Երկար ատենէ ի վեր կասկածելի դիրքի մատնուած Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը նոր ցնցում մը կ՚ապրի խորհուրդի երեք անդամներու հրաժարումով։
Երկար ատենէ ի վեր կասկածելի դիրքի մատնուած Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը նոր ցնցում մը կ՚ապրի խորհուրդի երեք անդամներու հրաժարումով։
Ինչպէս ծանօթ է, գործող թաղականութիւնը 22 Մարտ 2009-ին կայացող ընտրութիւններէ ետք սուր քննադատութիւններու ենթարկուած էր։ Ընտրութեան նախորդող շրջանին բազմաթիւ արգելքներ յարուցուած էր թեկնածութիւն առաջարկողներուն դիմաց։ Այդ պայմաններու տակ կատարուած ընտրութենէն «յաղթանակ»ով դուրս եկած էր Աբիկ Հայրապետեանի գլխաւորած ցանկը։ Սակայն ընդդիմադիրները դիմած էին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան, ներկայացնելով զեղծարարութեան մասին զանազան փաստեր։ Տնօրէնութիւնը այս դիմումէն ետք հրաժարած էր ընտրութիւնը վաւերացնելու, պահանջելով որ գործընթացը կրկնուի։ Այդ հանգրուանին թաղական խորհուրդը Իսթանպուլի Վարչական Ատեանի մէջ դատ բացաւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան դէմ։ Դատարանը մերժած էր թղթածրարը եւ նիւթը փոխանցուած էր Խորհրդակցական Ատեան։ Այս վերջինն ալ վճռեց որ նիւթը պէտք է քննարկուի Իրաւական Ատեանի մօտ։
Առայժմ անյայտ է թաղական խորհուրդի անդամներէն Պօղոս Եըլան, Արթօ Աքայ եւ Արէտ Աքփոլաթի հրաժարման դրդապատճառները։ Այս մասին Արթօ Աքայ «Ակօս»ի թղթակցին կը յայտնէ թէ յառաջիկայ օրերուն յայտարարութիւնով մը հանդէս պիտի գան հասարակութեան դիմաց։
Դատական գործընթացին միջամուխ եղած Ազիզ Տաղճը կը յայտնէ թէ օրինական չէ այժմու թաղականութիւնը եւ եթէ պէտք է խնդիրը պիտի տանի Սահմանադրական Ատեան։