Նարեկացի երգչախումբը Պոլսոյ մէջ

Հայաստանի կարեւորագոյն երաժշտական կազմակերպութիւններէն Նարեկացի նուագախումբը կը պատրաստուի Եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ տեղի ունենալիք հիւրահամերգներու։ Արտեմ Խաչատուրի ղեկավարած խումբը իր անդրանիկ ելոյթը պիտի ունենայ Պոլսոյ մէջ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի Սանուց Միութեան եւ Աւետիքեան բառարանի համատեղ կազմակերպութեամբ։ 6 Սեպտեմբեր Հինգշաբթի երեկոյ Շիշլի, Քէնթ Մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայանալիք համերգէն ետք խումբը պիտի շարունակէ իր երթը դէպի Իտալիա, Ֆրանսա եւ Զուիցերիա։ 31 երաժիշտներէ բաղկացող խումբին երգացանկին մէջ տեղ կը գտնէ հայկական ժողովրդական երաժշտութեան ընտիր գործեր։ Այս եզակի համերգին տոմսերը ապահովելու համար կարելի է դիմել Ալիճան Փաքէրի՝ 0539 885 92 50 եւ Սեզար Աւետիքեանի՝ 0532 468 72 76 հեռախօսահամարներուն։