«Ո՚չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները կրկին ոտքի ելած են։ Բողոքի ցոյցերու մասնակիցները դէմ ելլելով էլեկտրական ուժանիւթի թանկացման դէմ Սեպտեմբերի 1-ին փորձած են փակել Բաղրամեան պողոտայի՝ նախագահական նստավայրի հանդիպակաց հատուածը։
«Ո՚չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները կրկին ոտքի ելած են։ Բողոքի ցոյցերու մասնակիցները դէմ ելլելով էլեկտրական ուժանիւթի թանկացման դէմ Սեպտեմբերի 1-ին փորձած են փակել Բաղրամեան պողոտայի՝ նախագահական նստավայրի հանդիպակաց հատուածը։ Ոստիկանները, սակայն, ցոյցի մասնակիցները հեռացուցած են փողոցէն։ Ինչպէս յայտնում է www.tert.am-ը, հանրապետութեան հրապարակէն ոստիկանութեան կեդրոն բերման են ենթարկուած են 7 քաղաքացիներ, որոնք մի քանի ժամ յետոյ ազատ արձակուած են։ Ցուցարարները, որոնց թիւը մի քանի տասնեակի կը հասնի, Սերժ Սարգսեանէն պահանջած են կատարել էլեկտրական ուժանիւթի սակագնի վերանայման մասին իր խօստումները։ Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը ցուցարարներուն տեղեկացուցած է, որ նախագահ Սարգսեանը Լեռնային Ղարաբաղ է։
Բաղրամեանի վրայ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ։ Նախաձեռնութեան անդամները ոստիկաններէն կը պահանջէն, որ ազատ արձակուին բերման ենթարկուածները՝ գոչելով «ա-զա-տում»։ Մինչ սպասումը կը շարունակուի, անոնք կ՚երգեն ազգային-ազատագրական երգեր ու վանկարկէն՝ «արդարութիւնը թող յաղթանակէ»։
Ըստ hraparak.am-ի՝ «Ոչ թալանին» նախաձեռնութեան բերման ենթարկուած եւ ազատ արձակուած անդամները՝ Մաքսիմ Սարգսեանը, Արտուշ Չիբուխչեանը, եւ Վահրամ Պետրոսեանը նշած են, որ ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժանմունքը, ուր բերման էին ենթարկուած, կը հրաժարին բացատրութիւն տալէ եւ փաստաթուղթեր ստորագրելէ։ Վերջիններուս մօտ դէմքի ու մարմնի վրայ թեթեւ վնասուածքներ կան։
Նախաձեռնութեան անդամները կը պատրաստուին մինչեւ վերջ երթալ ու տէր կանգնիլ իրենց պահանջին. կ՚ստիպէն Սերժ Սարգսեանին էլեկտրական ուժանիւթի սակագնի վերանայման մասին իր խօստումները կատարել։