Թուային թերթ/Արխիւ
Վաճառողներ
Հաղորդակցութիւն
Բաժանորդագրուէ
Մուտք՝ անդամներու
Tr
Eng
Որոնել
Հայ հասարակութիւն
Գրողներ
Book/ԳԻՐՔ
Հրանդ Տինք
Օրակարգ Ակօսի
Թուրքիա
Հայաստան
Աշխարհ
Դէմքեր/Պատմութիւններ
Մարդկային իրաւունքներ
Ժամանակին
Արուեստ & Մշակոյթ
Կենցաղ
Որոնել
☰
☰
Հայ հասարակութիւն
Բանաստեղծ Տօքթ. Իգնա Սարըասլան մահացաւ
Պոլսահայ նորագոյն գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչներէն, բանաստեղծ եւ վիրաբոյժ Տօքթ. Իգնա Սարըասլանը 14 փետրուար, այսօր մահացած է: Ան 81 տարեկան էր:
14 Փետրուար 2026
Պոլիս նոր նախաձեռնութիւն՝
«Յոյս» պաշտօնապէս կեանքի կոչուած
Յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու, պատանիներու եւ չափահասներու աջակցելու միտումով հիմնուած «Յոյս» Միութիւնը 6 Փետրուար ուրբաթ օր պաշտօնապէս կատարեց իր բացումը։
13 Փետրուար 2026
Յիշատակում՝ Էրոլ Պաքըրճըօղլուի
Էրոլ Պաքըրճըօղլու մահուան Բ. Տարելիցի առթիւ յիշատակուեցաւ իր բնակած Իզմիր քաղաքի մէջ։ Յիշատակման առանցքը կազմեց կողակցին ջանքերով հրատարակուած հատորի ծանօթացումը։
13 Փետրուար 2026
Սահակ Բ. Պատրիարք
Նոր նախարարներուն շնորհաւորութիւն
Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 11 Փետրուար 2026, Չորեքշաբթի, շնորհաւորական նամակներ յղեց Արդարութեան Նախարար Աքըն Կիւրլէքին եւ Ներքին Գործոց Նախարար Մուսթաֆա Չիֆթչիին ու շնորհաւորեց զանոնք:
12 Փետրուար 2026
Տիգրիս Թաշքըրան Յիշատակուեցաւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի Մէջ
10 Փետրուար 2026 Երեքշաբթի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիր մը՝ ի յիշատակ վարժարանի վաստակաշատ ուսուցիչներէն Տիգրիս Թաշքըրանի մահուան քառասնից լրման առթիւ։
12 Փետրուար 2026
Սա առջի Բարեկենդանն է
Երկհատուածանի տօն է Բարեկենդանը։ Ունի սկիզբ, որ կը նախորդէ Վարդանանցին եւ ապա կը հասնի Բուն Բարեկենդանը, որուն պիտի յաջորդէ եօթշաբաթեայ զրկանքներու շրջանը, մինչեւ հասնինք Սուրբ Զատկի տաղաւարին։
12 Փետրուար 2026
Օրակարգի նիւթն էր «Արաս»ի հայերէն հունձքը
Սոյն տարուայ Յունուար ամսուն վերջին օրն է։ Խումբ մը գրասէրներ մէկտեղուած են «Արաս»ի խմբագրատան մէջ։ Հրատարակչական անձնակազմէն խմբագիր Պեթիւլ Պաքըրճը հակիրճ կերպով նկարագրեց մէկտեղման միտք բանին։ «Կ՚ուզենք հակիրճ կերպով ներկայացնել նախորդ տարուայ ընթացքին մեր կողմէ հրատարակուած հայերէն գիրքերը»։
6 Փետրուար 2026
Մոռցուած դիմադրութիւն
Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Յունաստանի մէջ նացիական գրաւումին դէմ մարտնչած հայեր
5 Փետրուար 2026
Vahé Tachjian
Լեւոն Արք. Զէքիեան՝ «Սուրբ Մարկոսի Մեծ Դպրանոց»ի Պատուոյ անդամ
31 Յունուար Շաբաթ երեկոյեան, հանդիսաւոր արարողութեամբ մը՝ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին շնորհուեցաւ «Սուրբ Մարկոսի Մեծ Դպրանոց»ի Պատուոյ անդամի տիտղոսը։ Տիտղոսը ընծայեց Դպրանոցի Աւագ Հսկիչը՝ Դոկտ. Մարիոյ Փոյ։
4 Փետրուար 2026
Պոլիս ունի նոր քոյրի մը՝ Քոյր Հռիփսիմէ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը, 28 Յունուար 2026, Չորեքշաբթի, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ արարողութեանց հանդիսապետեց եւ կատարեց նոր քոյրի մը քօղի տուուչութիւնը:
31 Յունուար 2026
Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը կը շարունակուի
«Կ՛ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդին, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքով Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը նոյն ընթացքով կը շարունակուի:»
29 Յունուար 2026
դատավարութիւնը աւարտեցաւ ի վնաս թաղականութեան
Կարծես քիչ էին մեր հոգերը
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ գործատէր Նորայր Իշլերի միջեւ շարունակուող դատավարութիւնը անգամ մը եւս աւարտեցաւ ի վնաս թաղականութեան։ Վերջին որոշումը կայացնողը Վճռաբեկ Ատեանի երրորդ իրաւական բաժինն էր, որ դատական թղթածրարը քննարկելէ ետք վերահաստատեց առաջին աստիճանի դատարաններու վճիռները։
29 Յունուար 2026
2025՝ 527 յուղարկաւորութիւն եւ 185 մկրտութիւն
Վիճակագրութեան լոյսին տակ
2025 թուականին կատարուած են 183 մկրտութիւններ եւ 527 յուղարկաւորութիւններ։ Նոյն տարեշրջանին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կամարներուն տակ կատարուած պսակադրութիւններն ալ 85 ըլլալով ճշդուեցան։
29 Յունուար 2026
«CALFA»-էն նոր ծրագիր
Փարիզի հայ սփիւռքի ժառանգութիւնը կը վերածուի թուային քարտէզի
Փարիզի սրտին մէջ գտնուող Սամուէլեան գրատան մամուլի արխիւները, որոնք հայ մշակութային ժառանգութեան կենսական յուշարձաններէն են, արհեստական բանականութեան (AI) միջոցաւ կը վերածուին թուային քարտէզսի։ «Calfa»-ն եւ իր գործընկերները թեւակոխած են նոր փուլ մը՝ բացայայտելու 20-րդ դարու Փարիզի հայկական խանութները, միութիւններն ու ընկերային կեանքը։
26 Յունուար 2026
Այց՝ Յունաց Տիեզերական Պատրիարք Հօր
Հրանդ Տինք Վարժարանի աշակերտները Գնալը կղզիի հոգեւոր առաջնորդ Հայր Յարութիւն Տամատեանի, ճամբարի տնօրէն փրոֆէօսոր Տիամանտի Քումվոփոլոսի, հոգաբարձուներ՝ Դալար եւ Արթօ Հորոզողլուներու, ուսուցիչներու ուղեկցութեամբ այցելեցին Յունաց Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսին ՝իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու Գնալը կղզիի մէջ գտնվող Յունաց Վանքի ամառային ճամբարին հիւրընկալուելու համար։
26 Յունուար 2026
կեանքէն հրաժեշտ առաւ
Մահ՝ Արմէն Արոյեանի
Հարաւային Գալիֆորնիոյ Համալսարանի հայագիտութեան բաժնի դասախօսներէն Արմէն Արոյեան կեանքէն հրաժեշտ առաւ 13 Յունուարին Լոս Անճէլըսի մէջ։
22 Յունուար 2026
Հրանդ Տինք սպանութեան 19-րդ տարելիցին յիշատակուեցաւ
"Բայց ան չհրաժարեցաւ իր հաւատացած ճամբէն։ Չհեռացաւ երկրէն…"
"Ինծի համար շատ կարեւոր յատկանիշներէն մէկն ալ կիներու պայքարի հանդէպ գերզգայնութիւնն է։ «Ակօս»ի մէջ ալ յաջողեցաւ կիներու գերակայութիւնը ապահովող կառոյց մը գոյացնելու։ Թղթակիցէն խոհարար, հաշուապահէն խմբագրապետ, կրաֆիքէն սիւնակագիր բազմաթիւ կիներ իրենց վաստակով յատուկ երանգ տուին թէ՛ աշխատանքի միջավայրին եւ թէ հրատարակութեան։ Ներառեալ ես «Ակօս»ը մեզմէ շատերուն կեանքին ուղղութիւն տուաւ։ Մեզմէ ոմանց համար աշխատանքի կեանքի մէկ հանգրուանը, ոմանց համար ալ տուն դարձաւ։"
19 Յունուար 2026
Ֆորում՝ հայրենակցական միութիւններու նշանակութեան մասին
Վաքըֆգիւղի Հայրենակցական միութիւնը իր հիմնադրութեան 25-ամեակը նշեց ասուլիսով մը։ Ֆորումի ձեւաչափով կայացող միջոցառումը տեղի ունեցաւ Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ յարակից Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ 9 Յունուար, ուրբաթ երեկոյ։
16 Յունուար 2026
Pakrat Estukyan
Գիտաժողով՝ Համայնքային հիմնարկներու իրաւունքներու մասին
10 Յունուար 2026
2026-ի «Եկեղեցական Օրացոյց»
Լոյս տեսաւ Պատրիարքական Աթոռի օրացոյցը
«Եկեղեցական օրացոյց»ը կը պարունակէ եկեղեցական մեր բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։
10 Յունուար 2026
Բաժանորդագրուէ՛
Դուք կարող էք աջակցիլ «Ակօս»ին՝ բաժանորդագրուելով։ Բաժանորդագրուեցէք, նուիրէք կամ թողէք բաժանորդագրութիւն հետաձգուած։
Սիմոն Չեքեմ չի վհատիր
Այժմ հարցական է թէ Վաքըֆներու Շրջանային Տնօրէնութիւնը այս որոշումին դիմաց պիտի երթա՞յ Վճռաբեկ Ատեան թէ ոչ պիտի գործադրէ դատարանի որոշումը։
10 Յունուար 2026
Սփիւռքի անփառունակ վիճակը եւ երիտասարդութիւնը
Յաճախ կը լսէինք. «Դուք տակաւին երեխայ էք (չոճուխ), ձեր խելքը չի հասնիր այս բաներուն…» եւ նման պապայական կամ տէտէական արտայայտութիւններ։
9 Յունուար 2026
Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Մաշալեանի
Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը նամակով մըշնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։
9 Յունուար 2026
«Կը սկսինք եթէ պատրաստ էք։»
«Հանդիպում» փառատօնի երկրորդը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 2026-ին
Անցեալ տարի, Արեւմտահայերէնի շուրջ համերգներով, աշխատանոցներով ու պտոյտներով կատարուած «Հանդիպում» փառատօնը այս տարի ալ տեղի պիտի ունենայ միութեան երդիկին տակ եւ այլ տեղեր քաղաքին մէջ։
9 Յունուար 2026
Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններ Իսկենտէրունի, Վաքըֆգիւղի եւ Իզմիրի մէջ
Ճրագալոյցին՝ 5 Յունուար 2026, Երկուշաբթի երեկոյեան, Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանցեկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ եւ Գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. ԱւետիսՔհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագով։
9 Յունուար 2026
Համատարած աղքատութիւն եւ ազգային տուրք
Երկրի մատնուած տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն տակ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը 1 Յունուար թուականէն սկսեալ այդ ծիսակատարութեան համար պահանջուած գումարը յաւելեց յիսուն տոկոսով։
8 Յունուար 2026
Հալէպի մէջ պայթում
Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու մէջ վնասներ արձանագրուած են
Հալէպի ռազմական գործողութիւններու գրասենեակը այսօր, մինչեւ ժամը 13։00 առիթ տուաւ Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի բնակչութեան դուրս գալու իրենց շրջաններէն, ապահովական նկատառումներով։
8 Յունուար 2026
Հայրենակցական միութիւնները լուսարձակի տակ
Մուսա լերան Վաքըֆգիւղի հայրենակցական միութիւնը այս տարի կը նշէ հիմնարկութեան 30-ամեակը։ Սոյն տարեդարձի ծիրէն ներս միութեան վարչութիւնը նախաձեռնած է ասուլիս մը, որ պիտի կայանայ 9 Յունուար ուրբաթ երեկոյ Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ։
31 Դեկտեմբեր 2025
Կերմուշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ վերաբերեալ գրաւոր հարցում
ՏԵՄ Կուսակցութեան Ուրֆայի պատգամաւոր Էօմէր Էօճալան, Ուրֆայի Հալիլիէ գաւառի Կերմուշ (Սուրբ Աստուածածին – Մարիամ Մայր) Եկեղեցւոյ աւերումին վերաբերեալ, Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Մեհմէթ Նուրի Էրսոյէն պատասխան խնդրելով՝ Թուրքիոյ Ազգային Ժողովին գրաւոր հարցման առաջարկ ներկայացուցած է։
31 Դեկտեմբեր 2025
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ
Թող յագենայ բարիի պապակը
Կասկած չկայ որ երկրագունդի արեգակի շուրջ դարձի մեկնակէտը համարուեցաւ այդ ծնունդի հետ կապուած։ Միանգամ ընդմիշտ անցեալի վերագրուեցան ցարդ գործածուող բոլոր օրացոյցային տոմարները։
31 Դեկտեմբեր 2025
Պատրիարք Մաշալեանի Ս. Ծննդեան պատգամը
Ոստի մենք ալ հոս ենք՝ պատրաստ դիմակալելու 2026-ի բոլոր անակնկալները
Բայց ինչո՞ւ է որ այս Տօնին «Սուրբ Էջմիածինը» կը յիշենք խոր տխրութեամբ եւ շփոթախառն զգացումներով շուարած: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր ազգընտիր եւ օծեալ Վեհափառին ուղղեալ յարձակումները մինչեւ ո՞ւր պիտի հասնին: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս Սուրբ Էջմիածինը շրջապատող քաղաքական մշուշը պիտի վերնայ եւ վերստին պայծառապէս պիտի ներշնչէ մեր ազգը որպէս հզօրագոյն խորհրդանիշը՝ միութեան եւ Բեթղեհէմեան սրբութեան:
31 Դեկտեմբեր 2025
Պոլիս լոյս կը տեսնէ նոր պարբերական մը՝ «Հարկաւ»
Պարբերականը կը բովանդակէ պատմուածքներ, տարբեր գրութիւններ, գոլաժներ, մէջբերումներ, գծագրութիւններ, աշխատանոցներու շնորհիւ ստեղծուած արտադրանքներ, կտրօններ, մտածումներ, լուսանկարներ եւ այլ տեսակ-տեսակ համադրումներ։
30 Դեկտեմբեր 2025
1
2
3
4
5
6
Tr
Eng
Որոնել
Օրակարգ Ակօսի
Թուրքիա
Հայաստան
Աշխարհ
Դէմքեր/Պատմութիւններ
Մարդկային իրաւունքներ
Ժամանակին
Արուեստ & Մշակոյթ
Կենցաղ
Հայ հասարակութիւն
Գրողներ
Նկարիչներ
Hrant Dink
Թուային թերթ/Արխիւ
Վաճառողներ
Book/ԳԻՐՔ
Հաղորդակցութիւն
Բաժանորդագրուէ
Մուտք՝ անդամներու