Սեբաստահայոց Հայրենակցական միութեան նոր հաւաքատեղիի հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ 13 Յունիս Շաբաթ օր։ Փանկալթի թաղի, Թիւրքպէյ փողոցի 40 թիւ շէնքի մէջ գտնուող նոր հաւաքատեղին միութեան անդամներուն հանգանակութեամբ առնուած էր անցեալ ամիսներուն։
Սեբաստահայոց Հայրենակցական միութեան նոր հաւաքատեղիի հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ 13 Յունիս Շաբաթ օր։ Փանկալթի թաղի, Թիւրքպէյ փողոցի 40 թիւ շէնքի մէջ գտնուող նոր հաւաքատեղին միութեան անդամներուն հանգանակութեամբ առնուած էր անցեալ ամիսներուն։ Սեբաստահայոց եւ բարեկամներու միութեան վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաք եւ վարչութեան միւս անդամները մտերիմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեցին բոլոր մասնակիցները։
Հաւաքատեղիի բացման առթիւ սարքուեցաւ նաեւ Զաքարիա Միլտանօղլուի տեղադրումով լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը։ Ինչպէս միութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաք ալ բարերարներուն ուղղեալ իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ պիտի նշէր, ցուցադրուած լուսանկարներու կարեւոր մէկ մասը ապահովուած էին միութեան երիտասարդ անդամներու ջանքերով։ Վերջապէս Զաքարիա Միլտանօղլու այդ հաւաքածոն վերածած էր Սեբաստիոյ հարիւր տարուայ պատմութեան վկայութեան։
Սեպուհ Քոչաք նման կազմակերպութիւններուն պոլսահայ ընկերային կեանքի վրայ ունենալիք դրական ազդեցութիւններուն մատնանշած իր ելոյթով շնորհակալութիւն յայտնեց հանգանակութեան գլխաւոր բարերարներ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Եթքին Պէրպէրօղլու, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ Զաքարիա Միլտանօղլուին։ Միջոցառման ներկայ գտնուեցան Ռաքէլ Տինք, Հայկ Ասլանեան, Ահմէտ Թուրան Ալքան, հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ Հիւսէյին Եըլտըրըմ, Գէորգ Ֆիքրի Չալըշ, Ճէմ Հալավուրթ, Մտքի Հարթակի անդամներէն Թադէոս Պէպէք, ՀայՃարի հիմնադիրներէն Նազար Պինաթլը եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։