Ուսանողական «Կեդրոն»ը նոր շունչով

Ու­սա­նողա­կան նա­խաձեռ­նութիւն մըն էր «Կեդ­րոն»ը, որ ծա­գած էր Արատ Տին­քի եւ Հեր­ման Ար­թուչի Կեդ­րո­նակա­նի ու­սա­նողական տա­րինե­րուն։

Այդ տա­րինե­րու երաժշտա­կան աշ­խա­տու­թիւնը, որ շատ ան­գամ Արատ Տին­քի յօ­րինումնե­րու կա­տարումներն էին, տա­րիներ վերջ Ճան­սուն Քիւ­չիւքթիւրքի ալ մաս­նակցու­թեամբ վե­րածո­ւեցան ալ­պո­մի մը, որ վեր­ջերս լոյս տե­սաւ «Քա­լան» միւ­զի­քի պի­տակով։ «Չկայ» կո­չեալ ալ­պո­մի մէջ տեղ գտած եր­գե­րու, թէ յօ­րինումնե­րը եւ թէ խօս­քե­րը կը պատ­կա­նին Արատ Տին­քին։

Իրա­կանու­թեան մէջ «Կեդ­րոն»ի մաս կազ­մող եր­րորդ անուն մը եղած է Պա­րոյր Գու­յումճեան, որ ներ­կա­յիս ար­տերկիր տե­ղափո­խուե­լով չէ կրցած մաս­նակցիլ այս վեր­ջին աշ­խա­տութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ