Թուրքիոյ դիւանագիտական շրջանակները աւելի քան 60 տարիներէ ի վեր յամառ պայքար կը մղեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու համար։ Անցնող այս աւելի քան վեց տասնամեակներու ընթացքին Թուրքիոյ պետական ռազմավարութիւնը ապրեցաւ շրջադարձային լուրջ փոփոխութիւններ։
Առաջին հերթին պաշտօնապէս կը պնդուէր թէ ինչ որ պատահած է Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին, կարելի չէ պատասխանատւութիւն բեռցնել նորակազմ հանրապետութեան։ Այս տեսութիւնը համոզիչ չէր, քանի որ հանրապետութիւնը բնական ժառանգորդն էր կայսերական պետութեան։ Հանրապետութիւնը ստանձնած էր Օսմանեան Կայսրութեան թողած պարտքերը, որոնք մաս առ մաս վճարեց մինչեւ 1955 թուականը։
Ուրացման երկրորդ փուլն էր պատճառաբանել պատերազմական իրավիճակը։ Կ՚ըսէին թէ երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու համար արեւելեան շրջանի հայերը տեղահանուած եւ աքսորուած են դէպի հարաւային նահանգներ։ Եթէ այդ միջոցին պատահած են վայրագ սպանութիւններ, անոնք տեղի ունեցած են աւազակներու ձեռամբ, այլ ոչ թէ բանակայիններու։
Եկաւ շրջան մը, ուր այս անգամ խօսոյթը վերածուեցաւ փոխադարձ բախումներու։ «Հայերը ապստամբեցան եւ պետութիւնն ալ ճնշեց այդ ապստամբութիւնը»։ Բոլորն ալ իրաւացի հիմքերէ զուրկ պատրուակներ էին, որոնք երբեք լուրջի չէին առնուած միջազգային գետնի վրայ։ Սակայն խոստովանինք որ ներքին լսարանը դիւրաւ կուլ կու տար այդ սուտերը, որոնք շատ աւելի դիւրամարս էին բաղդատմամբ ցեղասպանի մեղադրանքին։
Այս տարի երբ կը յիշատակենք Մեծ Եղեռնի 111-ամեկը, թրքական քարոզչամեքենան բոլորովին կորսնցուցած է տրամաբանական գետնի վրայ ուրացման ծառայող խօսոյթ արտադրելու կարողութիւնը։
Անդին կը մնայ ամենակոպիտ եղանակով կրկնել արդէն իսկ ցնդած յանկերգը։ Արդարեւ «Մարմարա» համալսարանի մէջ խումբ մը ակադեմականներ նախակրթարանի մակարդակով հանդէս մը կազմակերպեցին, միասնաբար երդմնելու համար թէ հայոց ցեղասպանութեան պնդումները կայսերապաշտ սուտ մըն են։
Նման ծիծաղաշարժ ելոյթի մը բեմահարթակ դարձաւ Թուրքիոյ Խորհրդարանը, երբ ցեղապաշտ «ԻՅԻ» կուսակցութեան պատգամաւոր Թուրան Չէօմեզ կրկնեց նման բնոյթի կոչ մը, ըսելով թէ այս ելոյթը կ՚ունենայ պարզապէս Խորհրդարանի տոմարին մէջ նշուիլը ապահովելու համար։
Այս տեսակի ենթահողի մը վրայ իմաստազուրկ կը դառնայ նախագահ Էրտողանի հրապարակած ուղերձը եւս։ Արդէն այդ ուղերձը վերջին տարիներուն կարելի եղածին չափ անձայն ու անշշուկ կը հրապարակուի, կարծես լսելի դարձնելու համար միայն թրքահայ հասարակութիւնը, նոյնիսկ սոսկ Պատրիարքարանի միջավայրը։
Ներկայ դրութեան մէջ այս զարգացումներուն դէմ առարկելն ալ այդքան հեշտ չէ, քանի ի զօրու է սուտ տեղեկութիւնը դիտումնաւոր կերպով հրապարակելու դէմ ծանր պատժամիջոցներ տնօրինող պատժական օրէնքի յօդուածը։
Իրողութեան խոստովանումը տակաւին երկար ճանապարհ է Թուրքիոյ մէջ։



