Կամքի յաղթանակը

7եւ 8 Մայիս թուականները պատմական օրեր ըլլալով յիշատակուեցան Ամիտայի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ օրագրութեան մէջ։ 2012-ի վերաբացումէն տասը տարի անց Միջին Արեւելքի մեծագոյն Հայ Առաքելական եկեղեցին երկրորդ նորոգութենէն ետք վերստին բացաւ իր դռները տեղացի հայութեան, իբրեւ սփոփանք։

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի երկու արքեպիսկոպոսներ Սահակ Բ. Պատրիարք եւ Արամ Աթէշեան։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսը ներկայացնելու համար քաղաքս ժամանած Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Յովնան Եպս. Յակոբեան, Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, քահանայ հայրեր, սարկաւագներ ու դպիրներ։

Ընդարձակ եկեղեցին ամբողջովին լեցուն էր այս պատմական պահը ապրելու փութացած ժողովուրդով։ Բազմերանգ պատկեր մը կը տիրեր տաճարին մէջ, քանի պոլսէն եկած ուխտաւորներու կողքին, բազմաթիւ սփիւռքահայեր, տեղացի ծպտեալ հայեր եւ պետական աւագանին պաշտպանելու համար դիրք բռնած թիկնապահներ կը լեցնէին տաճարը։

Ներկայ էին նաեւ քաղաքի ասորի եւ քաղդէացի համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները եւ Տիեզերական Պատրիարքի ներկայացուցիչ Վիկտոր վարդապետ։

Բացման առթիւ հովուապետական այցելութիւն մը կատարուեցաւ նաեւ Տէրիկի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։ Տիգրանակերտի մասին լուրերը կարդալ թերթիս յաջորդ էջերուն վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ