը նշուի, լուրը, պատրաստուած է slaq.am կայքի լրագրողներ Մարգարիտա Յովհաննիսեանի եւ Արման Գրիքորեանի կողմէ: Պէտք է նշել որ Յովհաննիսեանի առաջին լուրը չէ այս Հալէպահայերուն մասին, եւ արդեն զինք ճանչցողներ կրնան վկայել որ մօտէն կը հետեւի սփիւռքի լուրերուն: Իսկ լուրի youtube-ի կապը տարածողը բոլոր հայկական խումբերուն մէջ Ճորճ Թապաքեանն է, Լիբանանահայ երիտասարդ գործարար մը, տարիներ աշխատած ու ապրած Արաբական Էմիրութիւններու մէջ, եւ այժմ ներգաղթած Հայաստան: Թապաքեան հիմնադիրներէն մէկն է հասարակական կազմակերպութեան մը որ կը միտի դիւրացնել հայերուն ներգաղթը դէպի Հայաստան եւ այնտեղ նպաստաւոր պայմանները ստեղծել ներգաղթողներուն համար:

Վիտէօն կը բացայայտէ շատ խորունկ վիհեր մեր հանրային հաւաքական համոզումներուն վերաբերեալ: Զարմանալի չէ որ Սուրիական պատերազմը իր ծալքերով համաշխարհային մակարդակի ցնցումներ կը յառաջացնէ, եւ Հալէպահայ գաղութին միջոցաւ ցնցումներ կը յառաջացնէ հայկական իրականութեան մէջ եւս: Հալէպահայ գաղութի վրայէն այսօր կը քննարկուին հայ-թուրք եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները: Բայց կայ նաեւ այն ինչ չի հետաքրքրէր ոչ Թուրքիոյ եւ ոչ ալ Հայաստանի, այլ ներքին Սփիւռքեան հարց մըն է:

Երկու գլխաւոր նիւթի շուրջ կը դառնան վէճերը: Մէկը այն է թէ հայերը սուրիական վարչակարգին կողմնակից են թէ յեղափոխութեան սատարող: Եւ եթէ այս դպրոցը, իր ծրագիրը հիմնաւորած է սուրիական այս վարչակարգին հաստատած սկզբունքին վրայ, եւ նախագահին նկարները կը փակցուին դպրոցին մէջ, ուրեմն հայերը յեղափոխութեան դէմ են: Եւ երկրորդ, հայերը պէ՞տք է կառջած մնան իրենց ծննդավայր սփիւռքեան գաղութին, թէ առաջին առիթով իսկ մերուին Հայաստանի Հանրապետութեան համակարգին մէջ, եւ ամբողջովին մոռնան իրենց նախկին գաղութը: Այս դպրոցը փաստ մըն է որ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, խումբ մը գաղութակիցներ քով քովի եկած են, անձնական եւ կամ հաւաքական շահերու վրայ հիմնուելով ձեւ մը գտած են շարունակականութիւն ապահովելու նախկին գաղութին: Նոյնիսկ Երեւանի մէջ, Սփիւռքը կը մնայ Սփիւռք:

Եւ սակայն աւելի խորունկ վիհ մը եւս գոյութիւն ունի որը պէտք է բացայայտել, որքան շուտ այնքան լաւ: Իսկապէս հայերուն բուն վէճը սուրիական պատերազմի կողմերուն մասի՞ն է: Օրինակ Տիր Դասագիրքը կ'երեւի վիտէօին մէջ: Նոյն դասագիրքը որ տարիներ շարունակ նկատուած է որպէս հայկականութեան գոյատեւման փաստ, այսօր, այս վիտէօին մէջ ամօթանքով ցոյց կը տրուի, ու կը խորհրդանշէ հայկականութեան պակաս:

Իրականութեան մէջ հարցը պետականապաշտ ըլլալուն մէջն է: Անհանդուրժողականութիւնն է փոքրամասնութեան մը նկատմամբ, որ կը կարծեր թէ գոնէ Հայաստանի մէջ պիտի ապահով ըլլար, եւ իր հաստատութիւնները չխոշտանգուէին պետականապաշտ գաղափարախօսութեան եթէ ոչ պաշտօնական ապա անպաշտօն ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Գաւ լիցի, Սլաքը որպէս լրատուամիջոց ամէն իրաւունք ունի ազատ խօսքի, Յովհաննիսեանը իրեն կամ հանրութեան յուզող բոլոր հարցերը կրնայ քննարկել եւ լուր պատրաստել, եւ Թապաքեանը իր ուզած կազմակերպութիւնը կրնայ հիմնել ու անոր քարոզչութիւնը տանիլ:

Բայց ոչ ոք կրնայ փոքրամասնութեան մը մշակութային իրաւունքը խլել, այն ալ փախստական փոքրամասնութեանը մը, որ Հայաստանի մէջ հաստատուելու թերեւս միտք անգամ չունի, եւ պարզապէս մտահոգուած է իր զաւակներուն ուսումնական տարի չկորսնցնելով:

Հայրենասիրութեան լոզունգին տակ մարդոց տարբեր ըլլալու ու տարբերուելու իրաւունքը ոտնակոխելը նոյնքան մեծ ոճիր է, որքան որ մեծ է ցեղասպանութիւնը - Այս ալ Վիտէօին Վարդան Մամիկոնեանի վերջաբանին համազօր վերջաբան: