Մահ վիպագիր Ատալէթ Աղաօղլուի

Թրքերէն ար­դի գրա­կանու­թեան առա­ջատար անուննե­րէն Ատա­լէթ Աղաօղ­լու 14 Յու­լի­սին մա­հացաւ 90 տա­րեկա­նին. Աղաօղ­լու ծնած էր 1929-ին Ան­գա­րայի Նալ­լը­հան գա­ւառը. Ու­սա­նած էր Ան­գա­րայի Հա­մալ­սա­րանի գրա­կան բա­ժինը, Ֆրան­սա­կան լե­զուն եւ գրա­կանու­թիւնը բաժ­նին մէջ. Առա­ջին գրա­կան գոր­ծե­րը բա­նաս­տեղծու­թիւններ էին, որոնք հրա­տարա­կուե­ցան գրա­կան պար­բե­րական­նե­րու մէջ. Պաշ­տօ­նավա­րեց Թուրքիոյ ձայ­նասփիւ­ռի եւ հե­ռուստա­տեսու­թեան հաս­տա­տու­թեան (TRT) ուր գրի առաւ իր առա­ջին թատ­րերգու­թիւննե­րը ռա­տիոյի թատ­րո­նի ձե­ւաչա­փով. Նկա­տելով իր աշ­խա­տած հաս­տա­տու­թեան ան­կա­խու­թե­նէ հե­ռանա­լու եւ օրըս­տօ­րէ օրո­ւայ իշ­խա­նու­թեան փո­ղը դառ­նա­լու երե­ւոյ­թը, 1970-ին հրա­ժարե­ցաւ ռա­տիոյի բաժ­նի տնօ­րէնի պաշ­տօ­նէն, բո­լորո­վին ուղղո­ւեցաւ գրա­կանու­թեան. 1973-ին լոյս տե­սաւ առա­ջին վէ­պը՝ «Մա­հաբեր քու­նը». Յա­ջոր­դե­ցին «Հար­սա­նիքի գի­շեր մը» եւ այլ գոր­ծեր, որոնք մեծ յա­ջողու­թեան ար­ժա­նացան նո­ւաճե­լով զա­նազան գրա­կան մրցա­նակ­ներ.

Ատա­լէթ Աղաօղ­լու հիմ­նա­դիր­նե­րէն եղաւ Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան. Ազ­գայնա­կան­նե­րու հա­լածանքնե­րուն են­թարկո­ւած օրե­րուն Հրանդ Տին­քին զօ­րակ­ցող մտա­ւորա­կան­նե­րու շար­քին էր. Յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն առող­ջութեան խան­գա­րու­մի հե­տեւան­քով, երբ չէր կրնար «Ակօս»ին առ­ջեւ կազ­մա­կեր­պո­ւած յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռումնե­րուն ան­ձամբ ներ­կայ գտնո­ւիլ, իր սրտի խօս­քը կ՚ուղղար­կէր խմբագ­րա­տուն կամ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկին։ Այդ գրու­թիւննե­րը եւս կը ներ­կա­յաց­նէին գրա­կան մեծ ար­ժէք, ուր ամե­նահա­րազատ կեր­պով կը փո­խան­ցո­ւէր իր կսկի­ծը Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան առ­թիւ։ Ատա­լէթ Աղաօղ­լու Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թե­նէն ետք ձեռ­նարկո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդրի առու­մով հայ ժո­ղովուրդէն նե­րողու­թիւն խնդրող ստորագրարշա­ւին առա­ջին մաս­նա­կից­նե­րէն էր։

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը եւ Հրան­դին Ըն­կերնե­րը Հար­թա­կը այս կո­րուստին առ­թիւ իրենց վշտակ­ցութիւ­նը յայտնե­ցին յա­տուկ հրա­պարա­կումնե­րով։ «Ակօս» եւս կը խո­նար­հի մեծ վի­պագի­րի եւ մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նի վաս­տա­կին ու յի­շատակին առջեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ