Ջերմ ընդունելութիւն Հարաւային Ամերիկայի մէջ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ

 

Ժողովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարա­կան Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր­ներ Էպ­րու Կիւ­նայ եւ Կա­րօ Փայ­լան ըն­դա­ռաջե­լով Ար­կենդի­նայի հայ­կա­կան կեդ­րո­նի հրա­ւէրին, այ­ցե­լեցին Հա­րաւա­յին Ամե­րիկա­յի շարք մը եր­կիրներ, ուր շփումներ ու­նե­ցան այդ եր­կիրնե­րու խորհրդա­րանա­կան­նե­րու, մամ­լոյ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու եւ հայ­կա­կան սփիւռքի գոր­ծիչնե­րու հետ։ Ու­ղե­ւորու­թեան առա­ջին կան­գառն էր Ու­րուկո­ւէյի մայ­րա­քաղաք Մոն­թե­վիտէօ։ Այստեղ անոնք զա­նազան հան­դի­պումներ ու­նե­ցան երկրի քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րուն հետ եւ կարծիքներ փո­խան­ցե­ցին եր­կու եր­կիրնե­րու քա­ղաքա­կան կեան­քը յու­զող բազ­մաբնոյթ խնդիր­նե­րու շուրջ։

Թուրքիայէն եկած պատ­գա­մաւոր­նե­րու առու­մով հե­տաքրքրա­կան հան­դի­պում մըն էր Ու­րուկու­յի նախ­կին նա­խագահ Խո­զէ Մու­հի­քայի հետ ու­նե­ցած մտե­րիմ հան­դի­պու­մը։ Այս հան­դի­պու­մը կա­յացաւ Փե­փէ անու­նով ծա­նօթ նա­խագա­հի բնա­կարա­նը ճիշդ ալ իրեն յա­տուկ ար­տա­կար­գօ­րէն մտե­րիմ մի­ջավայ­րի մէջ։ Պա­տուի­րակու­թիւնը մայ­րա­քաղա­քի Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի եկե­ղեց­ւոյ կի­րակ­նօ­րեայ պա­տարա­գին մաս­նակցե­լէ ետք տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ու­րուկո­ւէյի հա­յոց առաջ­նորդ Յա­կոբ Ար­քե­պիս­կո­պոս Քը­լըչեանի հետ։ Անոնք այ­ցե­լեցին տեղ­ւոյն Նու­պա­րեան եւ Ներ­սէ­սեան վար­ժա­րան­նե­րը, հան­դի­պումներ ու­նե­ցան աշա­կեր­տութեան հետ։ Հե­տաքրքրա­կան այ­ցե­լու­թիւն մըն էր նաեւ Մոն­թե­վիտէոյի մէջ այ­ցե­լել 20 կա­խաղան­նե­րու յի­շատա­կին ձօ­նուած Փա­րամա­զի հրա­պարա­կը։

Էպ­րու Կիւ­նայ եւ Կա­րօ Փայ­լան ապա ան­ցան Ար­կենդի­նա, ուր իբ­րեւ առա­ջին գործ այ­ցե­լեցին «Փլա­ցա Տէլ Մա­յօ»ի մայ­րե­րը։ Մաս­նակցե­ցան տեղ­ւոյն խորհրդա­րանի մէջ կա­յացող բա­նախօ­սու­թեան, ուր կը քննար­կո­ւէր Թուրքիոյ մէջ մար­դու իրա­ւունքնե­րու խնդի­րը, փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու, կի­ներու եւ բո­լոր տու­ժած խմբակ­նե­րու վե­րաբե­րեալ խնդիր­նե­րը։

Ափ­սոս որ այս խիստ շա­հեկան շրջա­գայու­թիւնը կի­սատ մնաց Թուրքիոյ մէջ ՀՏՓ-ի ցան­կե­րէն ընտրո­ւած քա­ղաքա­պետ­նե­րուն պաշ­տօ­նանկ ըլ­լա­լով։ Ար­դա­րեւ պատ­գա­մաւոր­նե­րը վե­րադար­ձան եր­կիր ջնջե­լով իրեն, դէ­պի Պրա­զիլ ու Չի­լի կա­տարե­լիք այ­ցե­լու­թիւննե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ